Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/582

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մասին ո՛չ միայն չէ խօսուած Ամբողջական Հայաստանի Պատ.-թեան նիստին մէջ, այլեւ Ազգ. Պատուիրակութեան անդամներուն ալ Նախագահին կողմէ հաղորդուած է հեռագրուելէն վերջ:

Ուրիշ խնդիր մը, որ պատճառ դարձաւ այդ երկուութիւնը զօրացնելու, Ամերիկայի զինուորական առաքելութիւնն էր: Բայց ատոր անցնելէ առաջ կ՛ուզեմ յիշատակել նաեւ երկու Պատուիրակութեանց կողմէ Ամերիկա ղրկուած ներկայացուցիչներու հարցը: Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը, որ իր կառավարութենէն իրաւունք ստացած էր ներկայացուցիչներ կարգելու այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր պէտք կար, անցեալ տարի աշնան ատենները խորհեցաւ ներկայացուցիչ մը ղրկել նաեւ Ամերիկա, եւ /՞/ համերաշխութեան մտքով ընտրեց այն տեսակ անձ մը, որ միեւնոյն ատեն անդամ էր Ազգ. Պատուիրակութեան, որով կրնար Ամերիկայի մէջ ներկայացնել նաեւ Ազգ. Պատուիրակութիւնը: Բայց Ազգ. Պատուիրակութիւնը պէտք տեսաւ ուրիշ անձ մըն ալ ղրկելու, իբր թէ տրամադրելի շատ մարդ ունենայինք արդէն: Ասոր ալ հետեւանքը գիտենք, հարկ չկայ, որ ծանրանանք այս մասին եւ թուենք այն վնասները, որոնք առաջ եկան: Ասիկա չէր բաւեր, ղրկուեցաւ նաեւ Զինուորական Առաքելութիւն մը՝ բաղկացած Զօր. Բագրատունիէ եւ Զօր. Անդրանիկէ: Նկատի առնելով Առաքելութեան անդամներուն խառնուածքը, կարելի էր հասկնալ, թէ երբեք իրարու հետ համերաշխ չպիտի մնային եւ իր գործունէութիւնը Ամերիկայի մէջ, հակամարտ ուղղութիւն մը պիտի առնէր շուտով: Հակառակ անոր, որ այս պարագան յայտնի էր, միայն գործակցութեան կոչ մը ընելով բաւականացան եւ առաքելութիւնը ճամբու դրուեցաւ: Բայց հազիւ Ամերիկա ոտք կոխած էին՛ հակամարտութիւնն սկսաւ: Զօրավար Անդրանիկ ո՛չ միայն սկսաւ ինքնագլուխ գործել, այլ նոյնիսկ ո՛չ հաշիւ, ո՛չ ալ տեղեկութիւն տուաւ Ազգ. Պատուիրակութեան, այնպէս որ հիմա յայտնի չէ նոյնիսկ, թէ Զօրավարը Ազգ. Պատուիրակութեան ներկայացուցի՞չն է իրօք: Եթէ այո, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ բան մը չի գրեր, բան մը չըսեր, թէ ինչ կ՚ընէ այնտեղ:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Միեւնոյն լռութիւնը կը պահէ նաեւ Զօրավար Բագրաաունին:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Այսպիսով գրկուեցանք թէ՛ լաւ ոյժերէ, որոնցմէ կրնայինք այլապէս օգտոփլ, եւ թէ՛ անոնց ներկայութիւնը Ամերիկայի մէջ ո՛չ միայն օգտակար արդիւնք մը չունեցաւ, այլ, ընդհակառակը, վնասակար ալ դարձաւ:

Տիար Վ. Թէքէեան. Իրականութիւնը ծեր ըսածին բոլորովին հակառակն է: Ազգ. Պատուիրակութիւնը Հանրապետութեան Պատուիրակութեան կողմէ Ամերիկա ներկայացուցիչ ղրկելու որոշումէն ետքը չէր, որ մտածեց ինք ալ մարդ ղրկել, ընդհակառակը, Հանր. Պատոփրակութիւնն էր, որ այդ բանն ըրաւ: Յովհաննէս Խան Մասեհեանցի մերժումէն ետք, Ազգ. Պատուիրակութիւնը մտածեց Տիար Բրօֆ. Տէր- Յակոբեանը ղրկել, ասիկա որոշուելէն ետքն է, որ Հանր. Պատուիրակութիւնը մտածեց Տիար Փաստրմաճեանը ղրկել իր կողմէ: Գալով Զօր. Անդրանիկի եւ Զօր. Բագրատունիի, երկու Պատուիրակութիւնները համաձայնած էին թէ' մէկին եւ թէ՛ միւսին համար:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Բրօֆեսէօրը ղրկելու առթիւ համաձայնութիւնը առա՞ծ էիք Հանր. Պատուիրակութեան:

Տիար Վ. Թէքէեան. Ձեր մտքին մէջ համաձայնութիւնը ամեն ատեն Հանր. Պատուիրակութեան տեսակէտը ընդունի՞լ կը նշանակէ: Մնաց որ վերջ ի վերջոյ համաձայնութիւն գոյացաւ, որ երկու ներկայացուցիչները միաժամանակ երթան, այն պայմանով, որ այնտեղ համերաշխ գործեն:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Եզրակացնելով կ՛ըսեմ, թէ Ազգ. Պատուիրակութիւնը պէտք եղածը չէ ըրած, որ այդ խորդուբորդութիւնները վերնան. ընդհակառակը, առած է այն տեսակ քայլեր, որոնց պատճառաւ աւելի՝ զօրացած են: