Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/583

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Ա. Չօպանեան. Ատենին պատասխան պիտի տրոփ յուզուած բոլոր խնդիրներուն: Բայց կայ կէտ մը, որուն կ՛ուզեմ այսօր իսկ պատասխանել: Տիար Թէրզիպաշեան ըսաւ, թէ Ազգ. Պատոփրակութիւնը այն միացեալ Հայաստանին տեղ, զոր ամբողջ ազգը կ՚ուզէր, վերացեալ Հայաստանի մը գաղափարին համակերպուեցաւ ենթարկուելով Հանր. Պատոփրակութեան, այսինքն թէ Ազգ. Պատոփրակութիւնը Հանր. Պատոփրակութեան գործը հստակուց: Ասիկա սխալ է: Թէեւ Հանր. կառավարութիւնը իր պատոփրակներուն հրահանգ տուած էր, որ գոհանան վեց նահանգներով եւ Կիլիկիոյ մասին ալ Ֆրանսայի հետ համաձայնին, բայց այստեղ գալով Տիար Ահարոնեան փոխեց այդ որոշումը, եւ, ընդհակառակը, ինք էր, որ ենթարկուեցաւ Ազգ. Պատուիրակութեան տեսակէտին, անոր հետ պահանջելով Միացեալ Ամբողջական Հայաստանը: Ամեն պարագայի մէջ՝ Ազգ. Պատոփրակութիւնը այդ պՓհանջին վրայ հաստատ մնաց մինչեւ այն տխուր վայրկեանը, երբ այլեւս անկարելի դարձաւ Ամբողջական Հայաստանի կագմութիւնը: Մինակ Լորտ Քըրզընի յայտարարութիւնները չէին, որ ատոր մէջ դեր խաղցան, այլ նաեւ՛ Փարիզի ու Լոնտոնի ամերիկեան դեսպաններուն յայտարարութիւնները: Եւ երկու Պատուիրակութիւնները, երկար խորհրդակցութիւններէ ետք, նաեւ որոնց մասնակցեցաւ Ազգ. Համագումարին Նախագահ Վսեմ. Նորատունկեան, նոյնիսկ Տիար Աճէմօֆի եւ ուրիշ ձեռնհաս անծներու կարծիքը առնելէ վերջ միայն համախորհուրդ որոշեցին այդ համակերպութիւնը ընել: Այս է իրողութիւնը:

Տիար Տէրպէտէրեան. Հակիրճ կերպով մը քանի մը դիտողութիւններ պիտի ընեմ Պատուիրակութեան տեղեկագրին մէկ քանի կէտերուն նկատմամբ: Առաջին. Ազգ. Պատոփրակութիւնը պատրաստ էր անմիջապէս Համագումարը նիստի հրափրել, երբ իրեն տրուած տիրէքթիւներէն շեղելու ստիպուեր: Պատուիրակութիւնը շատ մեծ շեղումներ ընելու ստիպուած է եւ ամեն բան լմննալէ վերջն է միայն, որ կը գումարէ Համագումարը, առանց սակայն բացատրելու պատճառները, թէ ինչո՞ւ ժամանակին չէ հրաւիրած Համագումարը: Կա՛մ պէտք է բացատրուին այդ պատճառները եւ կա՛մ պէտք է ջնջել այդ տիրէքթիւը, որպէսզի հեգնանք մը չըլլայ Համագումարին նկատմամբ:

Տիար Վահան Թէքէեան. Պատուիրակութիւնը այդքան ալ ծիծաղելի դիրքի մէջ չդնենք: Ամեն պարագայի մէջ մեր տեղեկագիրը տրուած է, չենք կրնար անկէ բան ջնջել:

Տիար Տէրպէտէրեան. Ես ալ կը պնդեմ, որ այդ հատուածը Համագումարին արժանապատուութեան հակառակ է:

Տիար Թէքէեան. Լաւ, կը պատասխանոփ իր կարգին: Տիար Տէրպէտէրեան. Կիլիկիոյ մասին տեղեկագիրը կը յիշատակէ, թէ ֆրանս. կառավարութիւնը յայտարարած է, որ պատրաստ էր Կիլիկիոյ վրայ իր ունեցած իրատւնքներէն հրաժարիլ, եթէ Ամերիկա ընդունի Հայաստանի մանտան:

Տեղեկագրին մէջ չէ ըսուած սակայն, թէ գրաւո՞ր կամ բերանացի եղած է այս յայտարարութիւնը, ինչ որ կրնայ թիւրիմացութեան տեղի տալ. պէտք է որոշ կերպով յիշուէր ինչ ձետվ եղած ըլլալը:

Տիար Ֆնտգլեան. Լլոյտ ճորճին հարցնելու է:

Տիար Տէրպէտէրեան. Լլոյտ ճորճի՞ն հարցնելու է, թէ Պատ.-ութեան: Երրորդ դիտողութիւն մը պիտի ընեմ բրոբականտի մասին: Կը կարծեմ, որ ծախսուած գումարը իրեն համապատասխան արդիւնք չէ տուած: Եթէ այդ գումարին մէկ մասը յաքթացուեր շաբաթը գոնէ երկու անգամ լոյս տեսնող նպատակայարմար ֆրանսերէն թերթի մը հրատարակութեան, անգլերէն բաժինով մը, տարակոյս չկայ, որ մեծ օգտակարութիւն պիտի ունենար: Ուրիշ նկատումներով, կարելի եղաւ «Հայաստան» թերթը հիմնել: Ապահովաբար բրոբականտի թերթ մը հիմնելու ո՛չ միջոցները, ո՛չ ալ ուժերը կը պակսէին: