Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/584

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Դիտողութեան արժանի չորրորդ կէտ մը Պատուիրակութեան Ամերիկայի, Իտալիոյ, եւ Անգլիոյ ներկայացուցիչներուն խնդիրն է: Այս ներկայացուցիչները շատ ծանր կը կշռեն Պատուիրակութեան պիւտճէին վրայ. լսածիս համեմատ՛ ամիսը 10 000 ֆրանք ծախք կ՚երթայ երեքին: Ամերիկայինը մնայուն էր, եւ կը հասկցուի անոր համար եղած ծախքերը: Արդեօք Լոնտոնի եւ Իտալիոյ ներկայացուցիչնե՜րն ալ նոյնպէս խոշոր ծախքեր կը պատճառեն:

Ձայներ. Իտալիա ներկայացուցիչ չկայ:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Երէկուընէ ի վեր երկու անգամ է, որ ակնարկութիւն կըլլայ այս մասին: Քանի որ խնդիրը իմ անձիս շուրջ կը դառնայ, պարտատր եմ երկու բառով բացատրութիւն մը տալու: Անցեալ տարի, Մայիսին, Պատուիրակութեան Նախագահէն նամակ մը ստացայ, որով յայտնելէ ետք, թէ մտադրած են զիս Իտալիոյ ներկայացուցիչ կարգել, կը հարցնէր, թէ կընդունի՞մ: Գրեցի թէ կընդունիմ, բայց ալ բնաւ պատասխան չստացայ:

Տիար Տէրպէտէրեան. Տեղեկագրին մէջ գրուած չէ նաեւ, թէ այդ ներկայացուցիչներուն կողմէ ինչե՜ր եղան: Անգլիոյ ներկայացուցիչը ի՜նչ կընէ, քանի որ, կ՛ենթադրեմ, թէ ամսական կը ստանայ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Տիար Մալքոլմի նոյնքան կը տրուի, որքան Պատոփրակութեան անդամներուն: Քանի որ խնդիր եղաւ, ըսեմ, թէ այսօր իսկ իրմէ ստացայ նամակ մը, որով 20 000 ֆրանքի չէք մը կը ղրկէ Պատուիրակութեան ծախքերուն համար: Գրեթէ իրեն վճարուած գումարն է, որ կը վերադարձնէ:

Տիար Տէրպէտէրեան. Կանցնիմ ուրիշ կէտի մը: Պատգամաւորներէն ոմանք պախարակեցին Պատոփրակութիւնը, թէ գործիք եղաւ Հանր. Պատոփրակութեան ձեռքը: Ես հակառակը կը խորհիմ: Տեղեկագրին ընթերցումէն իսկ կերեւայ՝ գրեթէ մինչեւ այսօր կարելի չէ եղեր իրականացնել միացեալ Պատուիրակութեան մը եւ միացեալ կառավարութեան մը կազմութիւնը. պատճառը Ազգ. Պատուիրակութիւնն է, որ իր դիտումներով, իր ձգձգումներով անկարելի դարձուցեր է այդ միութիւնը, հակառակ անոր, որ Համագումարը նախորդ նստաշրջանին մէջ այդ մասին որոշ տիրէքթիւ տուած էր իրեն: Ես կը կարծեմ նաեւ, որ Պատուիրակութիւնը թերացած է Հանրապետութեան նկատմամբ իր ունեցած պարտաւորութեանց մէջ: Պատմական Հայաստանը աչքի առջեւ բերենք: Գիտենք, որ անոր զանազան մասերը այլեւայլ ժամանակներ նուաճուած էին: Պէ՛տք էր, որ այս նուաճուած մասերը անկախ մասին հեղինակութիւնն ուրանային: Ներկայ ժամանակին մէջ ալ, բոլոր հայերու պարտականութիւնն էր խոնարհիլ այն դրօշին առջեւ, որ առաջին անգամ բարձրացած էր Արարատի մեր հին պետութեան ոստանին մէջ: Ամէնուս ալ պարտականութիւնն էր, որ այդ դրօշակին շուրջը բոլորուէինք, Պատմական Հայատանի ո՛ր մասին մեջ ալ որ պարզուած ըլլար: Եթէ Թրքահայ Դատը զոհերու արեան յենած էր, Ռուսահայ Դատն ալ մարտիկներու արիւնին յենած էր: Երկուքն ալ հայու արիւն էին եւ հաւասարապէս նուիրական: Տունաստանի անկախութեան եւ մեծութեան օրինակը աչքերնուս առջեւն է: Նախւսպէս ափ մը հող անկախ դարձաւ: Բայց եթէ այդ ափ մը հողը կարելի եղաւ հետզհետէ ընդարձակել եւ այսօրուան մեծ Յունաստանը գոյացնել, պատճառը սա է, որ մնացեալ նուաճուած յոյները հաւատարմութեամբ կը նայէին այդ պզտիկ անկախ մասին եւ գիտցան անոր շուրջը բոլորուհլ, զայն զօրացնել: Չեմ կարծեր, որ Թրքահայաստանի դատը Հանր. կառավարութեան ձեռքը անցնելով, կը կորսնցնէ իր ոյժը եւ առանձնաշնորհումները: Կը փւսփաքիմ, որ Ն. Վսեմութիւն Փաշան դաշնագիրը ստորագրէ, բայց ստորագրէ իբր ներկայացուցիչը այն պետութեան, որ կագմուած է արդէն եւ որ իրական տէրն է բոլոր Հայաստաններուն, կազմուածին ալ, չկազմուածին ալ եւ բոլո՛ր հայերուն ալ, ըլլա՚յ ռուսահայ թէ թրքահայ, պարսկահայ թէ եգիպտահայ: Կը փափաքիմ նաեւ, որ դաշնագիրը ստորագրուելէ առաջ, այստեղի Կովկասի մէջ գոյանայ այն միութիւնը, որուն կը փափաքէինք անցեալ տարի, եւ որ, ներկայ պարագաներուն մէջ, բոլորովին անհրաժեշտ դարձած է: