Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/585

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Տիրան Տէօվլէթեան. Տիար Տէրպէտէրեանի մէկ դիտողութեան պատասխանելէ առաջ պէտք կը տեսնեմ ըսելու, թէ ամբողջ հայութիւնը նկատի կ՛առնեմ առանց խտրութեան, եւ չեմ ուզեր, որ իմ խօսքերը մեկնուին իբր այս կամ այն կուսակցութեան կողմնակալութիւն: Որովհետեւ ես ինքս ո՛չ մէկ կուսակցութեան կը պաքթանիմ եւ իմ հաւատամքս հայութիւնն է: Տիար Տէրպէտէրեան ըսաւ, թէ Ազգ. Պատուիրակութիւնը միայն մեղապարտ է, եթէ մինչեւ այսօր միութիւն չէ եղած: Կը կարծեմ, թէ ճշմարտութեան շատ աւիլի մօտեցած պիտի ըլլանք, եթէ երկու կողմերը մէկանց մեղադրենք: Քանի օր է մէկ-երկու անգամ ես անձամբ փափաք յայտնեցի Տիար Ահարոնեանի, որ իր ներկայութեամբ պատուէ մեր Համագումարը: Եւ սակայն չեկաւ: Ասիկա ապացոյց մըն է, թէ միութիւնն անկարելի դարձնող պատճառները միայն մէկ կողմէն չեն, որովհետեւ միայն մէկ կողմին ուզելով միութիւն չըլլար: Մենք. Անգլիոյ պատգամաւորներս, եկած չենք անցեալ անցքերով զբաղելու: Նիստի խնդիրները անհունապէս աւելի կարեւոր են, եւ անոնք մանաւանդ պէտք է առարկայ դառնան մեր մտահոգութեանց: Պէտք է խորեինք, թէ մեր այսօրուան սա աննպաստ դրութեան մէջ ի՞նչ կրնանք ընել դէպքերուն տալու համար այն տեսակ ընթացք մը, որ նպաստեն մեր դատին: Ազգը, անդին, ողբալի դրութեան մը մէջ է: Կարօտութիւնն ու տառապանքը վերջ չեն գտած: Թշուառներու անհամար բազմութիւն մը օգնութեան կը սպասէ: Փոխանակ այստեղ աեցած-գացած իրողութիւններու վերադառնալով իրար վիրաւորելու, պէտք է խորեինք, թէ ի՞նչ կրնանք ընել ազգին այս տխուր դրութեան վերջ մը տալու համար:

Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեան. Ես Ազգ. Պատուիրակութեան համարատուութեան մէկ մասին միայն պիտի ակնարկեմ, այսինքն, Ամերիկայի Առաքելութեան: Այն միջոցին, ուր այդ Առաքելութիւնը ճամբայ կ՛ելլեր, մասնաւորաբար Անգլիոյ մեջ մեծ յոյսեր դրուած էին անոր վրայ: Բայց մեր մասին մեծապէս յուսախաբ եղանք: Ազգը մեծ ակնկալութիւններ ուներ Ամերիկայէն, եւ իրաւամբ կը սպասէր, որ գոնէ այնտեղ անհրաժեշտ ջանքերը կը կատարուին: Դժբախտաբար ո՛չ մէկ արդյունք գոյացաւ: Անշուշտ հետաքրքրական էր գիտնալ, թէ Ազգ. Պատուիրակութիւնը ի՞նչ ըրաւ այդ բացասական արդիւնքը տեսնելով: Եւ սակայն, տեղեկագրին մէջ ոչինչ կայ այդ մասին: Ամբողջ գիտցածս սա է, որ Ամերիկայէն եկող անձեր միշտ գանգատած են ղրկուած Առաքելութեան դէմ՝ մատնանիշ ընելով անոր չափազանց գէշ կագմակերպութիւնը: Առաքելութիւնը չկրցաւ անհետացնել այնտեղ ծագած հակասութիւնները. ընդհակառակը, կարծես պատճառ դարձաւ, որ բոլորովին աւելնան: Նոյնիսկ Զօրավար Անդրանիկ զերծ չմնաց այդ հակասութիւններէն: Կը յիշեմ, որ երբ զինքը Ամերիկա ղրկելու առաջարկն եղաւ, վարանեցաւ, յայտնելով, որ մասնաւորաբար անկարելի պիտի ըլլայ գործել Զօրավար Բագրատունիի հետ: Վերջապէս, ստիպեցին զինքը, որ մեկնի, առանց մտածելու, թէ այդ պայմաններուն եւ այդ տրամադրութեան մէջ գտնուող Զինուորական Առաքելութիւն մը չպիտի տար այն արդիւնքը, որ կը սպասուէր իրմէ: Ես անձամբ ընդունեցի Զօրավար Անդրանիկի մէկ նամակը, որուն մէջ դառնութեամբ կը յայտնէ, թէ զղջացած է երթալուն, թէ Զօրավար Բագրատունի մինակը կը գործէ եւ մինակը ստորագրած է կարեւոր պաշտօնագիր մը, որ սերտ առնչութիւն ունէր Առաքելութեան նպատակին հետ:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Զինուորական Առաքելութիւնը ղրկուեցաւ Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան կողմէ: Զօրավար Բագրատունի անոր պետ անուանուած էր եւ Անդրանիկ ընդունած էր ասիկա: Շատ բնական է, որ Առաքելութեան անունով տրուած պաշտօնագիր մը կրէ նոյն ինքն Առաքելութեան պետին ստորագրութիւնը:

Տիար Վ. Թէքէեան. Թոյլ տուէք, որ ճշդեմ այդ կէտը: Զօրավար Բագրատունի արդարացուցած է մինակ ստորագրած ըլլալը, առարկելով որ Անդրանիկ մեկնած էր հանգանակութեան համար: Ուրեմն, Զօր. Բագրատունի կ՛ընդունի, որ երկուէն մէկը պէտք էր ստորագրել: