Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/586

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Ես մանրամասնութեւսն մէջ մտնել չեմ ուզեր, ես միայն կը յիշատակեմ Զօր. Անդրանիկի նամակը, այն դառնութիւնը, որ կերեւայ անոր մէջ՝ ցոյց կու տայ ինքնին, թէ երբեք չպիտի կրնայ սրտով աշխատիլ այնտեղ, հետեւաբար կարելի չպիտի ըլլայ ստանալ այն արդիւնքը, որ կակնկալուէր: Ազգ. Պատուիրակութիւնը պէտք էր նախատեսեր ասիկա, եւ պէտք չէր, որ Անդրանիկի պէս անկախ մարդ մը Զօրավար Բագրատունիի հրամանին ենթարկեր:

Տիար Տէրպէտէրեան. Թող ինք չընդուներ:

Տիար Տէօվլէթեան. Չընդունեց ու պնդեց իր մերժումիս վրայ, բայց ստիպուեցաւ համակերպիկ երբ իրեն վերստին կոչում եղաւ յանուն ազգային գերագոյն շահերուն:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Բացայայտ է, որ վեց թանկագին ամիսներ կորսնցուցինք, մինչեւ որ Ամերիկա մարդ ղրկուեցաւ: Չեմ ուզեր այս յետաձգման պատճառը փնտռել: Չպիտի փնտռեմ նաեւ, թէ ինչո՞ւ նոյն վնասակար երկուութիւնն առաջ եկաւ թէ՛ Պատուիրակութեանց ներկայացուցիչներուն եւ թէ՛ Զինուորական Առաքելութեան միջեւ: Բայց կ ուզեմ շեշտել, թէ քանի որ ամէնէն աւելի Ամերիկայէն կը սպասէինք մեր դատին յաջողութիւնը, պէտք էր, որ մեր ամէնէն կարող ոյժերը ղրկէինք հոն, այն տեսակ մարդիկ, որոնք կարենային որոշ ազդեցութիւն մը ձեռք բերել վարիչ շրջանակներուն մօտ եւ այդ ազդեցութեան շնորհքս փրկել մեր դատը:

Տիար Վ. Թէքէեան. Ստեղծէի՞նք այդ մարզիկը:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Եւ կամ գացողները եթէ չեն կրցեր ազդել այնտեղի քաղաքականութեան վրայ, գոնէ պէտք էր, որ տեղեկութիւն տային իրենց գործունէութեան եւ առհասարակ բոլոր քաղաքական իրադարձութեանց մասին: Այսօր թերթերէն միայն կ՛իմանանք, թէ ո՛չ միայն մանտան անկարելի դարձած է, այլ նոյնիսկ Հայաստանի ըլլալիք ելեւմտական օժանդակութեան մասին Հիչքոքի առաջարկն ալ մերժուեր է 34-ի դէմ 42 ձայնի մեծամասնութեամբ: Չափազանց մեծ բան էր սպասել իրենցմէ, որ այս փոքր տարբերութիւնը կարենային մեծամասնութեան փոխել, քանի մը գաւառական ալ համոզելով: Զարմանալի չէ՞, որ Պատուիրակութեան ներկայացուցիչները, որոնք այնտեղ կը գտնուին, ո՛չ միայն չկրցան ընել սա պզտիկ ճիգը, այլ բան մըն ալ չգրեցին այս անցքերուն նկատմամբ, որոնք այնքան կենսական նշանակութիւն ունէին մեզի համար: Ես կը կրկնեմ, որ պէտք էր մեր ամէնէն կարող մարզիկը ղրկէինք Ամերիկա: Այս մասին, կը յիշատակեմ այն խօսքը, զոր Գնդապետ Կուրո՝ Ազգ. զինուորական իշխանութեան ներկայացուցիչը Կովկասի մէջ, հայոց մասին խիստ համակիր անձ մը, անցեալներս ըսաւ ինծի. «Դո՛ւք, հայերը, մեծ սխալ մը կը գործէք, միշտ տեսնելով եւ դիմելով կրօնասէր, մարդասէր փոքրամասնութեան եւ անոնց համակրութիւնը շահիլը բաւական կը նկատէք: Մինչդեռ պէտք էր հետաքրքրել Ել համոզել կառավարող դասը: Ապահով եղէք, որ այն համեմատութենէն, որով առաջին դասակարգին համակրութիւնը կը շահիք, կը կորսնցնէք երկրորդ դասակարգին համակրութիւնը»: Ցաւալի է ըսել, որ մեր ներկայացուցիչները չեն կրցած այս այլեւայլ հոսանքներուն համեմատական ոյժը, կարեւորութիւնն ու ազդեցութիւնը կշռել եւ ճշգրիտ տեղեկութիւն տալ այդ մասին, որպէսզի Պատուիրակութիւնը կարենար ըստ այնմ ուղղել իր գործունէութիւնը:

Բրօֆ. Թումայեան. Իմ ըսելիքն Ազգ. Պատուիրակութեան տեղեկագրին քննադատութիւն մը չէ, որովհետեւ կարդալու եւ քննելու պատեհութիւն ունեցած չեմ: Ես Պատուիրակութեան ընդհանուր գործունէութեան վրայ է, որ քանի մը դիտոդութիւններ ընել կ՛ուզեմ:

Պատուիրակութիւնը չափազանց կղզիացած կը գործէր, առանց մտահոգուելու, որ հայ հասարակութեան հետ շփման մտնելը կարեւոր եւ էական պայման մըն էր թէ՛ հայ հասարակութեան համակրանքը շահելու եւ թէ՛ ընդհանուր գիժերով հաջողելու համար: Հայ հասարակութենէն անդին զանազան գաղութներու մէջ հաստատուած եւ ազգային գործով զբաղող քոմիթէներն անգամ անտեղեակ մնացած են