Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/587

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

անցուդարձերէն, ինչպէս նաեւ Պատուիրակութեան գործերէն ու իր հետեւած քաղաքականութեան ընդհանուր գիծերէն: Աո հասարակ՝ գաղտնիքի հով մը կը փչէր իր ամբողջ գործունէութեան վրայ: Եւ ասիկա միայն անցեալ տարի ընտրուած Պատուիրակութեան համար չեմ ըսեր, այլ՛ նախորդ Պատուիրակութեան ալ սկիզբէն ի վեր հետեսսծ մեթոտը այս էր: Մենք, զոր օրինակ Լոնտոնի կամ Մանչեսթրի հայերս, շատ անգամ չէինք գիտեր, թէ ի՞նչ կ՛անցնի կը դառնայ: Մտահոգուող հասարակութիւնը քանի իրաց ընթացքը աննպաստ հանգամանք ստանար, յուզուած կը հարցնէր, թէ ո՞ւր կերթանք, ի՞նչ է իրաց կացութիւնը: Եւ որովհետեւ միակ տեղեկութիւնը լրագրողներուն հաղորդածն էր, եւ ան ալ թերի, չափազանցուած կամ սխալ, ժողոփսրդին ամեն մէկը իր ուզած կերպով կը հասկնար կամ կը մեկնէր: Անոր հետեւանքով շատ արտառոց զրոյցներ կը շրջագայէին, ինչ որ տեսակ-տեսակ տարաձայնութիւններու, քննադատութիւններու եւ անտեղի վէճերու ծնունդ կու տար, եւ շատ կը տկարացնէր Պատուիրակութեան վարկն ու ազդեցութիւնը: Ազգ. Պատուիրակութիւնը, փոխանակ այդ գաղտնապահութեան, եթէ կերպ մը գտնէր հայ հասարակութեան եւ քոմիթէներուն հետ մնայուն սերտ յարաբերութիւն մշակելու, եւ գոյութիւն ունեցող քոմիթէները իրեն թեւ ու թիկունք, իրեն ներկայացուցիչ ու գործակից նկատէր, այն ատեն հոծ, միացեալ ու կազմակերպեալ, զինքը ա՛լ աւելի գուրգուրանքով շրջապատող, պաշտպանող ու քաջալերող մարմին մը կ՛ունենար կռնակը: Դժբախտաբար, Պատուիրակութիւնը անտես ըրաւ ասիկա եւ կորսնցուց թէ՛ գաղութներու եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ գտնուող հայ համայնքը կազմակերպելու պատեհութիւնը: Այսպիսով ազգին ահագին մեծ զանգուածը կը դառնար կազմակերպուած ոյժ մը, իրեն գլուխ ունենալով Պատուիրակութիւնը: Պէտք էր նախաձեռնութիւն ստանձնել քոմիթէներ կազմելու քիչ-շատ ամեն տեղ, եւ անոնց հետ յարաբերութեան մէջ մնալ: Պէտք էր, ի պահանջել հարկին, հրաւիրւսկներ ղրկել հոս ու հոն, ժողովուրդը լասաւորելու համար, քոմիթէներուն տարբեր պետութեանց մօտ նոյն ծրագրով աշխատելու հրահանգ եւ ուղղութիւն տալ, անոնց դիտողութիւններէն ու թելադրութիւններէն ալ օգտուելով:

Նպատակ չունիմ կուսակցութեանց ակնարկութիւն ընել, բայց չենք ալ կրնար աչք գոցել եւ չտեսնել իրողութիւն մը, որ ակներեւ է: Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը մեծ առաւելութիւն մը ունի այս մասին, անիկա կը յենու լայն ու լաւ կազմակերպութեան մը, յանձնաժողովներու հոծ ցանցով մը շրջապատուած է եւ մեծապէս կօգտուի աքթէ, իբրեւ թէ անոնց թեւերուն վրայ կը թռչի: Մինչդեռ Ազգ. Պատուիրակութիւնը թէեւ գուցէ նոյնչափ եւ աւելի համակրողներու բազմութիւն մը ունի, բայց անկազմակերպ ըլլալով եւ անոնց հետ սերտ շփում չունենալով, պէտք եղած ժամանակ չկրցաւ անոնցմէ օգտուիլ: Իբր օրինակ կը յիշեմ Համագումարի ներկայացուցիչներու ընտրութեանց եւ գումարմանց առթիւ տեղի ունեցած դանդաղութիւններն ու անկանոնութիւնները: Որպէսզի միտքս ա՛լ աւելի բացատրեմ, հարկ կը տեսնեմ քանի մը օրինակներ ալ տալ: Պատուիրակութիւնը կամ իր Վսեմ. Նախագահը պետական մարդոց հետ այստեղ կամ Անգլիա տեսակցութիւն կ՛ունենային կամ դիմում կը կատարէին անոնց մօտ: Ատոնք պէտք էր յայտնուէին հայ հասարակութեան, որպէսզի ժողովուրդը իրականութեամբ զբաղէր եւ ո՛չ թէ երեւակայական տուեալներու յենած չափազանց յոռետեսութեան կամ չափազանց լաւատեսութեան մղուէր: Լորտ Քըրզընի կողմէ Վսեմ. Փաշային յղած յայտարարութեան իսկութիւնը, իր իսկ գործածած բառերով, ի՞նչ էր' ո՛չ ոք գիտէ: Գաղդիոյ պետական մարդոց հետ մշակուած բանակցութեանց ուղղութիւնը ի՞նչ էր, ի նչ ըսին, ի նչ կ ըսեն ասոնք ո՛չ ոք գիտէ: Տեղեկագրին մէջ ալ յիշուած չեն: Վերջին անգամ Լոնտոն, Լորտ Քըրզընի հետ տեսակցութեան մը համար չորս անձանց մասին դիմում եւ կարգադրութիւն եղած ըլլալով հանդերձ, ինչո՞ւ անոնցմէ Խորէն Եպիսկոպոս չգնաց, եւ ընդունելութենէն քանի մը ժամ առաջ, առանց լուր տալու, ձգեց Մանչեսթր մեկնեցաւ. ո՛չ ոք գիտէ պատճառը: Ո՛չ մէկ պաշտօնական յայտարարութիւն