Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/588

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

եղաւ, որով ամեն ոք ըստ իր քմաց մեկնութիւն տուաւ, ինչ որ մեծ գայթակղութիւն յարոյց Լոնտոնի հասարակութեան մէջ: Յետոյ մասնաւորաբար Լորտ Քըրզընի յայտարարութեանց մասին խոշոր տարակարծութիւններ ծնունդ առին, իբր թէ Լորտը պահանջած էր, որ Երեւանի դահլիճին անդամները հեռացոլին իշխանութենէ: Երեւան տրուած հեռագրին ստորագրութեան մասին ալ կարգ մը բաներ ըսուեցան, առ ի չգոյէ ստոյգ, վաւերական եւ պաշտօնական տուեալներու: Նոյն տեսակ տարաձայնութիւններ ծնունդ առեր են նաեւ, ըստ ոմանց, Սան Ռեմոյի մէջ ալ: Միեւնոյն բանը տեսանք անցեալ օր Թուրքիոյ դաշնագրին յանձնման ժողովին ներկայ գտնուելու հրաւիրագրին շուրջ: Վսեմ. Փաշային հրաւէր ղրկուելու կերպին նկատմամբ տարաձայնութիւն կամ սխալ հասկացողութիւն գոյացած է, ասոր ալ պատճառը դարձեալ ստոյգ տեղեկութեան պակասն է: Եթէ ինչպէս կը խորհուէր նախապէս մասնաւոր օրկան մը հրատարակուեր, այս բոլոր պահանջներում գոհացում կու տար: Ել այն ծախքերով որոնք եղած են կարելի էր այն տեսակ թերթ մը հրատարակել: Թէեւ գուցէ տեղեկագրին քննութեան ներկայ խնղրին չի վերաբերիր, բայց այս ըսածներս շատ մօտ են շօշափելուն համար ներեցէք, որ, ըստ իս՛ կարեւոր սա մէկ կէտն ալ յիշեմ: Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահը շատ կարեւոր տեսակցութիւնններ ունեցած է պետական անձնաւորութեանց հետ: Պիտի խնդրէի իրմէ, որ օրը օրին գրի անցընէ եւ զգուշութեամբ պահէ անոնց արտայայտած գաղափարները կամ տուած յոյսերն ու խոստումները, քանի որ ատոնք մեզի համար վերին աստիճանի կարեւոր ու թանկագին document-ներ են, պատմական եւ քաղաքական տեսակէտով, ապագայ սերունդներում առջեւ ինքզինքնիս ւսնհատապէս կամ իբր Համագումար այդ ստանձնելոլ համար: Պիտի խնդրէի նաեւ Պատուիրակութենէն, որ իր տալիք պատասխաններու կարգին նշանակէ եւ մեզ լուսաբանէ, թէ ինչո՞ւ Քլէմանսօ Հայկական Դատին աննպաստ արտայայտուեցաւ, քանի որ սկիզբէն ի վեր հայոց բարեկամ ճանչցուած էր: Նաեւ ի՞նչ անցաւ դարձաւ, որ Տովհ. Խան Մասեհեանց չղրկուեցաւ Ամերիկա, ինչպէս որոշուած էր: Հարկաւ Երեւանէն ղրկուած Առաքելութեան մասին ալ բաւարար լրացուցիչ տեղեկութիւններ պիտի տրուին:

Տիար Թէրզիպաշեան. Վիճաբանութեան փակումէն առաջ կ՛ուզեմ քանի մը խօսք ընել Պատուիրակութեան ներքին քաղաքականության մասին: Այն օրը երբ կազմուեցաւ, Պատուիրակութիւնը ղարձաւ թրքահայ քաղաքականութեան առանցքը, ինք պէտք է վարէր այդ քաղաքականութիւնը եւ «թոն» տար զանազան շրջանակներու մէջ գտնուող հայերու գործունէութեան: Այս վերին աստիճանի կարեւոր դերը իրականացնելու համար պատրաստ էր կապ հաստատել զանազան տեղեր գտնուած հոծ հայութեանց հետ: Պէտք էր, օրինակի համար, Երեւանի մէջ ունենար իր ներկայացուցիչը, ո՛չ միայն կապ պահելու համար հոն գտնուող թրքահայ փախստականներու հետ, այլ նաեւ մօտէն ծանօթանալու համար Կովկասի մէջ կատարուած անցքերու հետ, որոնցմէ շատեր ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կապ ունէին իր վարած քաղաքականութեան յաջողութեան հետ: Հայերու հիմնական քաղաքականութիւնը Պատ.-թեան միջոցաւ յայտնի պէտք է ըլլար ամեն կողմի հայ մամուլին, որովհետեւ մենք տեսանք, թէ Կովկասի, ինչպէս Պոլսոյ մէջ, հայ մամուլի հրատարակութիւններ խիստ վնասակար ազդեցութիւն կը գործէին ո՛չ միայն Հայկական Հարցի վերաբերմամբ, այլ նաեւ՝ անոր ֆիզիկական գոյութեան տեսակէտով: Պատուիրակութիւնը թէեւ Կիլիկիոյ մէջ ունի իր ներկայացուցիչը, բայց տեղւոյն քաղաքականութիւնը կը վարուի Ազգ. Սիութեան կողմէ: Նոյնիսկ դէպքեր կան, որոնց մէջ Պատուիրակութիւնը, որոշ հրահանգներ չտալով, անստուգութեան մատնած է իր ներկայացուցիչը: Ասկէ առաջ Պ. Տամատեան խորհուրդ հարցուցած է Պատուիրակութեան եւ «բառոլա»-յով պատասխան խնդրած ֆրանսական կամ թրքական քաղաքականութիւն մշակելու մասին: Բայց Պատ.-թիւը անպատասխանի թողած է: