Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/589

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար. Ա. Չօպանեան. Չէ թողած, ինչո՞ւ կը պնդէք չգիտցած բաներնուդ վրայ. եթէ չէք գիտեր՝ կրնաք հարցնել:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Ես ալ կը բողոքեմ: Հայհոյութիւններ են ասոնք եւ դարձեալ զարմանք կը յայտնեմ, որ Դիւանը չարգիլէր ատենախօսը:

Վսեմ. Տիար Գ. ևորատունկեան. Տիար Թէրզիպաշեանի ըսած խօսքերուն մէջ հայհոյութիւն չկար: Ամէնապարզ կերպով մը ըսաւ, թէ դիմում մը անպատասխանի թողաած է: Կարելի է հերքել եթէ ճիշդ չէ ըսածը:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Ես հաւաստում մը ըրի. կրնաք ժխտել, երբ ձեր պատասխանը տալու ըլլաք: Ազգ. Պատ.-թիւը յարաբերութիւն չէ պահած նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքարանին եւ Երեսփոխանական ժողովին հետ, եւ ասիկա անանկ ատեն մը, ուր ասդին Քըրզընի ծանօթ յայտարարութեան կը համակերպէր, մինչդեռ ի բացակայութեան Համագումարին, զոր կարելի չէր գումարել մէկ օրէն միտը, պէտք էր գոնէ Պատրիարքարանին եւ Երեսփոխանական ժողովին տեղեկութիւն տար այն տեսակ զիջումներու մասին, որոնք ուղղակի կը հետաքրքրէին զանոնք:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս. Քըրզընի խնդրին համար նամակ հասաւ Պատրիարքարան:

Տիար Վ. Թէքէեան. Կը հաստատեմ ասիկա: Այդ միջոցին Պոլիս էի. Պատուիրակութեան նամակին վրայ, Պատրիարքին Նախագահութեամբ գումարուեցաւ մասնաւոր ժողով մը, որուն ես ալ հրաւիրուեցայ իբր Պատուիրակութեան անդամ: Ո՛չ միայն խնդիրը ծանուցուած էր մանրամասնութեամբ, այլ նոյնիսկ հարցում եղած էր, թէ ի՞նչ կը խորհին այդ նոր կացութեան առթիւ բռնուելիք ուղղութեան մասին:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Ատիկա Կիլիկիան զիջելու համար էր. անկէ ետք տեղեկութիւն չեկաւ Պատրիարքարան:

Ամեն. Դուրեան Արքեպ. Զգացուցինք, թէ գործերուն ընթացք տուողը Պատոփրակութիւնն է եւ թէ լաւագոյն կերպով մը կրնայ կացութեան համապատասխան ուղղութխն մը բռնել: Եւ արդէն Ս. Պատրիարքը պիտի գար:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Երկու խօսք ալ պիտի ընեմ հատուցման խնդրի մասին, որուն նկատմամբ արդէն խօսեցաւ Տիար Տէր-Ստեփանեան: Իրեն հետ ես ալ կը կրկնեմ, թէ ո՛չ մէկ լուրջ ձեռնարկ եղեր է այդ խնդրին համար, ո՛չ միթինկ, ո՛չ ատենախօսութիւն, ո՛չ հրատարակութիւն, եւ թէ Պատուիրակութիւնն առհասարակ անհոգ գտնուեր է մեր ժողովուրդին նիւթական վնասներուն դարմանման մասին, խնդիր որուն անդրադառնալու իրատւնքս կը վերապահեմ:

Պատուիրակութեան համարատուոլթեան մասին այլեւս խօսք ուզող չըլլալով, վիճաբանութիւնը փակոսսծ նկատուեցաւ: /Տիար Արտաւազդ Հանըմեան վիճաբանութեան փակման առթիւ հետեւեալ երկու հարցումներն ուղղեց այդ առթիւ Պատուիրակութեան/:

Տիար Ա. Հանըմեան. Ազգ. Պատոփրակութենէն, զորս պիտի տայ պատգամաւորներու կողմէ եղած քննադատութեանց, պիտի խնդրեմ, որ իր միլս բացատրութեանց կարգին հաճի կարգ մը լուսաբանութիւններ տալ մեզի հետեւեալ երկու հարցերու մասին:

Առաջին, շատերու համար երկար ամիսներէ ի վեր որոշ էր, որ Ֆրանսա համաձայնութեան գալով կամ ստիպումի տակ պիտի պարտաւորուէր հրաժարիլ Կիլկիայէն: Այդ պարագան կանխատեսելով Ազգ Պատուիրակութիւնը գործունէութեան ի նչ ուղղութխն հրահանգած է Կիլիկիոյ ազգ. իշխանութիւններուն: Թրքական դաշնագրին հիման վրայ բուն Կիլիկիոյ մեծագոյն մասը թուրքերում ձգուելով, յայտնի էր, թէ ֆրանսացիք չպիտի ուզէին պատերազմը շարունակել այդ շրջաններում համար եւ այդ շրջաններում մէջ: Մօտ ամիսուկէսէ ի վեր եւրոպական մամուլը արձագանգ կ՛ըլլար այն լուրերում, թէ Զօրավար Կուրօ բանակցութեան մէջ է թուրք ազգայնականներու հետ: Այդ լուրերը այսօր կը ստուգուին: Պ. Ռոպէռ տը Քէ