Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/590

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ֆրանսական կառ.-թեան քաղաքային գործակալը Ջօր. Կուրոյի մօտ, էնկիւրիի մէջ յաջողեր է զինադադար կնքել Մուսթաֆա Քեմալի հետ, եւ, ապահովաբար մեր շահերը ոտքի տակ տալով: Նկատի ունենալով, որ Զէյթունի, Հաճընի, Սիսի ել ուրիշ շատ մը շրջաններու մէջ հայերը կռիփ մէջ են թուրքերուն դէմ, այդ զինադադարը մեզի համար կը ստեղծէ չափազանց դժուարին կացութիւն մը: Այդ մասին Ազգ. Պատոփրակութիւնը կանխատեսութիւն մը ըրա՞ծ է արդեօք, եւ կամ գէթ ի՞նչ կը խորհի ընել այսօր:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Այս խնդիրը Պատ.-թեան համարատուութեան հետ կապ չունի, յառաջիկային Պատուիրակութեան տրուելիք տիրէքթիւներուն կը պաքթանի: Այն ատեն անյապաղ ժողովը նկատի կառնէ:

Վսեմ. Պօդոս Փաշա Նուպար. Շատ կարետր խնդիր մըն է, կ՚ընդունիմ, բայց ներկայ վիճաբանութեան հետ կապ չունի: Եթէ Պատուիրակութիւնը պիտի մնայ, կը խորեինք, թէ ի՞նչ պիտի ընենք այդ մասին:

Տիար Ա. Հանըմեան. Կ՚անցնիմ երկրորդ հարցումին. Սան Ռեմոյի Վեհաժողովին առջեւ, երբ Հայաստանը գրաւելու դժուարութեանց մասին խօսք եղած է, Ազգ.Պատ.-թեան Նախագահը յայտարարած է, թէ հայերը կարող են 40 000 հոգինոց բանակ մը կազմել եւ իրենք իրենց միջոցներով գրաւել երկիրը, եթէ երբեք Դաշնակիցները անոնց աջակցին նիւթապէս, տրամադրելով զէնք, ռազմամթերք, եւ այլն: Ես պիտի խնդրեմ, որ Ազգ. Պատ.-թիւնը որ մեզի հաղորդէ, թէ այդպիսի յայտարարութիւն մը ընելու համար արդեօք այս վերջին տարուան ընթացքին առա՞ծ էր որոշ քայլեր եւ կատարա՞ծ էր որոշ աշխատանք մեր բանակին զօրացման համար: Եւ եթէ մինչեւ այդ չէր կատարած որոշ աշխատանք այս ուղղութեամբ, Սան Ռեմոյի Վեհաժողովէն ասդին ի՞նչ քայլեր առնուած են եւ որքա՞ն յաջողոլթեամբ:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 6 եւ կէսին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 61, թթ.1-32: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ ԺԲ

7 Յունիս 1920, Ժամը, 3-ին,

Նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի:

Ներկայ էին 15 պատգամաւոր՝

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս, Տոքթ. Բարսեղեան, Թէրզիպաշեան, Թէքէեան, Թումայեան, Հանըմեան, Մսըրլը Պէյ, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Վսեմ. Պօդոս Փաշա Նուպար, Չօպանեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-ՍտեՓանեան, Տէօվլէթեան, Ֆնտգլեան:


Օրակարգ

1. Տեղեկագիր եւ հաշուեցոյց հաշուական գործունէութեանց Ազգ. Պատուիրակութեան

2. Համարատուութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

3. Տեղեկագիր Կազմական Կանոնագրի Յանձնաժողովին

4. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան


ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ընթերցում ատենագրութեան

Կարդացուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ Յունիս 4-ի նիստին ատենւսգրութիւնը:

2. Յայտարարութիւն Տիար Գ. Սինապեանի՛ Հանր. Պատուիրակութեան խորհրդականներու մասին