Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/591

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Գ. Սինապեան տեղեկութիւն տուաւ Համագումարին, թէ Գերագոյն Խորհուրդի Քարտուղարութիւնը Հանր. Պատուիրակութենէն խնդրած ըլլալով Պատոփրակութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ անոր օժանդակող խորհրդականներու եւ մասնագէտներու մէկ պաշտօնական ցուցակը, Տիար Ահարոնեան արտօնութիւն խնդրած է իրմէ՛ իր անունն ալ դնելու վերոյիշեալ ցուցակին մէջ, որուն վրայ նշանակուած անձերը հաւանական է, որ պէտք եղած ատեն հրաւիրուին մասնակցելու դաշնագրին վերաբերող խորհրդակցութեանց:

Տիար Տէօվլէթեան փափաք յայտնեց այս առթիւ, որ Համագումարին Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան ընդունի Ազգ. Պատուիրակութեան անդամակցութիւնը, քանի որ այս վճռական օրերուն կատարուելիք բանակցութեանց եւ խորհրդակցութեանց համար մեծապէս կրնան օգտակար դառնալ իր ծանօթ ձեռնհասութիւնն ու փորձառութիւնը:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան յայտնեց այս առթիւ, թէ Տիար Ահարոնեան նոյն դիմումը ըրած է նաեւ իրեն, բայց ինք պատասխանած է, թէ մինչեւ Համագումարին աշխատութեանց լրանալը՛ կ՛ընդունի միայն, ի պահանջել հարկին, ոչ-պաշտօնապէս մասնակցիլ տեղի ունենալիք խորհրդակցութեանց եւ կատարուելիք ձեռնարկներուն բերել իր օժանդակութիւնք, ինչպէս սիրով կատարած է ցարդ:

Գալով Տիար Տիրան Տէօվլէթեանի առաջարկութեան, Վսեմ. Նախագահը դիտել տուաւ, որ այդ խնդիրն արդէն իսկ անցած է օրակարգին մէջ, եւ Համագումարը իր կարգին պիտի զբաղի անով:


Օրակարգ

1. Տեղեկագիր եւ հաշուեցոյց ելեւմտական գործունէութեանց Ազգ. Պատուիրակութեան

Ագգ. Պատուիրակութեան ելեւմտական Գործառնութեանց Հաշուեքննիչ Յանձնաժողովին տեղեկաբեր Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեան, յայտնելէ ետք, թէ Համագումարին յանձնարարութեան համեմատ վերոյիշեալ հաշիւներուն բոլոր մանրամասնութիւնները ստացած էր Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահին անձնական Դիւանէն, կարդաց հետեւեալ տեղեկագիրը.


Տեղեկագիր Հաշուեքննիչ Յանծնաժողովոյ՝ Ազգ. Պատուիրակութեան

ելեւմտական գործունէութեանց մասին

Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեան թէ՛ տեղեկագրին ընթերցման միջոցին եւ թէ՛ անկէ վերջ, անհրաժեշտ բացատրութիւնները տուաւ Պատուիրակութեան հաշուական գործունէութեանց մանրամասնութեանց նկատմամբ:

Տեղեկագրին ընթերցման առթիւ պատգամաւորներէ ոմանք դարձեալ շեշտեցին ղրկուած գումարներու գործածութիւնը հակակշռի ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը: Պատուիրակութեան անդամ Տիար Վահան Թէքէեան յայտնեց, թէ Պատուիրակութիւնը, Համագումարին կողմէ յայտնուած փափաքին համաձայն, որոշեց այսուհետեւ դրամ ղրկուած ատեն տեղեկութիւն պահանջել նաեւ դրամին գործածութեան եղանակին նկատմամբ: Անշուշտ, ըսաւ, Պատուիրակութիւնը նոյնիսկ այս կերպով չի կրնար հակակշռի ենթարկել ղրկուած գումարներու գործածութիւնը, բայց, վերջապէս, անոնց ընդունուած եւ նպատակին յաքթացուած ըլլալուն նկատմամբ յայտարարութիւն կունենայ ձեռքը: Այս առթիւ Տիար Վահան Թէքէեան դիտել տուաւ, թէ ամէնէն աւելի մեծ գումարները, մանաւանդ պատերազմի շրջանին, ղրկուած էին Ն. Ս. Օծութիւն էջմիածնայ Կաթողիկոսէն եւ ամէնէն աւելի էջմիածին լռութիւն պահած է թէ՛ այդ գումարները ստացած ըլլալուն եւ թէ՛ անոնց գործածութեան եղանակին նկատմամբ: Երբ Երեւան մեկնեցանք, յարեց Տիար Թէքէեան, Վսեմ, ժօղոս