Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/592

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Փաշա ընդարձակ հաշուեցոյց մը յանձնեց մեզի էջմիածին ղրկուած գումարներու մասին: Այդ հաշուեցոյցը տոփ Կաթողիկոսին՜ որպէսզի ստուգել տայ, թէ իրօ՞ք հասած են ղրկած գումարները: Բաւական ժամանակ մնացինք Կովկաս, եւ մինչեւ մեր մեկնումը դիտողութիւն մը չըրին, ինչ որ կենթադրէ, թէ հաշուեցոյցին մէջ սխալ չկար:

Տիար Տէրպէտէրեան ուզեց գիտնալ, թէ իրեն տրուած խնդրանք մը կըլլայ Պատուիրակութեան անդամներուն խորհրդակցութեա՞մբ կորոշուի առաքումը: Տիար Վահան Թէքէեան պատասխանեց, թէ քանի որ Պատուիրակութեան անդամներէն մէկը կամ միւսը առարկութիւն չընէր ներկայացուած հաշիւներուն նկատմամբ, ուրեմն պէտք է ընդունիլ, թէ համամտութիւն գոյութիւն ունի իրենց միջեւ:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան դիտողութիւն ըրաւ մէկ քանի գումարներու մասին, որոնք տրուած էին զանազան անձերու, իբր ճամբու ծախք: Յիշեց մասնաւորաբար Տոքթ. Ռուբէն Տէր-Ստեփանեանը եւ իր կինը, որոնց Կովկաս վերադարձին ծախքերը հոգացած էր Պատուիրակութիւնը: Դարձեալ Տիար Բարսեղեան դիտողութիւն ըրաւ Զօրավար Թորգոմի վճարուած գումարի մը համար: Տիար Արշակ Չօպանեան ի պատասխան ըսաւ, թէ իբր Զօրավարը քաջութեամբ մասնակցած էր թրքօ-հայ կռիւներուն. ինչպէս երբեմն Բիէռ Լոթիի միջադէպին առթիւ, մենամարտած էր Ֆրանսայի առաջնակարգ սուսերամարտիկներէն Պ. Պրկերմայերի հետ արիութեամբ մը, որ նոյնիսկ իր հակառակորդին զմայլանքը շարժած էր: Պատուիրակութիւնը օգնութիւն մը ըրած է պարզապէս իրեն, այնքան ատեն մը, որ նեղութեան մէջ կը գտնուէր: Այլապէս օգտակար գործունէութիւն ունեցած էին նաեւ Տոքթ. Ռուբէնը եւ իր կինը թրքօ-հայ կռիւներուն ընթացքին:

Հաշուեքննիչ Յանձնաժողովոյ տեղեկաբեր Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեան կարդաց նաեւ Ֆինանսական Յանձնաժողովին կողմէ պատրաստուած եւ (նախորդ նիստին ատենագրութեան մէջ ստորագրուած) պիւտճէի նախագահին քննութեան վերաբերող հետեւեալ տեղեկագիրը, զոր Համագումարին յանձնարարութեան համեմատ լրացուցած էր Պատ. Վսեմ. Նախագահին անձնական դիւանէն ստացուած մանրամասնութիւններով:


Տեղեկագիր Հաշուեքննիչ Յանձնաժողովոյ Ազգ. Պատուիրակութեան՝

պիւտճէի ծրագրին նկատմամբ

Տիար Տէօվլէթեան ցաւ յայտնեց, որ Պատուիրակութեան եւ Ֆինանսական Յանձնաժողովի անդամներէն Տիար Տոքթ. Նեւրուզ դարձեալ ներկայ չէ, մինչդեռ գիտէր, որ այս տեղեկագիրները պիտի կարդացուէին եւ անհրաժեշտ էր իր ներկայութիւնը բացատրութիւններ տալու համար: Տիար Տէօվլէթեան ըսաւ, թէ հաշիւներու մէջ 80% շռայլութիւն կայ, եւ թէ Բժշկական Առաքելութեան, ինչպէս նաեւ Կովկասի, Կիլիկիոյ ու Ամերիկայի Առաքելութեանց համար եղած ծախքերը պարզապէս աւելորդ վատնումներ եղած են: Ասկէ վերջ, յարեց, մեզի դժուար պիտի ըլլայ նոր դրամ գտնել, որովհետեւ երբ այս տեսակ հաշիւներ ներկայացնենք մինչեւ հիմա ղրկուած գումարներում գործածութեան եղանակին նկատմամբ, պարզապէս մեր վրայ պիտի խնդան: Տիար Տէօվլէթեան քննադատեց մասնաւորաբար այն պարագան, թէ Կիլիկիոյ Բժշկական Առաքելութեան 17 ամսուան գործունէութեան լոկ առաջին երեք ամիսներուն հաշիւները միայն ստացուած են, բայց նորէն շարունակեր են դրամ ղրկել ամեն ամիս:

Տիար Վահան Թէքէեան. Բայց եթէ հաշիւ չէ եկեր, հիւանդանոցը միշտ գոյութիւն ունեցեր է եւ ունի, եթէ դրամ չղրկուի հիւանդները ի՞նչ կ՛ըլլան: Յետոյ, տեղեկագիր չկայ ըսելով պէտք չէ հասկնալ, թէ տեղեկութիւն չէ եկած բնաւ:

Տիար Տէօվլէթեան. Ամերիկայի Առաքելութիւնը ղրկուեցաւ որպէսզի մանտայի ընդունելութիւնը դիւրացնէ: Ասիկա չեղաւ, չենք գիտեր, թէ ի՞նչ ըրին այնտեղ: Բայց յայտնի է, թէ աւելորդ ու վնասակար վէճերու եւ հակառակութեանց ծնունդ տոլին: