Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/593

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կիլիկքտյ Առաքելութեան տրսած արդիւնքն ալ լաւագոյն բան մը չէ: Կառաջարկեմ, որ երկու Առաքելութիւններն ալ ետ կանչոփն:

Տիար Ա. Հանըմեան. Տոքթ. Նեւրուզ այսօր չկրցաւ գալ, որովհետեւ կարեւոր ժամադրութիւն մը ունէր Կիլիկիա դրկուելիք դեղերու համար: Տիար Տէօվլէթեան եղած ծախքերու շռայլութիւն մը կը գտնէ եւ ատոր մեղքը կը բեռցնէ Ֆինանսական Յանձնախումբին վրայ: Բայց Յանձնախումբը կոչուած էր լոկ միջոցներ խորհելու որոշուած 15 միլիոնի հանգանակութեան յաջողութեան համար: Այդ միջոցներուն գործպդրութիւնն անգամ իր ձեռքը չէր: Հետեւաբար Տոքթ. Նեւրուզ անձնապէս պատասխանատու չէ, կամ այնքան միայն պատասխանատու է, որքան Պատոփրակութեան միւս անդամները: Կիլիկիոյ Բժշկական Առաքելութեան համար ալ աւելորդ ծախք չէ եղած, շռայլութիւն չկայ, Առաքելութիւնը իրեն սահմանուած պիւտճէին չափով գործ բացած է: Ինչպէս Տիար Թէքէեան դիտել տուաւ, միշտ կանոնաւոր տեղեկութիւն առնուած է Կիլիկիայէն: Լոկ տեղեկագիր մը կորսուած է, ղրկուած ու չէ հասած: Եթէ դրամ չղրկուեր պէտք պիտի ըլլար փակել հիւանդանոցը, որ սակայն շատ մեծ օգտակարութիւն ունեցած է: Տիկին Եսայեան քանիցս շեշտեց այդ հաստատութեան ընծայած բարիքը: Դեռ նոր-նոր կը գրեր, թէ այն վերջին օրերու մէջ, որ ամեն կոդմէ փախստականներ ամենաողբալի դրութեան մը մէջ կը հասնին Ստանա, մասնաւորաբար Մարաշի փախստականները, որոնք ընդհանրապէս կիսովին սառած էին ճամբաները, հիւանդանոցը պարզապէս նախախնամական դեր մը կը կատարէ:

Տիար Տէօվլէթեան. Ես չըսի, թէ Պատուիրակութիւնը պատասխանատու չէ, ընդհակառակը, Պատուիրակութեան ամեն անդամ պատասխանատու է: Ես այնպէս կարծեցի, թէ Տիար Թէքէեան կըսէր, որ մինակ Տոքթ. Նեւրուզ տեղեկութիւն ունի վերոյիշեալ հաշիւներուն նկատմամբ: Մենք ալ, Կաթողիկոսին դիմումին վրայ, Մանչէսթըր դրամ ղրկեցինք եւ ստացագիր ուզեցինք: Չեկաւ, բայց երբ նորէն դրամ ուզեցին, մերժեցինք ղրկել, յայտնելով, թէ ինչո՞ւ չենք ղրկեր: Միեւնոյն բանը տեղի ունեցաւ նաեւ Տիար Սամսոն Յարութիւնեանի հետ: Այսպէս պէտք էր վարուէիք նաեւ դուք:

Տիար Ա.Հանըմեան. Քիչ մը շատ վաճառականական ըմբռնում է ատիկա:

Տիար Տէօվլէթեան. Եւ սակայն պէտք է:

Տիար Ա. Հանըմեան. Երբ Տոքթ.Ղազարոսեան Կիլիկիայէն դարծաւ, շատ աւելի վեր ի վերոյ հաշիւներ բերաւ: Երբ մանրամասնութիւն խնդրուեցաւ' ըսաւ թէ Տիար Տամատեանի քովն են: Խնդրեցինք այդ հաշիւները, բայց չեկան: Հիւանդանո՞ցը գոցէինք ատոր համար:

Տիար Թումայեան. Հաշիւ տալու պարտատրութիւն ունեցողներէն շատեր հեռուն են: կը հասկնամ, որ ժամանակ չկայ իրենցմէ տեղեկութիւն ստանալու: Բայց կան ուրիշներ, որոնք այստեղ են, օրինակի համար' Բրոբականտի Պիւրօն: Կարելի չէ՞, որ անոնցմէ գոնէ տեղեկութիւն ուզուի:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Երբ Պատուիրակութիւնն իր համարատոտւթեան մասին պատասխաններ տայ, այն ատեն կրնաք հարցումներ ուղղել նաեւ այս խնդիրներուն նկատմամբ:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Կը ձայնակցիմ Տիար Տէօվլէթեանի այն խօսքերուն, թէ մենք չպիտի կրնանք ասկէ ետքը ոեւէ կարեւոր գումար հաւաքել եթէ Պատուիրակութիւնը շարունակէ իր գործունէութիւնը այս պայմաններով, եթէ տեղեկութիւն չտայ իր Առաքելութեանց գործունէոլթեան եւ դրամներոլ գործածութեան եղանակին նկատմամբ:

Տիար Վ. Թէքէեան. Այնպէս կը կարծեմ, թէ Տիար Տէօվլէթեան կը շփոթէ Պատուիրակութեան գործունէութիւնը Մանչեսթրի գաղութին գործունէութեան հետ: Մանչեսթրի հայերը հանգանակութուն կատարած են որոշ նպատակի մը, օրինակ՛ բարեգործութեան համար, եթէ բրոբականտի մաս մըն ալ կայ իրենց գործունէութեան