Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/594

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մէջ, այն ալ տեղական հանգամանք ունի, կը կատարուի շատ որոշ սահմանի մը մէջ եւ կարելի է դիւրաւ քոնթրոլի ենթարկել: Մինչդեռ Պատուիրակութիւնն ունի շատ ընդարձակ գործունէութիւն, եւ իր ըրած ծախքերէն մէկ քանին կերպով մը կը նմանին այն ծախքերուն, որոնք կառավարութեան մը ելեւմտացոյցին մէջ նշանակուած են «գաղտնի վարկեր» անունով: Ծախքեր կան, որոնք չեն կրնար յայտնուիլ, մանրամասնոփլ, թերեւս կարելի նկատուի անորոշ կերպով մը ծանուցանել զանոնք, բայց այդ ձետվ ծանուցուիլը ճշգրիտ հաշուետուութեան մը դերը չի կրնար խաղալ եւ սպասուածին բոլորովին հակառակ արդիւնք մը կու տայ: Այս մասին կարելի է քիչ մը վստահութիւն ընել Պատուիրակութեան: Պէտք չէ մոռնալ, որ Պատուիրակութեան Նախագահը կէս առ կէս իր կողմէ ըրած է բրոբականտի ծախքերը: Գալով դրամի համար եղած դիմումներուն, միանգամայն ամեն կողմէ այդ կարգի դիմումներ կը հասնին Պատուիրակութեան: Կարելի չէ անմիջապէս ստուգել, թէ ի՞նչ է իրական պէտքը՝ ըստ այնմ դրամ ղրկելու համար: Երբ ցոյց տրուած պէտքը անմիջապէս օգնութիւն պահանջող բան մըն է, ստիպուած կը ղրկէ դրամը: Տիար Տէօվլէթեան մասնատրաբար Կիլիկիոյ պարագային վրայ ծանրացաւ, եւ ըսաւ, թէ քանի որ աեդեկութիւն չէին տար իրենց գործունէութեան մասին, պէտք էինք դադրեցնել դրամի առաքումը, բայց անդին պահանջը կար, տեղեկութիւն հասնէր կամ ոչ դրամը պէտք էր: Գաղթեցնելով դրամի առաքումը, պարզապէս աղէտ մը պիտի ըլլար: Միջոց մը մեր կամքէն անկախ պատճառներով, չկրցանք դրամ ղրկել: Հեռագիր հեռագրի վրայ հասաւ, շեշտելով պահանջը որ կար: Տոքթ. Ղազարոսեան նոյնիսկ Պոլիս դիմած էր, եւ այնտեղէն ալ, զգալով անհրաժեշտութիւնը, դրամ ղրկած էին:

Դիտողութիւններ եղան նաեւ այլ եւ այլ անձերու ճամբու ծախքին համար վճարուած գումարներու մասին: Այդ մարզիկը կը փափաքէին Հայրենիք վերադառնալ, բայց միջոց չունէին: Փոխանակ այստեղ տանելու եւ բեռ աւելցնելու, լաւագոյն չէ՞ր, որ երթային իրենց Հայրենիքը, ուր կրնային օգտակար դառնալ: Պատ.-թիւնն այս մտածումով վճարեց անոնց ճամբու ծախքերը: Տոքթ. Բարսեղեան յիշեց մասանատրաբար Տոքթ. Ռուբէնի պարագան: Տոքթ. Ռուբէն եկած էր Զօրավար Անդրանիկի հետ: Անդրանիկի դիրքը ունեցող անձ մը չէր կրնար անշուշտ մինակը ճամբորդել, եւ այն միջոցին որ Տոքթ. Ռուբէն Հայրենիք պիտի վերադառնար, Զօրավարը միջոց չունէր անոր ճամբու ծախքը հոգալու:

Տոքթ. Բարսեղեան. Կը կրկնեմ, որ Պատուիրակութիւնը աւելի բարեգործական ընկերութեան մը դերը կատարեր է:

Տիար Տէօվլէթեան, պատասխանելով Տիար Թէքէեանի ակնարկութեան, թէ կարելի է քիչ մը վստահութիւն ունենալ Պատուիրակութեան մասին, ըսաւ, թէ ինք երբեք չէ ուզած Պատուիրակութիւնը կասկածի ենթարկել եւ թէ միշտ առաջինը պիտի ըլլայ Վսեմ. Պօղոս Փաշայի առատաձեռնութիւնը հռչակող:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 5-ին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 61, թթ. 33-42: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ ԺԳ

8 Յունիս 1920, ժամը 3 ու կէսին,

Նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի:

Ներկայ էին 15 պատգամաւոր՝

Ամեն.Դուրեան Սրբազան, Տոքթ. Բարսեղեան, Թէրզիպաշեան, Թէքէեան, Թումայեան, Հանըմեան, Մսըրլը Պէյ, Տոքթ. Նեւրուզ, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան, Տէօվլէթեան, Ֆնտգլեան:


Տեքստում այդպես է: Ծանոթ.կազմ.: