Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/595

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Օրակարգ

1. Շարունակութիւն վիճաբանութեան Ազգ. Պատոփրակութեան համարատուութեան

2. Տեղեկագիր Ազգ. Պատոփրակութեան Կազմական Կանոնների Յանձնաժողովին

3. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան


Օրակարգ

1. Համարատուութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

Պատասխանելու համար Ազգ. Պատուիրակութեան տեղեկագրին կազմութեան եւ յարակից խնդիրներու մասին եղած քննադատութեանց, խօսք առաւ Ազգ. Պատ -թեան անդամ եւ տեղեկաբեր

Տիար Արշակ Չօպանեան. Տիար Թէրզիպաշեանի կողմէ մեր տեղեկագրին ձեւին նկատմամբ Եղած քննադատութեանց պիտի պատասխանեմ այսօր, յանուն Պատուիրակութեան: Կրնայ ըլլալ որ, ինչպէս ինք ըրաւ, ես ալ ստիպուիմ մերթ Պատուիրակութեան գործունէութեան էութեան նկատմամբ քանի մը խօսք ընել: Բայց ամբողջական պատասխանը այդ մասին Պատուիրակութեան Նախագահը պիտի տայ անձամբ: Տիար Թէրզիպաշեան իր քննադատութեանց մէջ գլխաւորաբար սա Եգրակացութեան հասաւ, թէ Պատուիրակութիւնը իրեն յանձնուած գործին մէջ ձախողած է, թէ Թրքահայաստանի դատը վերջնականապէս կորած է հաշտութեան դաշնագրին մէջ եւ թէ այս ամբողջ ձախողութիւնը առաջ եկած է անոր համար, որ Պատուիրակութիւնը հարկ եղած կորովը չէ ունեցած, բոլոր անհրաժեշտ դիմումները չէ ըրած ու միւս կողմէ չափազանց ենթարկուած է Հանրապետութեան Պատուիրակութեան ազդեցութեան անոր տեսակէտները ընդունելու, անոր քաղաքականութիւնը իւրացնելու, անոր ձեռքը գործիք դառնալու աստիճան: Տիար Թէրզիպաշեան այս ամէնուն ցոլքը տեսնել կարծեց տեղեկագրին մէջ, ըսելով, որ այնտեղ յիշատակութիւնը չկայ շատ մը դիմումներու որոնք պէտք էին կատարուած ըլլալ, թէ ընդհակառակը՝ ջանք մը կայ եղածները աւելի փայլուն եւ արդիւնաւոր ցոյց տալու, եւ թէ, ընդհանուր առմամբ, Պատուիրակութիւնը իրեն վերագրեր է արժանիքներ, որոնք իրեն չեն վերաբերիր:

Ես ալ իմ մասիս դիտողութիւն մը պիտի ընեմ եղած քննադատութեանց սիսթէմին նկատմամբ: Այդ քննադատութեանց մէջ պակաս մը կայ: Յարգելի քննադատներէն շատերը մեզի չուղղեցին այն բոլոր հարցումները, զորս կը սպասէինք: Դիտողութիւնները ընդհանրապէս եղան շատ սահմանափակ հարցումներէ ետք: Մենք սակայն աւելիին կը սպասէինք, եւ ատոր համար էր, որ տեղեկագրին մէջ դրուած էր հետեւեալ հատուածը. «Երկար պիտի ըլլար թուել այն բոլոր դիմումները, որոնք կատարուեցան, այն բոլոր յուշագիրներն ու յիշատակագիրները, որոնք ներկայացուեցան Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան կողմէ, այս պաշտօնը գործադրելոլ համար: Պիտի տանք միայն մէկ ամփոփումը Պատուիրակութեան գործունէութեան լայն գիծերուն, պատրաստ ըլլալով լրացուցիչ տեղեկութիւններ հայթայթելու Համագումարի այն անդամներուն, որոնք հարցումներ պիտի ուղղեն մեզ»: Այս տողերը վրիպած են նաեւ Տիար Թէրզիպաշեանի ուշադրութենէն, այլապէս գոնէ այս մասին պիտի զգուշանար Պատուիրակութիւնը մեղադրելէ:

Այս դիտողոլթիլնը ընելէ վերջ կանցնիմ Տիար Թէրզիպաշեանի քննադատութեանց.