Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/596

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

1. Տեղեկագրոյն մէջ յիշատակուած էր այն նամակը, զոր Պատուիրակութիւնը 1919 Ապրիլ 11-ին, մանտայի խնդրին համար ուղղած էր Պ. Լանսինկի: Տեղեկագրին մէջ այղ մասին ըսուած էր, թէ որոշ պատասխան մը չտրուեցաւ ամերիկեան կառավարութեան կողմէ, որ չէր կրնար Հայաստանի հոգատարութեան ընդունուիլը որոշել Ծերակոյտին կողմէ Ազգերու Ընկ.-թեան դաշնաթուղթին վաւերացումէն առաջ: Տիար Թէրզիպաշեան դիտողութիւն ըրաւ, թէ քանի որ այդ միջոցին տակաւին Ազգերու Ընկերակցութեան դաշնաթուղթը դեռ չէր ստորագրուած, Պատուիրակութիւնը ինչպէ՞ս կրնար այղ ենթադրութեամբ արդարացնել իր նամակին պատասխան տրուած չըլլալը: Դարձեալ Տիար Թէրզիպաշեան դիտողութիւն ըրաւ, որ Պատուիրակութիւնը իրաւունք չունէր ըսելու, թէ Նախ. Ուիլսըն եւ ամերիկեան Պատուիրակութիւնը յայտնի փափաք ցոյց կու տային մանտան ընդունելու, քանի որ Նախ. Ուիլսընի հետ տեսնուող Դուրեան Արք -ի եւ Պատուիրակութեանց Նախագահներին՝ Համագումարին մէջ ըրած յայտարարութիւններէն տեսնուեցաւ, որ Նախ. Ուիլսըն բացորոշ բան մը չէր ըսած այդ մասին, այլ միայն ըսած էր, թէ եթէ Ամերիկա ոեւէ մանտա ընդունի, ատիկա պիտի ըլլայ Հայաստանի մանտան: Տեղեկագրին այդ պարբերութիւնը կը պաքթանի բոլոր գրաւոր եւ բերանացի յայտարարութեանց, զորս Նախ. Ուիլսըն եւ Ամերիկեան Պատուիրակութեան զանազան անդամները ըրած են Հայկ. Պատուիրակութեան ներկայացուցիչներին ո՛չ միայն Համագումարի ատեն, այլ մանաւանդ՝ Ապրիլ 11-ի նամակին ղրկուելէն յետոյ: Այդ նամակը ղրկուելու միջոցին Ազգերու Ընկ.-թեան դաշնաթուղթը ճիշդ է, որ դեռ չէր ստորագրուած, բայց անոր գաղափարը մէջտեղն էր, եւ ամեն ոք գիտէր, որ Ամերիկեան Պատուիրակութիւնը մանտա ըսելով Ազգերու Ընկերակցութեան անունով կատարուելիք հոգատարութիւն կը հասկնար:

2. Տեղեկագրին մէջ ըսուած էր, թէ 1919-ի գարնան վերջերը եղաւ վայրկեան մը, ուր Ամբողջական Հայաստանի մը ծրագիրը, այնպէս ինչպէս Համագումարը սահմանագծած էր, եւ որ առաջին օրէն իսկ Ամերիկեան Պատուիրակութեան հաւանութիւնը գտած էր, սկզբունքով ընդունուեցաւ Դաշնակիցներէն, ինչպէս յայտնի կ՛ըլլար Թուրքիոյ բաժանման մասին թերթերի մէջ տեսնուող կէս-պաշտօնական նօթերէն: Տեղեկագիրն այս առթիւ յիշատակած էր նաեւ, թէ ֆրանսական կառավարութիւնը ինքզինքը պատրաստ ցոյց տուած էր հրաժարելու Կիլիկիոյ վրայ ունեցած յաւակնութիւններէն, բացի Ալեքսանտրէթէն, եթէ Ամերիկա ստանձնէր Հայաստանի մանտան: Տիար Թէրզիպաշեան ըսաւ, որ այսպիսի հաւաստում մը կարելի չէ ընել, լրագիրները կրնան գրած ըլլալ, եւ սակայն, թերթերու այդ հրատարակութիւնները հաստատ քաղաքական բանակցութեանց վրայ հիմնուած եւ պետութիւններէն ներշնչուած էին: Մեզի ծանօթ էր ամէնահաստատ աղբիւրներէ, թէ այդ օրերուն իրապէս խօսակցութիւններ տեղի ունեցան Նախ. Ուիլսընի, Պ. Լլոյտ ճորճի եւ Պ. Քլէմանսոյի միջեւ, որ եթէ Ամերիկա ընդունի Հայաստանի մանտան, Ֆրանսա պիտի զիջի Կիլիկիան, բացի Ալեքսանտրէթէն: Ել Քէ տՕրսէի հետ ուղղակի շփման մէջ գտնուող անձնաւորութիւններէ իմացած ենք, թէ Արտաքին Գործոց նախարարութեան պիւրոները քննադատեցին Պ. Քլէմանսօն, որ Կիլիկիայէն հրաժարած է՝ անոր արժէքը չճանչնալուն համար, ինչպէս աւելի վերջը նոյն քննադատութիւնն ըրին Մոսուլի լքման մասին:

Տիար Բրօֆ. Թումայեան. Պ. Լլոյտ ճորճ ալ յայտարարեց, որ եթէ Ամերիկա ընդունի Հայաստանի մանտան, Ֆրանսա պիտի լքէ Կիլիկիան:

Տիար Արշակ Չօպանեան. Խնդիրը ամեն կողմ ծանօթ էր արղէն իբր Ֆրանսայի կողմէ բացայայտ յանձնառութիւն մը:

3. Տիար Թէրզիպաշեան հեգնութեամբ հարցուցած էր, թէ քանի մը հնդիկներու Փարիզ եկած ըլլալը ի՞նչ ւիոփոխութեան կրնայ ենթարկած ըլլալ քաղաքական դրութիւնը:

Ամէնուն յայտնի է արղէն, թէ նոյնիսկ Անգլիոյ մէջ երկու տեսակ քաղաքականութիւն կայ մահմետականներու նկատմամբ, քաղաքականութիւն մը, որ