Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/597

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մահմետականներուն երես կու տայ, եւ ուրիշ քաղաքականութիւն մը, կը մղոփ զանոնք սանձելու, զանոնք եւրոպական քաղաքակրթութեան պայմաններուն ենթարկելու: Այն միջոցին, ուր բրիտանական դահլիճին մէջ Հնդկաստանի նախարար Պ. Մոնթակին Փարիզ առաջնորդեց հնդիկ պատուիրակութիւնը, մահմետականները զսպելու ձգտող քաղաքական հոսանքը զօրատր էր թէեւ, բայց Պ. Մոնթակին եւ հնդիկները, միանալով Թուրքիոյ բաժանման հակառակորդներուն, յաջողեցան քաղաքական նոր հոսանք մը առաջ բերել, եւ այդ հոսանքը վնասեց մեր դատին: Միեւնոյն ատեն Ամերիկայի մէջ հասաըակութեան հոսանք մը կը գոյանար Նախ. Ոփլսընի եւ անոր կողմէ պաշտպանուած Ազգերու Ընկերակցութեան գաղափարին դէմ: Տեղեկագիրը չէ ըսած, թէ այս հոսանքն ալ թրքասիրական շարժումի մը արդիւնք է, եւ զայն չէր նոյնացուցած հնդիկ պատուիրակութեան գործունէութեան հետ, ինչպէս ենթադրեց Տիար Թէրզիպաշեան: Ամերիկայի մէջ առաջ եկած հոսանքը, ինչպէս ամբողջ աշխարհը գիտէ, թրքասիրութեան հետ կապ չունէր, յիշատակած էինք զայն իբր մէկը այն արգելքներէն, որոնց բաղխեցաւ Պատուիրակութեան գործունէութիւնը:

4. Տիար Թէրզիպաշեան աւելորդ նկատեց Պ. Քլէմանսոյի ստորագրութեամբ թուրք պատուիրակներուն տրուած պատասխանին յիշատակումը, առարկելով, որ Պատուիրակութիւնը ոեւէ դեր չէ ունեցած անոր խմբագրութեան մէջ: Կ՚արժէ յիշել այս մասին, որ այդ նամակը թէեւ Պ. Քլէմանսոյի ստորագրութիւնը կը կրէ, բայց լոկ անոր անձնական կարծիքը չի ներկայացներ, այլ կը ներկայացնէ ամբողջ Դաշնակից պետութեանց կարծիքը այդ րոպէին, եւ նոյնիսկ հաստատուեցաւ, թէ անոր խմբագրութեան մէջ կարետրագոյն դերը ունեցած է ո՛չ թէ Պ. Քլէմանսօ, այլ՝ Պ. Պալժուր: Համամիտ չեմ Տիար Թէրզիպաշեանի առարկութեան: Մեր դատին համար այնքան նպաստաւոր այդ փաստաթուղթը, իբր որոշ րոպէ մը Երեւան եկող յոաալից երեւոյթ մը, պէտք է յիշատակուեր տեղեկութեան մէջ, ինչպէս յիշատակուած էին աննպաստ երեւոյթները: Մարդ երբ Պատուիրակութեան ինչպէս ոեւէ մարմնի գործունէութեան գլխաւոր գիծերը ցոյց կու տայ, պարտական է նկատի առնել եւ մատնանիշ ընել նաեւ անոր շուրջ երեւան եկող քաղաքական մեծ երեւոյթները նպաստաւորներն ալ, աննպաստաւորներն ալ, որոնք իրենց անխուսափելի ազդեցութիւնը կ՛ունենան անոնց գործունէութեան վրայ: Միա կողմէ իրաւունք ունինք ենթադրելու, թէ Հայ Պատուիրակութեան ճիգերն ալ, ինչպէս միա բոլոր ճնշուած ազգերու ճիգերը, որոշ բաժին մը ունեցան, որ այդ տոքխմանը այդ ձեւով խմբագրուի:

5. Տիար Թէրզիպաշեան մեղադրեց Ազգ. Պատուիրակութիւնը, թէ միմիայն Պ. ճերարտի մէկ հեռագրին վրայ մեծապէս յոաահատեր է ամերիկեան մանտայէն եւ ճերարտի տեսակէտը ընդունելով, այլեւս ետ վեցեր է Ամերիկայի մանտան պահանջելէ: Բոլորովին սխալ է ասիկա: Տեղեկագրին մէջ ճերարտի հեռագրի խօսք չկայ, այլ՝ ակնարկուած է ընդարձակ յիշատակագրի մը, որ ճերարտի ստորագրութեամբ Ամերիկայի կառւսվարութիւն ղրկուած է ամբողջ Ամերիկեան Հայասիրական Քոմիթէին կողմէ: Ասկէ զատ, այդ յիշատակագրին տրուելէն առաջ տեղի ունեցած էին կարգ մը իրողութիւններ, որոնք մանրամասնաբար յիշատակուած են տեղեկագրին մէջ, ինչպէս Պ. Լոթի եւ Հանրապետական Կուսակցութեան միա անդամներուն յայտարարութիւնները, որոնցմով խորհուրդ կու տային չպնդել մանտայի մասին, ինչպէս մանաւանդ նոյն հաւանականութիւնը թէ Նախ. Ուիլսըն չպիտի յաջողի մեծամասնութիւն ձեռք բերել Շերակոյտին մէջ, հաւանականութիւն, որ հաստատուեցաւ անկէ ի վեր, զոր նախատեսելով Ամերիկայի մեր ամէնէն ականաւոր բարեկամները խորհուրդ տոլին մեզի մանտայի հարցը լքելու: Ասոնցմէ Պ. Տեւիսը, փոխ՜նախագահը Հայաստանի Անկախութեան Քոմիթէին, մեզի գրեց, թէ ձեր շահուն համար մի պնդէք մանտային վրայ, այլ՝ ընդհանուր կերպով Ամերիկայի օգնութիւնը ուզեցէք: Կը յիշեմ նաեւ Պ. Կիպընսը, որուն անունը կարծեմ ծանօթ է ամեն հայու: Պ. Կիպընս, որ գործակցած էր նախորդ Պատուիրակութեան եւ անոր կողմէ մասնաւոր պաշտօնով Ամերիկա գացած էր, ջերմապէս կը հաւատար, թէ Ամերիկա պիտի ընդունի