Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/598

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հայաստանի մանտան, իր այս հաւատքը նոյնիսկ երկու անգամ հրապարակաւ յայտնած էր միթինկներու մէջ: Եւ սակայն ինքն իսկ, Պատուիրակութեան կողմէ մանտայի պահանջման լքումէն 4-5 ամիս առաջ գրեց մեզի, թէ այլեւս բնաւ յոյս չկայ, որ Ամերիկա ընդունի Հայաստանի մանտան:

6. Տեղեկագրին մէջ յիշուած է նաեւ ծերակուտական Պ. Ուիլեամսի այն բանաձեւը, որով կը խնդրէր ամերիկեան կառավարութենէն՝ օգնել հայ պետութեան, առանց սպասելու Ազգերու Ընկերակցութեան վէճին լուծման, 50 միլիոն տոլարի փոխատոտւթիւն մը ընելով եւ 10 000 զինոտր ղրկելով Հայաստան:

Տիար Թէրզիպաշեան կը մեղաղրէ Պատ.-թիւնը, թէ այս բանաձեփն ընդունելութեան համար գաղութներուն յանծնարարած է դիմումներ կատարել ամերիկեան Ծերակոյտին: Չենք հասկնար, թէ ինչո՛ւ այսպիսի թելադրանք մը ըրած ըլլալուն համար մեղադրելի է Պատ.-թիւնը: Առանց երբեք մանտայի գաղափարէն հրաժարած ըլլալու, Պատ.-թիւնը, նկատի առնելով Հայաստանի անմիջական օգնութեան անհրաժեշտութիւնը, գաղութներուն թելադրած է որպէսզի ձայնակցին Պ. Ուիլեամսի բանաձեփն եւ խնդրեն, որ ընդունուի:

7. Տիար Թէրզիպաշեան հարցուց, թէ ինչո՞ւ Մասեհեան Խան Ամերիկա չգնաց, եւ ինչո՞ւ անոր մերժումէն վերջ ամբողջ ամիսներ Պատուիրակութիւնը ուրիշ ներկայացուցիչ մը չղրկեց: Հարցուց նաեւ, թէ ինչո՞ւ վերջէն երկու հոգի ղրկուեցաւ, հակառակ անոր, որ Մասեհեան Խան պիտի երթար Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան անունով: Մասեհեան Խանի մերժումը բացատրելու համար ըսեմ, որ ինք, մեկնելէ առաջ, պէտք տեսաւ հաւանութիւնը ստանալու պարսիկ կառավարութեան, որուն պաշտօնատարներէն էր, եւ որուն ծառայած էր երկար տարիներ: Այդ միջոցին անցագրի մեծ դժուարութիւններ ալ կային, որով Մասեհեան Խան չէր կրնար մեկնիլ անմիջապէս: Տակափն այդ դժուարութիւնները չհարթեցուած, պարսիկ կառավարութեան կողմէ հասաւ պատասխանը, որ մերժում մըն էր: Մասեհեան Խան ստիպուեցաւ խորին ցաւով հրաժարիլ: Այստեղ կը յիշեմ, որ Մասեհեան Խան նախորդ Պատուիրակութեան ամենալայն աջակցութիւն մը նուիրած էր միշտ, բայց նոյն նկատումը զինքը ստիպած էր ոչ-պաշտօնական կերպով մը կատարելու այդ աջակցութիւնը, եւ այդ նկատումով է, որ իր անունը երբեք մեջտեղ չէ դրուած: Երբ իր մերժումը տեղի ունեցաւ, իսկոյն որոշուեցաւ ուրիշ անձնաւորութիւն մը ղրկել: Բացարձակապէս համաձայն եմ, թէ պէտք էր կարողագոյն մարդը ղրկել Ամերիկա: Բայց շնորհակալ պիտի ըլլայի եթէ այս դիտողութիւնն ընող քննադատները նոյն ատեն անուններ տային: Եթէ մինչեւ Տիար Բրօֆ. Տէր-Յակոբեանի առաքումը երկու-երեք ամիսներ անցան, պատճառը սա էր, որ կարելի չեղաւ մարդ գտնել: Եւ ապացոյց, թէ Պատուիրակութիւնը ջերմապէս կը փափաքէր փութացնելու ներկայացուցիչի մը առաքումը, վերջ ի վերջոյ իր անդամներէն մէկը ղրկեց, եւ ճիշդ այն, որ ամէնէն աւելի մօտիկ յարաբերութիւններ ունէր ամերիկեան շրջանակներու հետ:

Ինծի կը մնայ յայտնել, թէ ինչո՞ւ Տիար Փաստրմաճեան ալ գնաց: Նախ ինչպէս մեր ընկերներէն Տիար Թէքէեան ըսաւ, սխալ է, թէ Բրօֆ. Տէր-Յակոբեանը որոշեցինք ղրկել Տիար Փաստրմաճեանի մեկնումը որոշուելէն ետք: Երբ Մասեհեան Խանը ղրկել որոշած էին, Ազգ. Պատուիրակութիւնը բնաւ առարկութիւն չըրաւ: Դիտողութիւն չըրաւ նաեւ երբ Մասեհեան Խան իրեն քարտուղար նշանակեց Տիար Լեւոն Շանթը, որ ո՛չ իսկ անգլերէնի հմուտ էր եւ որուն տեղ կարելի էր յարմարագոյն անձ մը նշանակել: Բայց երբ Ազգ. Պատուիրակութիւնը որոշեց Բրօֆեսէօրը ղրկել, Հանր. Պատուիրակութիւնը ըսաւ, թէ Բրօֆեսէօրը մինակը չի բաւեր, եւ թէ պէտք է անոր հետ ուրիշ անձնաւորութիւն մը ղրկել: Ապացոյց թէ Ազգ. Պատուիրակութիւնը կոյր հետեւող չէ եղած Հանր. Պատուիրակութեան տեսակէտներուն, եւ չէ գործած անոր ճնշման տակ՝ բացարձակ կերպով մերժեց այդ պահանջումը, մատնանիշ ընելով, թէ դատողութեան այդ եղանակը վիրաւորիչ էր Բրօֆ. Տէր-Յակոբեանի համար, որ թէ