Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/599

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ամերիկեան շրջանակներու հետ իր ունեցած յարաբերութիւններով եւ թէ՛ իր լուրջ ու շրջահայեաց գործունէութեամբ մեծ օգտակարութիւն ունեցած էր եւ կրնար ունենալ: Հանր. Պատուիրակութիւնը պնդեց իր տեսակէտին վրայ, որմէ Ետք Բրօֆեսէօրը ճամբայ ելաւ: Իրենք ալ Տիար Փաստրմաճեանը ղրկեցին ո՛չ թէ Հանր. Պատուիրակութեան կողմէ, այլ՛ իբր Հանր. կառավարութեան Ամերիկայի դիւանագիտական ներկայացուցիչ: Հանր. Պատուիրակութեան՝ այս խնդրին մէջ բռնած ընթացքը մեկնելու համար ըսեմ, թէ իրենք կը կասկածէին, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը եւ իր ներկայացուցիչը Ամերիկայի մէջ պիտի աշխատէին արգելք ըլլալ Հանր. կառավարութեան de facto ճանաչման: Տիար Փաստրմաճեան Զօր. Բագրատունիի տանը անձամբ այս կասկածը յայտնեց Բրօֆեսէօրին: Ես հոն էի, բողոքեցի ամէնաուժեղ կերպով, նոյնիսկ Բրօֆեսէօրը այնքան յուզուած էր այդ առթիւ, որ քիչ մնաց նուաղեր: Բողոքեցինք, որովհետեւ Ազգ. Պատուիրակութիւնը ո՛չ միայն այդ տեսակ մտաղրութիւն մը չանէր, այլ ինք մանաւանղ կը փաւիւսքէր, որ Հանր. կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչցոփ օր առաջ:

Եւ արդեն Բրօֆ.-ը նոյն մտքով եւ մեծ եռանդով աշխատեցաւ Ամերիկայի մէջ, ինչպէս Տիար Փաստրմաճեան ալ՛ իր կողմէ:

8. Տիար Թէրզիպաշիան ըսաւ, թէ Պատուիրակութիւնը ինչպէ՞ս կրնար Լորտ Քըրգընի մեկ բառով փոխել իր գործունէութեան ուղեգիծը: Ինչպէս արդէն անգամ մը ըսի, վերստին դիտել կու տամ, թէ լոկ Լորտ Քըրգընի յայտարարութեան վրայ չէր, որ այդ որոշման յանգեցանք: Ամերիկայի թէ՛ Փարիզի եւ թէ՛ Լոնտոնի դեսպանները նոյնպէս բացորոշ կերպով յայտարարեցին, թէ այլեւս ոեւէ յոյս չկայ, որ Ամերիկա ընդունի Հայաստանի մանտան: Ասկէ զատ կային ուրիշ բւսգմաթիւ իրողութիւններ եւ հանգամանքներ, զորս յիշած ենք տեղեկագրին մէջ:

9. Տիար Թէրզիպաշեան հեգնութեամբ տկնարկեց տեղեկագրին այն տողերուն, որոնց մէջ ըսած էինք, թէ Պատուիրակութիւնը ոեւէ իրաւալքում չընդունեց հայկական պահանջմանդ մասին: Բացատրելէ ետք այն պատճառները, որոնց բերումով ստիպուած էինք ազգ. ծրագիրը պատշաճեցնել ստեղծուած նոր կացութեան, տեղեկագրին մէջ որոշապէս յայտնած էինք, թէ Հայաստանի այն մասին համար, զոր կարելի չէր ըլլար կցել Հանրապետութեան, պահանջեցինք, որ գոնէ ազատեն թուրք տիրապետութենէն եւ Ագգերու Ընկերակցութեան անունով դրուին պետութեան մը մանտային տակ, ինքնավար ռեժիմով մը: Ի՞նչ կրնար ընել Պատուիրակութիւնը, երբ բացորոշ կերպով կըսէին, թէ շատ տեղ կը պահանջենք եւ թէ անկարելի է մեր բոլոր պահանջներում գոհացումը: Աշխատեցանք կարելին փրկել: Ինչ որ ըրինք այդ հարկեցուցիչ պատճառներուն ստիպման տակ՝ իրաւալքում մը չէ:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Գրաւո՞ր ըրիք այդ պահանջը:

Տիար Ա. Չօպանեան. Այո՛, նոյնիսկ Զօրավար Կորկանեանի մէկ քարտէզով: Տակաւին անկէ ետք ալ, Սան Ռեմոյի մէջ, շատ որոշ կերպով յայտարարեցինք, թէ չենք հրաժարիր մեր պահանջումներէն եւ նորէն կրկնեցինք, որ Հայաստանի չկցուած հայկական հողամասերը ազատուին թրքական վարչութենէն եւ օժտուին ինքնավար ռեժիմով մը:

Տիար Թէրզիպաշեան. Ձեր տիրէքթիւներուն մէջ ինքնավարութեան խօսք չկար, այլ՝ անկախութեան: Պէտք էր ամբողջին անկախութիւնը պահանջել:

Տիար Չօպանեան. Գոնէ կարելի եղած մասին անկախութիւնը պահանջեցինք, եւ մնացեալ մասն ալ աշխատեցանք փրկել այն ձեւով, որով կարելի էր: Տիար Թէրզիպաշեան կը մեղադրէ Պատուիրակութիւնը, թէ այսպիսի փոփոխութիւն մը ընդունելէ առաջ ինչո՞ւ Համագումարը չհրաւիրեց: Կարելի չէր Համագումարը հրաւիրել անմիջապէս: Դէպքերը գահավիժման մէջ էին, չէինք կրնար սպասել: Կրնայի նք Գերագոյն Խորհուրդին ըսել, որ մենք Ազգ. Համագումարէն որոշ տիրէքթիւներ ունինք, չենք կրնար անոնցմէ շեղիլ, սպասեցէ՛ք, որ Համագումարը