Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/600

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հաւտքուի, անոր որոշման համեմատ պատասխանը կու տանք: Պարզապէս մեր վրայ պիտի խնդային:

Տիար Տիրան Տէօվլէթեան. Ո՞ր քոնֆերանսին մէջ պահանջուեցաւ չկցուած հողամասերու ինքնավարութիւնը:

Տիար Չօպանեան. Թէ՛ Փարիզ, թէ՛ Լոնտոն եւ թէ՛ Սան Ռեմո, միշտ գրաւոր:

10. Տիար Թէրզիպաշեան ըսաւ նաեւ, թէ Ազգերու Ընկերակցութիւնը մերժած է Հայաստանի մանտան, եւ թէ այդ մերժումը հաւատարմաբար չէ արձանագրուած տեղեկագրին մէջ: Բայց Ազգերու Ընկերակցութիւնը չէ մերժած, այլ միայն ըսած է, թէ ինք իր դաշնաթուղթին տրամադրութիւններով, չի՛ կրնար ուղղակի մանտա ստանձնել, թէ պէտք է մանտաթէր պետութիւն մը, որ իր անունով ստանձնէ այղ մանտան եւ որուն ելեւմտական ու զինուորական աջակցութիւն ըլլայ, եւ թէ յանձն կառնէ գտնել այդ պետութիւնը, յանձնառութիւն, որմէ չի հրաժարած մինչեւ այսօր: Նոյնիսկ Լորտ Ռոպէրթ Սէսիլ, որ անդամ է Ազգերու Ընկերակցութեան Խորհուրդին, պատասխանելով անգլ. կարեւոր լրագրի մը այն հրատարակութեան, թէ Ընկերակցութեան պատասխանը մերժողական եղած էր, հաստատեց, թէ Ազգերու Ընկերակցութիւնը երբեք չէ մերժած Գերագոյն Խորհուրդին առաջարկը:

11. Տիար Թէրզիպաշեան բոլորովին անճիշղգտաւ, թէ Պոլսոյ գրաւումը կապ ունեցած ըլլար Հայկական Խնդրին հետ: ճիշդ է, որ այղ գրաւումէն ետք նորէն հայկական ջարդեր տեղի ունեցան, բայց անուրանալի է որ անգլ. կառ.-թիւնն այդ գրաւումը որոշեց Մարաշի ջարդերէն յետոյ, Պատուիրակութեան ըրած դիմումներում հետեւանքով, մասնաւորապէս Կիլիկիոյ հարցին նուիրուած Գերագոյն Խորհուրղի երկու նիստերում մէջ, իբր միջոց մը քրիստոնէից ղէմ թուրք ազգայնականներու յարծակումները դաղրեցնելու: Միեւնոյն ժամանակ, Անգլիոյ մէջ սկսաւ ամէնաբուռն հակաթուրք պայքար մը, որուն գլուխն անցան Լորտ Ռոպէրթ Սէսիլ եւ Լորտ Պրայս, եւ որ Կիլիկիոյ խժղժութեանց վրայ յենելով մանաւանղ, կը պահանջէր նոյնիսկ սուլթանին վտարումը Պոլսէն: Անգլ. շատ մը կարեւոր թերթեր հայկական ջարդերը եւ Պոլսոյ գրաւման որոշումը կը կապէին իրարու հետ, թէպէտ եւ Պատուիրակութիւնը իր դիմումներում մէջ այդպիսի թելադրանք մը չէր ըրած, այլ պահանջած էր պարզապէս խիստ միջոցներ ձեռք առնել Կիլիկիոյ մէջ հայոց կեանքը ապահովելու համար:

12. Հռոմի ամերիկեան դեսպան Պ. ճոնսընի յայտարարութեան մասին եղած ակնարկութեան պատասխանեց արդէն Պատ.-թեան Նախագահը. «Հայկական Խնդիրը բարեկամ ձեռքերու մէջ է» խօսքը, զոր Պ. ճոնսըն ըրած էր, կակնարկէր լոկ Ամերիկայի եւ ոչ թէ ուրիշ Դաշնակից ազգերու, ինչպէս ենթադրեց Տիար Թէրզիպաշեան, հակառակ որ տեղեկագրին խմբագրութիւնը այդպիսի շփոթութիւն մը չտար: Պ. ճոնսընի այդ խօսքը կարժէր յիշատակել, որովհետեւ ինք իր կառավարութեան հրահանգով ներկայ գտնուած էր Սան Ռեմոյի մէջ Գեր. Խորհուրդի այն նիստին, ուր Հայոց Հարցը նկատի առնուեցաւ:

13. Տիար Թէրզիպաշեան ըսաւ, թէ տեղեկագիրը չի յիշատակեր այն տեսակ դիմումներ եւ աշխատութիւններ, որոնք կատարուած ըլլան հատուցման հարցին, ինչպէս նաեւ հայկական ջարդերու հեղինակներուն պատժուելուն համար: Նախ տեղեկագրին մէջ, թէպետ համառօտակի, յիշատակուած է, թէ այդ դիմումներն եղած են: ճիշդ է, որ անոնք իրենց ամբողջութեան մէջ չեն ընդունուած, բայց որոշ մաս մը ընդունուած եւ դաշնագրին մէջ անցած է: Ջարդերու հեղինակներում նկատմամբ դաշնագրին մէջ ամբողջ գլուխ մը կայ:

Տիար Թէրզիպաշեան. Լոնտոնի մէջ Գերագոյն Խորհուրդին ներկայացուեր էր այնքան լաւատես պիւտճէ մը, որ հատուցման պէտք չեն տեսեր:

Տիար Չօպանեան. Հատուցում չէ եղած նաեւ յոյներուն, որոնք եթէ ոչ մեզի չափ, գոնէ մեզի պէս իրաւունք ունէին: Եւ յոյներուն դիւանազիտական դիրքը անհունապէս աւելի նպաստաւոր էր, քան մերինը: Անոնք ունեցան չափազանց