Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/601

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

շարժուն պատոփրակութքսն մը, որ կրցաւ ամեն տեղ ներկայանալ: Բայց նոյն իրաւունքը չբացուեցաւ նաեւ իրենց:

14. Տիար Թէրզիպաշեան բացատրութիւն ուզեց ասորացիներու եւ քաղդէացիներու հետ մշակոսսծ յարաբերութեանց յիշատակութեան մասին: Երբոր իրենք մեզի դիմեցին, մենք շատ սիրալիր ընդունելութիւն ըրինք իրենց եւ միասին գրատր ու բերանացի դիմումներ կատարեցինք հայ եւ ասորի խառն բնակչութիւն պարունակող շրջանակներու սպառնացոդ ջարդերում առաջքն առնելու համար: Դժբախտաբար, այդ յարաբերութիւնները չյարատեւեցին, որովհետեւ իրենք նեղն էին դրամապէս, եւ Ազգ. Պատուիրակութիւնը չէր կրնար ընել խոշոր նիւթական օժանդակութիւն մը զոր կակնկալէին մեզմէ:

15. Տիար Թէրզիպաշեան այնպէս ցոյց տուաւ, թէ տեղեկագրին մէջ ոսկեզօծած ենք մեր աշխատութեանց արդիւնքը եւ կարծած ենք «հիմնական յաջողութիւն» մը ձեռք բերած ըլլալ, մինչդեռ Թրքահայաստանի խնդիրը կորած է էապէս: Տեղեկագրին մէջ դաշնագրին Հայաստանի վերաբերող յօդուածները յիշատակուած են ո՛չ թէ իրենց ամբողջութեանը մէջ իբրեւ լիակատար յաջողութիւն, այլ նախ յիշատակուած են իբր կարեւոր փաստաթուղթ մը, զոր պէտք էր ծանօթացնել, իբր արդիւնքը թափուած բոլոր աշխատութեանց: Այդ յօդուածներուն յիշատակութենէն ետքն է, որ տեղեկագիրը «հիմնական յաջողութիւն» բացատրութիւնը կը գործածէ, որոշապէս ակնարկելով յօդուածներէն առաջինին, ուր ամէնապայծառ եւ ամէնահանդիսաւոր կերպով իրաւապէս կը ճանչցուի եւ կը նուիրագործուի հայ ազգին անկախութիւնը եւ Դաշնակից պետութեան հանգամանքը: Մի՞թէ ասիկա էական յաջողութիւն մը չէ եւ արդէն իսկ չի կրնար նկատուիլ այնքան զոհաբերութեանց եւ պայքարներու Եթէ ոչ համեմատական, գէթ լուրջ ու դրական պսակումը: Գալով յաջորդ յօդուածներու, ճիշդ է, որ ւսնոնց մէջ կան խմբագրական անորոշութիւններ, որոնք ամէնուս ալ մտահոգութիւն կը պատճառեն եւ զորս պարգելու ու ճշդելու համար պարտաւոր ենք աշխատիլ: Անոնք սակայն չունին այն բացարձակապէս ժխտական բնոյթը, զոր կը կարծէ տեսնել Տիար Թէրզիպաշեան: Մենք այնտեղ կը տեսնենք Դաշնակիցներոլ կողմէ որոշ խոստում Թրքական Հայաստանի կարեւոր մէկ մասը Հայկական Պետութեան միացնելու: Եւ Մ. Նահանգաց Նախագահին մօտ եղած դիմումը այդ միացուելիք մասին որոշման ու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանագլուխներուն համար է միայն: Միւս կողմէ՝ երբ Տիար Թէրզիպաշեան կը յայտարարէ, թէ դաշնագիրը ուրիշ բան չընէր, բայց եթէ անկախութիւնը ճանչնալ Ռուսական Հայաստանին, որուն գոյացումը պարզ հետեւանք մըն է Ռուս Յեղափոխութեան եւ թէ ատոր մէջ ո՛չ Դաշնակիցները դեր ունին, ո՛չ ալ Ազգ. Պատուիրակութիւնը, խորապէս կը սխալի: Առանց Դաշնակիցներու կողմէ այս վճռական ճանաչման, Երեւանի Հանրապետութիւնը պիտի ըլլար տեղական վաղանցուկ վարչութիւն մը, մինչդեռ այս ճանաչմամբ, Դաշնակիցներն արդէն ընդունած կ՛ըլլան որ հայկական այդ հողամասը գատուած է ռուս պետութենէն: Թողանք որ այդ ճանաչումը թէպետ կը վերաբերի գլխաւորաբար Ռուսական Հայաստանին, որ արդէն իսկ ազատ է, բայց իր մէջ կը պարունակէ նաեւ անկախութեան ճանաչումը Թրքահայաստանի այն մասերում, որոնց միացումը առաջարկուած է դաշնագրին այդ յօդուածներուն մէջ:

16. Քանի մը բառ ալ պիտի ըսեմ Բրոբականտի Յանծնախումբին գործունէութեան նկատմամբ եղած քննադատութեանց մասին: Տիար Տէր-Ստեփանեան ըսաւ, թէ պէտք էր մեծ օրկան մը հիմնել Հայկական Դատին պաշտպանութեան համար, ի հարկին երկու-երեք լեզուով, եւ ամեն կողմ տարածել այս օրկանը: Ասիկա, ըստ Տիար Տէր-Ստեփանեանի, աւելի կարեւոր էր, քան միթինկներու գումարումը, պրոշիլրներու հրատարակութիւնը, եւայլն: Յիշեցնեմ, որ Բրոբականտի Յանծնախումբին մէջ երկու առաջարկ եդաւ այդ մասին: Տիարք Թահմազեան եւ Դաւիթ-Բէկ առաջարկեցին պաքթերազարդ հանդէս մը հրատարակել, անոր միջոցաւ