Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/607

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ազգակիցներին: Այնպէս կը կարծեմ, թէ Պատուիրակութեան եւ Համագումարի Նախագահները, ինչպէս նաեւ Պ. Ահարոնեան անմիջապէս պէտք է դիմեն ֆրանսական կառավարութեան, եւ եթէ երեփ շատ անկէ կարելի ըլլայ գոհացում ստանալ, դիմեն նաեւ միւս Դաշնակից պետութեանց, պարզելով վաղուան հաւանականութիւնները եւ պահանջելով, որ հայ ժողովուրդի կեանքի ապահովութեան համար Դաշնակից զօրքերով գրատփ Կիլիկիան:

Տիար Թէրզիպաշեան. Յոյս ունի՞ք, թէ կ՛ընեն:

Տիար Չօպանեան. Ինչպէ՞ս կարելի է հաստատ յոյս ունենալ: Կրնայ ըլլալ, որ նորէն յուսախաբ ըլլանք: Բայց այս մասին դրական ապահովութիւն մը չունենալը պատճառ մը չէ, որ մենք մեր պարտքը չկատարենք: Գալով Համագումարին, պէտք է իսկոյն զբաղի այս հարցով, ի հարկին մէկ քանի նիստերու մէջ, նկատողութեան առնելով նաեւ այն երկու առաջարկութիւնները, որոնք եղան Տիար Թէքէեանի եւ Տիար Պգտիկեանի կողմէ:

Տիար Թէքէեան. Երկուքն ալ իրարու կը մօտենան արդէն: Պ. Պզտիկեանի կողմէ Եղած առաջարկութիւնը կը պատշաճի այսօրուան կացութեան. իմ ըսածս կրնայ պատշաճեցոփլ վաղուան քաղաքականութեան:

Տիար Տէօվլէթեան. Երկու Պատոփրակութեանց Նախագահներն ալ զբաղած են այս հարցով:

Տիար Չօպանեան. Դեռ այսօր յայտնուած խնդիր մըն է:

Տիար Տէօվլէթեան. Կը ցափմ, որ Տիար Ահարոնեան այսօր ալ չէ եկած' երբ այս աստիճան կենսական խնդիր մը կայ մէջտեղ: Չհաճեցաւ պատասխանել իրեն եղած հրաւէրներուն, մինչդեռ գոնէ այս հարցին համար, որ միութիւն եւ գործակցութիւն կը պարտադրէ ամէնուս, պէտք է ինք իր կողմէ փութար գալ: Կառաջարկեմ նաեւ, որ անմիջապէս Նախագահ Ուիլսոնի հեռագրոփ Ֆրանսայի խոստումնադրժումը, յայտնելով նաեւ, թէ Ֆրանսա գաղտնի դաշնագրութիւն կը կնքէ թուրքերուն հետ եւ իր այս ընթացքով կը ստեղծէ կացութիւն մը, որ ամէնամեծ վտանգներու կրնայ ենթարկել Կիլիկիոյ հայերը:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Կը կարծեմ, թէ այս վիճաբանութիւը կանխահաս է: Պէտք է օրակարգ անցընել այդ հեռագրին ու անոր յարուցած հարցը եւ խնդրել Պատոփրակութենէն՝ այդ մասին Ֆրանսայի ղեկավար շրջանակներուն մէջ տիրող ուղղութիւնը բուն իսկ աղբիւրներէն իմանալով հաղորդել Համագումարին, որպէսզի կարելի ըլլայ կատարեալ գիտակցութեամբ քննել զայն: Պէտք է նախ գիտնանք, թէ իրապէս պիտի քաշոփ՞ն ֆրանսացիք:

Տիար Վ. Թէքէեան. Դժբախտաբար'«պիտի»-էն աւելի բան մըն է այսօր:

Տիար Բրօֆ. Թումայեան. Անշուշտ միայն դիմումով եւ բողոքով չի բաւականացոփր: Պէտք է ձեռք առնել շատ դրական միջոցներ, բայց գգաշատրութեամբ, աշխատելով չվիրատրել ֆրանսական կառավարութիւնը: Որովհետեւ թշնամին աւելցնելու վիճակին մէջ չենք: Եւ ուրիշ խնդիր մը կայ: Պ. Ալպեր Թոմա յայտարարած է Տիար Վարանդեանի, թէ հնարաւորութիւն մը կայ Ֆրանսայի հետ համաձայնութեան մը գալու՝ պետական մանտայի նկատմամբ: Պատուիրակութեան Նախագահը այն կարծիքը յայտնած էր, թէ դիմումի մը համար գետին կայ այդ առաջարկին մէջ: Արդեօք կարելի չէ՞ այդ հիման վրայ դիմում ընել ֆրանսական կառավարութեան՝ բարեկամական կերպով:

Տիար Վահան Թէքէեան. Տիար Ահարոնեան այդ խնդրին կարեւորութիւնը նուազագոյնս իջեցուց: Պ. Ալպեր Թոմա Տիար Վարանդեանի նամակ մը գրելով, հարցուցած էր, թէ ինչո ւ Ֆրանսայի մանտան չենք ուզեր: Տիար Վարանդեան առանց այն համոզումը ունենալու, թէ Պ. Ալպեր Թոմայի խօսքերը կրնան կառավարական տրամադրութեան մը արձւսգանգը ըլլալ, պատասխանած է, թէ այդ հարցին նկատմամբ կարժէ խորհրդակցութիւն մը ունենալ: Պ. Ալպեր Թոմա Փարիզէն չէր գրած այս նամակը, վերադարձին համար ժամադրութիւն մը կու տայ Տիար Վարանդեանի,