Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/608

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բայց Պ. Թոմա Փարիզ դարձին հազիւ օր մը կը կենայ ել առանց Տիար Վարանդեանը տեսնել կարենալու՝ կը ստիպուի մեկնիլ: Կրկին ժամադրութիւն մը որոշուած է մօտաւոր օրուան մը համար: Ասոր յարակից՝ Պատուիրակութեան Նախագահն ալ նոյն օրը ըսաւ, թէ իր ընտանիքին անդամներէն մէկէն ստացած նամակին համաձայն. Պելճիքայի ֆրանսական դեսպանն ալ համիմաստ բան մը ըսած էր Պրիւքսէլի մէջ, խօսակցութեան մը ընթացքին:

Այն տեսակ դրութեան մը մէջ ենք, որ ստիպուած ենք կառչիլ այն բոլոր յոյսի նշոյլներուն, որոնք կը ներկայանան: Եւ արդէն Պատուիրակութիւնը անտարբեր չէ անցած-դարձածէն. դիմումներ ըլլալու վրայ են:

Տիար Չօպանեան. Պիտի լրացնեմ Տիար Թէքէեանի տեղեկութիւնները, աւելցնելով, թէ Պատ.-թեան Նախագահը խնդրեց մեր դատին բարեկամ ֆրանսացի երեսփոխանէ մը, որ յաքթապէս տեսնուի Պ. Միլըրանի հետ եւ ստոյգ տեղեկութիւն մը ստանայ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Յոյս ունիմ, որ այս իրիկուն իսկ կը ստանամ այս տեղեկութիւնը:

Տիար Վսեմ. Պօղոս Փաշա Համագումարին հաղորդեց հետեւեալ հեռագիրը, զոր ստացած էր Ազգ. Պատուիրակութիւնը.

«Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար,
Նախագահ Ազգ. Պատուիրակութեան,
12, Avenue de President Wilson
Paris.

Լարնաքա, 11 Յունիս 1920. Զապել Եսայեանէ, Հերեանէ, Խանգատեանէ բաղկացած երեք անդամներով մասնաւոր պատուիրակութիւն մը Կիլիկիայէն մեկնեցաւ Պոլիս: Ստիպողական դիմումներ անհրաժեշտ են քրիստոնէից ապահովութեան համար:

Եսայեան»:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Չեմ կարծեր, որ այդ պատուիրակութիւնը դրական արդիւնք մը ձեռք բերէ Պոլսրյ մէջ: Նախ՛ ի՞նչ է Պոլիս երթալուն նպատակը, կա՛մ այն է, որ Դաշնակից պետութեանց քոմիսէրներուն պիտի դիմէ, եւ կա՛մ ուղղակի թուրք կառավարութեան՝ հայ եւ թուրք համաձայնութիւն մը գտնելու համար: Քոմիսէրներէն կարելի չէ բան մը յուսալ, որովհետեւ, վերջին անցքերուն առթիւ ամեն անգամ, որ Պոլսէ դիմում եղաւ իրենց՝ կըսէին, թէ Կիլիկիա Սուրիոյ Բարձր Քոմիսէրներուն ենթակայ է, իրենց ձեռնհասութենէն դուրս է, եւ թէ շատ֊շատ իրենք խողովակ մը կրնան ըլլալ՛ մեր դիմումները հաղորդելու համար Փարիզի: Չեմ կարծեր, որ տարբեր պատասխան մը տան այսօր: Գալով թուրքերու հետ բանակցելու տեսակէտին, չեմ կարծեր, որ Պոլիս գացող այդ Պատուիրակութեան անդամները յարմարութիւն ուսին նմանօրինակ գործի մը, մանաւանդ որ Պոլսոյ այժմու թուրք կառավարութիւնը ոեւէ ագդեցութիւն չունի Կիլիկիոյ վրայ: Կիլիկիոյ համար կը կարծեմ, թէ լաւագոյն բան մը ըրած պիտի ըլլանք՛ աշխատելով այնտեղ վերահաստատել տալու այն դրութիւնը, որ գոյութիւն ուներ ֆրանսացւոց երթալէն առաջ: Այն ատեն՝ անգլիացիք գրաւած էին երկիրը: Ֆրանսացիք գացին եւ անգլիացիք մեկնեցան: Քանի որ Կիլիկիոյ Դաշնակիցներու կողմէ գրաւումը անհրաժեշտ նկատուած էր ու քանի որ ֆրանսացիք կը մեկնին այսօր, պէտք է նորէն դիմել Անգլիոյ, որպէսզի վերահաստատէ նախորդ դրութիւնը, եւ Կիլիկիան գրաւման ենթարկէ գոնէ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը: Այս մասին՝ ամէնէն ետի պէտք է դիմել Ֆրանսայի: Այս միջոցիս՝ կարեւորագոյն բանը, զոր կրնանք ընել, Անգլիոյ մօտ կատարուելիք դիմումն է:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Կը ձայնակցին: Պէտք է դիմել Անգլիոյ ո՛չ այնքան մեծ յոյսեր դնելով անոր կողմէ ուղղակի գրաւման մը մասին, քանի որ, ինչպէս յայտնի է, բազմաթիւ անգամներ մերժեց արդէն, այլ՝ աշխատելով, որ գոնէ Դաշնակից ոյժերու կողմէ տեղի ունենայ այդ գրաւումը: Այս դիմումին հիմ կրնայ դառնալ այն