Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/609

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իրողութիւնը, որ զինադադարէն Ետք, երբ տարագիր հայերը կուզէին իրենց ծննդավայրը վերադառնալ, անգլիացիք եւ ֆրանսացիք արգիլեցին, ըսելով, որ լոկ Կիլիկիոյ մէջ կրնան պաշտպանել զիրենք: Այսպիսով՝ տեղի ներքին հայկական գաւառները ըլլալիք ներգաղթերու հոսանքը ամբողջովին Կիլիկիա ուղղուեցաւ: Մարաշի ջարդերու վաղորդայնին, Մանչեսթրի եւ Լոնտոնի հայերս երբ բողոքի մեծ միթինկ մը սարքեցինք, այս իմաստով որոշում տոփնք եւ յանձնեցինք Պ. Լլոյտ ճորճի: Միա կողմէ, բարլամենթին մէջ, ծանօթ հայասէր Մր. Aւիլյամս երբ հարցուց կառավարութեան, թէ արդեօք տեղեկութիւն ունի՞, որ Մարաշի մէջ 20 000 հոգի ջարդրոած են, Պ. Լլոյտ ճորճ պատասխանեց, թէ այդպիսի հսկայ թիւի մը մասին տեղեկութիւն չէ ստացած, բայց եթէ այդ թիլը ստուգուի, յարեց, Գեր. Խորհուրդը տուժել պիտի տայ Թուրքիոյ՝ այս նոր բարբարոսութիւնը: Պէտք է յիշեցնել այս պաշտօնական յանձնառութիւնը որպէսզի անհրաժեշտ ճնշումը ընեն թուրքերուն վրայ, եւ սպառնան: Ես վստահ եմ, որ եթէ հայոց կեւսնքի անապահովութիւնը շարունակուի ծանր միջոցներ ձեռք պիտի առնուին թուրքերուն դէմ:

Տիար Թէքէեան. Այո՛, շատ-շատ պիտի ծանրացնեն դաշնագրին պայմանները, ի նպաստ իրենց:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Ամեն պարագայի մէջ՝ սպառնալիք մը պիտի ընեն: Եթէ, օրինակի համար, Գերաէքճյն Խորհուրդը հաւաքական սպառնալից ծանուցագիր մը տայ թուրքերուն, կը կարծեմ, որ ան որոշ ազդեցութիւն կունենայ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. ԱմԷնքս ալ մեծ վրդովման մէջ ենք, եւ այս վրդովումը հէԼակնալի է: Կիլիկիոյ մասին ստեղծուած է նոր կացաթիւն մը, որ շատ աղիտաբեր հաւանականութեանց առջեւ կը դնէ մեզ: Ահաւասիկ հեռագիր մը, որ ղրկուած է Ազգ. Պատուիրակութեան. եւ որ աղէտի մը բօթին համարժէք է ինքնին.

«Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար,
Նախագահ Ազգ. Պատուիրակութեան,
12, Avenue de President Wilson
Paris

«Գահիրէ, 8 Յունիս 1920. Վերջին տեղեկագիրները կը հերքեն ֆրանսական պաշտօնական յայտարարութիւնները, թէ յաղթական կերպով վերագրաւած են Այնթապը: Թուրքերը Այնթապի մէջ կացութեան տէրն են: Ֆրանսացիք կը պարպեն: 5000 հայերու առաջին քարաւան մը, որուն 1000-ը որբեր, դէպի Պոլիս ուղղուած են ողբալի պայմաններու մէջ: Կիլիկիոյ կացութիւնը յուսահատական է: Ո՛չ մէկ լուր կայ Հաճընէն:

Մալէզեան»:

Վսեմ Պօղոս Փաշա Նուպար. Սարսափելի կացութիւն մըն է ասիկա: Ինչ որ կըլլայ՝ անհաւատալի է պարզապէս: Ֆրանսացիք կատարեալ փախուստի մը մէջ են: Պէտք է անմիջապէս խորհրդակցինք այս խնդրին նկատմամբ, եւ անհրաժեշտ է, որ Համագումարը այս մասին աշխատակցի Պատուիարկութեան, որ նոր տիրէքթիւներ տա անոր: Նախորդ տիրէքթիւները, որոնց համեմատ շարժեցաւ Պատ.-թիւնը մինչեւ այսօր, արդի կացութեան չեն պատշաճիր: Բախտաւոր ենք գոնէ, որ այս իրողութիւնը տեղի կ՚ունենայ Համագումարին հաւաքուած միջոցին: Պէտք է ըսէք մեզի, թէ ի՞նչ պէտք է ընենք: Որովհետեւ շատ մութ, շատ կնճռոտ կացութիւն մըն է եւ Պատ.-թիւնը անդամներն ալ ձեր ամէնուդ պէս շփոթած են: Անշուշտ պիտի խորեինք, թէ որո՞նք են ամէնէն դրական միջոցները այս աղիտալի դրութիւնը ղարմանելու համար: Անձնապէս՛ յոյս չունիմ, որ Անգլիա օգնէ մեզի, քանի որ չի կրնար Դաշնակից պետութիւններէն անկախաբար գործել, եւ Ֆրանսա ու Իտալիա թուրքերուն կողմն են, կը բանակցին քեմալիստներու հետ: Ֆրանսացւոց Կիլիկիա երթալուն նպատակներէն մէկն ալ այնտեղի հայոց պաշտպանութիւնն էր: Այդ մտքով է, որ վերապրող հայերը տակաւ քաշեցին Կիլիկիա, խոստանալով պաշտպանութիւն եւ ապահովութիւն: Իսկ այսօր, կը քաշուին Կիլիկիայէն, ինչպէս յայտնի եղաւ Պ. Միլըրանի վերջին