Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/610

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

յայտարարութիւններէն: Այդ մասին անշուշտ պէտք էինք ստոյգ եւ հիմնական տեղեկութիւններ ունենալ եւ ճիշդ այդ տեղեկութիւնները կը յուսամ ստանալ Պ. վիքթոր Պէռարէն, որուն հետ այսօր իսկ ժամադրութիւն մը տուած ենք Տիար Ահարոնեան ու ես: Պիտի տեսնուինք նաեւ երեսփոխան Պ. Պեռէի հետ՝ խորհրդարանի Արտաքին Գործոց Յանձնաժողովին մտածումն իմանալու համար: Կառաջարկեմ, ուրեմն, որ վաղն իսկ Համագումարը հաւաքուի յաքթապէս այս խնդրով զբաղելու համար, կը յուսամ մինչեւ վաղը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ստացած ըլլալ: Թերեւս յաջողինք այս անստոյգ կացութեան մասին որոշ բան մը իմանալու եւ ըստ այնմ ուղղելու մեր գործունէութիւնը: Որովհետեւ եղածը անըմբռնելի է պարզապէս: Երեք ամիս առաջ, ձգենք Կիլիկիան, նոյնիսկ Դամասկոսը, Հալէպը Ֆայսալի թողնելու մտածումն անգամ կընղվզեցնէր գիրենք: Այսօր ո՛չ միայն անոնց խօսքը չեն ըներ, այլ նաեւ կը թողուն Կիլիկիան: Ի՞նչ քաղաքականութիւն է ասիկա, ի՞նչ ազղեցութիւն պիտի կրնանք ունենալ այս քաղաքականութիւնը փոխել տալու եւ մեր ժողովուրղին փրկութեան ամէնանոփրական գործը իրականացնելու համար: Յառաջիկայ նիստին պիտի խորհինք այս ամէնուն նկատմամբ: Բայց մինչեւ այն ատեն՜ պէտք է պարզուած ըլլայ նոյն ինքն Պատուիրակութեան դիրքը: Համագումարը անցեալ տարի տիրէքթիւներ տուած էր Պատուիարկութեան: Մեր գործունէութեան համարատոտւթիւնն ըրինք: Այդ մասին պէտք է գիտնանք, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Համագումարին մտածումը, որպէսզի նոր յանձնառութիւններ ստանձնենք եւ նոր աշխատանքի ձեռնարկենք:

Համագումարը առ այժմ բաւական գտաւ այս կարծեաց փոխանակութիւնը եւ որոշեց Կիլիկիոյ դրութեան խնդիրը անցընել օրակարգ:


Օրակարգ

1. Շարունակութիւն վիճաբանութեան Ազգ. Պատ. համարատուութեան

Ազգ. Պատուիրակութեան գործունէութեան նկատմամբ եղած քննաղատութեանց մասին խոսք առաւ Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար եւ կարդաց հետեւեալ պատասխանը.

Պատասխան Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա

Նուպարի

Ընթերցման աւարտելէն վերջ, Նախագահ Վսեմ. Տիար Գաբրիէլ Նորատունկեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վսեմ. Պօղոս Փաշայի, որ այնքան երկար խօսեցաւ այղ խնղիրներու նկատմամբ, որոնց մասին, յարեց, որքան աւելի մանրամասնութիւն տրուի՝ անշուշտ նոյնքան գոհունակութեամբ պիտի լսուի Համագումարէն: Վսեմ. Նախագահը յետոյ հրաւիրեց պատգամաւորները, որ եթէ ղիտողութիւն մը ուսին Պատուիրակութեան պատասխանին նկատմամբ՝ ընեն:

Տիար Տիրան Տէօվլէթեան. Կենթադրեմ, որ մեր առաջին պարտականութիւնն է Համագումարիս խորին շնորհակալութիւնը յայտնել Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահին եւ անղամներուն, իրենց գործունէութեան մասին: Եթէ եղան քննաղատութիւններ, ինչպէս ես ալ ըրի, կը պաքթանին ո՛չ թէ իրենց հիմնական գործունէութեան, այլ՝ վարչական թերութեանց: Նկատի առնելով պարագաներուն փափկութիւնը, պէտք է փակենք այլեւս անցեալը, եւ օրուան կենսական պահանջներուն դարմանը խորհինք:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Կը ձայնակցին Տիար Տէօվլէթեանի այն խօսքերուն, որոնցմով կ՚առաջարկէ փակել վիճաբանութիւնը: Իմ կարգիս՝ կառաջարկեմ, որ դադար մը տանք ժողովին՝ բանաձեւ մը քուէարկելու համար: