Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/611

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Պատուիրակութեան Նախագահը իր ճառին մէջ ակնարկներ ըրաւ եղած քննադատութեանց մասին եւ անոնցմէ մէկ քանին passionne անուանեց: Ես, որ ամէնէն աւելի քննադատողը եղայ, կը կարծեմ, թէ չեմ գործածած բառեր, որոնք խորհրդարանական ըլլալով հանդերձ՝ անհամապասխան են եղած այն մեծ յարգանքին, զոր կը տածեմ Պատուիրակութեան Նախագահին հանդէպ: Գուցէ գործածեցի այս տեսակ բառեր: Այս հաւանականութեան համար ես ներողութիւն կը խնդրեմ եւ կը ջանամ այսօր modere ըլլալ իրեն պէս, շատ աւելի տօժծրծ, որպէսզի կարենամ անհետացնել իմ առաջին ճառիս մէջ սպրդած ենթադրական passionne-ը: Պ. Նախագահը անկեղծութիւն եւ համեստութիւն ունեցաւ խոստովանելու, թէ սխալներ տեղի ունեցած են. այս խոստովանութիւնը ինքնին վստահութիւն կը ներշնչէ, վասնզի ով սխալը կը ճանչնայ, որոշ հաւաստիք կը ներշնչէ, թէ չպիտի կրկնէ: Սխալներ վեր հանելը, քննադատելը պարտականութիւն մըն էր, զոր կատարեցինք, գուցէ անոնցմէ շատերը մեր միջավայրի ծնունդն են: Բայց պէտք է օգտուին անոնց դասերէն: Մեր ազգին մէջ մեծ սխալներ կատարուած են եւ հայ ազգը անհաշուելի տուրք տուեր է անոնց: Պէտք է զգուշանանք, որ ուրիշներ ա՛լ չգործուին, որովհետեւ այս ազգին մօտ այլեւս նոր տուրքի ոյժ չէ մնացած:

Այս մէկ քանի խօսքը ընելէ զատ, ես պզտիկ քննադատութիւն մը պիտի ընեմ միայն Պ. Նախագահի այն թէզին դէմ, որով կը կարծէ, թէ տիրէքթխը mandat imporatif չէ, այլ, ինչպէս ինք կց մեկնէ՝ Լառուսի բացատրութեամբ, յանձնարարութիւն մը, զոր ստանձնողը պարտաւոր չէր լրիւ գործադրել:

Վսեմ. Պօդոս Փաշա Նուպար. Մեզի տիրէքթիւ տուած էիք. տիրէքթիւը ինչ նշանակութիւն որ ունի, անոր համեմատ պիտի վարուինք: Եթէ mandat imporatif տուած ըլլայիք, ո՛չ միայն ես, այլ ո՛չ ոք պիտի ընդունէր:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Պ. Նախագահը թող ներողամիտ գտնուի, եթէ համաձայն չենք այդ թէզին: Համագումարը իր տիրէքթիւները տուած օրը Լառուսի մեկնաբանութիւնը չունէր ի մտի. այլ ան տիրէքթիւ բառին մէջ կը գտնէր direction, ոլղղութիւն իմաստը: Օրինակ՝ ան կը յանձնարարէր բանել ուղղութիւն մը, որ դէպի արեւելք կը տանէր. Պատուիրակութիւնը անշուշտ կրնար ճամբէն քիչ մը աջ, քիչ մը ձախ շեղել, սակայն միշտ դէպի արեւելք երթալով: Բայց կը կարծեմ, որ չէր կրնար կռնակը դարձնել եւ դեպի արեւմուտք երթալ: Ահա՛ թէ ինչպէս կը հասկնամ ես տիրէքթիւ բառը:

Պատուիրակութեան գործերէն օրինակ բերենք: Համագումարը, քննելով Քրտական Հարցը, իր տիրէքթիւներուն մէջ ըսած էր, որ Պատուիրակութիւնը պէտք է դէմ կենայ Քրտական Հարցին:

Ձայներ. Տիրէքթիւներուն մէջ այդպէս բան չկայ:

Տիար Թէրզիպաշեան. Պատուիրակութիւնը, ընդհակառակը, ինքը խնդրած է քրտական անկախութիւնը: Պ. Նախագահը առաւելութիւններ կը տեսնէ այդ դիմումին մէջ, բայց ես կը պնդեմ, որ Թրքահայաստանի հարցին վիժելուն պատճառներէն մէկը այդ դիմումն եղաւ, վասնզի մենք մեր ձեռքով պզտիկցուցինք, նուաստացուցինք մեր դատը: Մենք մեր 40 տարուան միջազգային կերպարանք ունեցող, միլիոնաւոր զոհերու ել միլիառներու զոհողութեանց գինը եղող դատը հողին հաւասարեցուցինք. մէկ գիծի վրայ դրինք գիր-գրականութիւն չունեցող կիսավայրենի եւ հայկական ջարդերու մէջ ամէնամեծ դերը կատարող ու Դաշնակից պետութեանց դէմ կռուող քիւրտերու դատին հետ, խնդրեցինք, որ ազգայնական սկզբունքով ստեղծոփ Հայաստան մը եւ Քիւրտիստան մը: Արդ, եթէ ազգայնական սկզբունքով քիւրտերը պահանջեն Վանը եւ Պիթլիսը, Պատոփրակութիւնները ինչպէ՞ս պիտի կրնան ետ դառնալ իրենց առած քայլերէն.

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Այդ ամենը արդեն ըսիք քանի մը անգամ: Եթէ այս ձետվ պիտի խօսոլի, ամէնքս ալ խօսք պիտի ուզենք: