Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/612

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Թէրզիպաշեան. Եւ ուրիշ օրինակ մը: Մայիս 7-ին հրատարակուած Խաղաղութեան Դաշնագրին 22-րդ յօդուածին մէջ. Դաշնակիցները Թրքահայաստանի անկախութեան սկզբունքը ճանչցած եւ նոյն Ազգերուն Ընկերակցութեան պաշտպանութեան ներքեւ առած էին: Այս փաստը՝ Համագումարին մէջ տիրապետող կարծիքին հետ միասին՝ Պատուիրակութեան տիրէքթիւն էր Հայկական Հարցիս հետապնդութեան գործին մէջ: Մայիս 28-ի այն աքթը, որով Հայ Հանրապետական կառավարութիւնը ինքզինքը կը հռչակէր նաեւ Թրքահայաստանի կառավարութիւն, բոլորովին հակառակ ուղղութիւն մը կ՚ընդգրկէր, Թրքահայստանի հարցին թրքական դրոշմը կը խափանէր եւ ռուսական քաոսին մէջ կը ձգէր գայն: Այս երկու աքտերը իրար խաչաձեւող, իրար չէզոքացնող իրողութիւններ էին: Արդ, Պատ.թիւնը չէր կրնար 22-րդ յօդուածով իր առջեւ բացուած ճամբան թողուլ եւ հետեւիլ դէպի հակառակ կողմը տանող ճամբուն, որպիսին կը բանար Մայիս 28-ի աքթը:

Չեմ կրնար նաեւ անպատասխան թողուլ Պ. Նախագահին indemnrte-ի եւ reparation-ի մասին ըրած առարկութիւնները...

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Բայց Պ. Նախագա՛հ, ամբողջ իր նախորդ ճառերն են, որ կը կրկնէ Տիար Թէրզիպաշեան:

Տիար Թէրզիպաշեան. Տիար Բարսեղեան, ես indemnity-ի հարցին վրայ կը խօսիմ եւ դուք կ՛արգիլք զիս: Թոդ այս պարագան արձանագրուի...

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Նոր բան չկայ իր ըսածներուն մէջ. լսեցինք արդէն: Բանաձեւերուն անցնինք:

Տիար Թէրզիպաշեան. Պատուիրակութեան Նախագահը գերմանական տուգանքէն բաժին պահանջելու մէջ իրաւունք չունենալնիս կը հաստատէ ժիւրիսթ Պ. Պարթոլէմիի վկայութիւնով: Այդ վկայութենէն, զոր իմ ձեռքս ունիմ, երկու բան բացայայտ կերեւայ: Առաջին՝ որ Պատուիրակութիւնը հարցը թրքահայերու անունով առաջադրած է Պ. Պարթոլէմիին. մինչդեռ մեզի ծանօթ է, որ այս հարցը ես յուղած եմ թէ՛ ռուսահայոց եւ թէ՛ թրքահայոց անունով միանգամայն: Ասկէ կերեւայ արդէն, որ Պատուիրակութիւնը դեռ չուզէր ըմբռնել արծարծուած հարցը: Երկրորդ՝ որ Պ. Պարթոլէմի՝ քննելով թրքահայերու անունով, կը գտնէ, որ թէեւ խղճի տեսակէտով իրաւունք ունին, բայց իրենց թրքահպատակութեան հանգամանքը օրինական իրաւունք չի տար իրենց: Այս թէգէն իսկ յայտնի կըլլայ, որ այն պահանջը, զոր թրքահայերու անուամբ կարելի չէ ընել, կարելի է ընել ռուսահայերու անուամբ:

Պ. Նախագահը indemnity-ի եւ reparation-ի գործին մէջ անհրաժեշտ դիմումները կատարած ըլլալը կը յայտնէ: Մենք ցարդ՝ բրոբականտի աշխատութեանց, ինչպէս նաեւ մեզի տրամադրուած տեղեկագրին մէջ չհանդիպեցանք ոեւէ փաստի, որ մեզի կարծել տար, թէ այս ուղղութեամբ աշխատանք տարուած է. մենք տեսած ենք մէկ աշխատանք միայն, Լոնտոնի մէջ ներկայացուած պիւտճէն, ուր ցոյց տրուած է, թէ ութ տարիէն Հայաստան ի վիճակի պիտի ըլլայ 650 000 ոսկիի հասոյթի առաւելութիւն մը ունենալ: Վարդագոյն պիւտճէ մը, որ անշուշտ ներշնչողը եղած է այն դաշնագրին, որուն մէջ պէտք չեն տեսած ո՛չ reparation-ի, ո՛չ ալ indemnite-ի իրաւունք ճանչնալ մեզի:

Ես համաձայն չեմ նաեւ Պ. Նախագահի այն տեսակէտին, որ իրենք պարւոաւոր էին զիջիլ Հայաստանի մասերը: Պատուիրակութիւնները աւելորդ անհամբերութիւն ցոյց տուած են, եւ պետական մարգոց զանազան յայտարարութիւնները վերջնական համարելով՝ զանազան զիջումներ ըրած են: Պատուիրակութիւնը մէկ պատասխան միայն ունէր, սա՝ թէ Համագումարէն ստացած իրաւասութիւնը թոյլ չէր տար իրեն կամովին զիջումներ ընելու: Փոխանակ այս պատասխանը տալու, ինչ որ արդէն իր վրայ դրուած պարտականութիւնը կը պահանջէր, զիջումներու փոփոխակի քաղաքականութիւն մը ձեռք առած է, մինչդեռ տեսնուեցաւ Սան Ռեվոյի որոշումներէն, որ Դաշնակիցներու միջեւ վերջնական ոչինչ չէ եղած: Նոյնիսկ յայտարարուեցաւ, թէ Ֆրանսա պիտի զիջէր Կիլիկիան՝ եթէ Ամերիկա ընդունէր Հայաստանի մանտան: Բայց