Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/613

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մենք տեսանք նոյճպէս, որ 15 օր առաջ միայն Ամերիկա մերժեց Հայաստանի մանտան: Պատուիրակութիւնը թող բարի ըլլայ ուրեմն խոստովանելու, որ Խաղաղութեան Դաշնագրի 22-րդ յօդուածէն շեղումը, Կիլիկիային կամովին ու անժամանակ զիջումը սխալներ էին, որոնք իրենց բաժինը եւ դերը ունին այս դաշնագրին մէջ, ուր թաղուած են թրքահայերու ամեն իրաւունքները:

Տիար Բրօֆ. Թումայեան. Թէեւ իմ մէկ քանի հարցումներուն պատասխան չտրւսեցաւ, բայց հոգ չէ: Պէտք կը տեսնեմ միայն կրկնելու, թէ այսուհետեւ պէտք է աւելի սերտ շփում մը Պատուիրակութեան եւ ժողովուրդին միջեւ: Բացատրեցի արդէն, թէ ի՛նչ անպահետութիւններ կրնան ծագիլ ժողովուրդին անտեղեակ մնալէն: Ինչպէս գիտենք, անցեալ տարի Համագումարի նիստերը դռնփակ եղան: Անշուշտ լաւ էր, որ դռնփակ ըլլային: Բայց ասիկա շատ մը գանգատներու տեղի տուաւ: Սակայն, գոնէ պէտք էր տեղեկութիւն տրուեր անոր գործունէութեան մասին:

Տիար Թէքէեան. Տրուեցաւ:

Տիար Չօպանեան. Նոյնիսկ ւոպուեցաւ եւ հրաւոարակուեցաւ:

Տիար Բրօֆ. Թումայեան. Ես պիտի խնդրէի, որ Վսեմ. Փաշային պատասխանը նոյնպէս հրատարակութեսւն տրուեր:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Խնդրէն կը շեղինք:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Ատիկա վերջի խնդիր է:

Նիստը դադրեցաւ պահ մը, եւ դադարի միջոցին Դիւանին յանձնուեցան հետեւեալ չորս բանաձեւերը, որոնք կարդացուեցան երբ նիստը վերսկսաւ.

Ա. բանաձեւ.

Ազգ. Համագումարը՝ լսելով Ազգ. Պատուիրակութեան համարատուութիւնը մէկ տարուան իր գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ անոր թեր ու դէմ քննադատութիւններն ու գնահատումները, լսելով նաեւ Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահին ել անդամներուն պատասխան-բացատրութիւնները, վերջացած կը յայտարարէ այս հարցը եւ կ՛անցնի օրակարգի յաջորդ խնդրին:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան
Մ. Ս. Դաւիթ-Բէկ
Զ. Յ. Պզտիկեան
Տէրպէտէրեան
Ա. Հանըմեան

Բ. բանաձեւ.

Համագումարս՝ լսելով Ազգ. Պատուիրակութեան համարատուութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր թեր ու դէմ եղած քննադատութիւնները, նաեւ Ազգ. Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահին պատասխան-բացատրութիւնները, իր շնորհակալութիւնները յայտնելով, վերջացած կը յայտարարէ այս հարցը եւ կ՛անցնի օրակարգի յաջորդ խնդրին:

Տիրան Տէօվլէթեան

Գ. բանաձեւ.

Համագումարս, լսելով Ազգ. Պատուիրակութեան միամեայ գործունէութեան համարատուութիւնը եւ անոր շուրջ տեղի ուեցած վիճաբանութիւնները, նկատի առնելով այն դժուարին պայմանները ու Դաշնակից մեծ պետութեանց քաղաքականութեան մէջ յառաջ եկած այն յեղակարծ շրջումները, որոնց արդիւնք եղած է փոքր ազգութեանց իրաւանց լքումը, նկատի ունենալով այս պայմաններուն դէմ հակազդելու համար Ազգ. Պատուիրակութեան ունեցած խիստ փոքր միջոցները բարոյական թէ նիւթական, կ՚արձանագրէ Ազգ. Պատուիրակութեան տեղեկատուութիւնը եւ կ՛անցնի օրակարգին, յանձնարարելով, որ ամեն կարելի ազդու միջոցները եւ արթուն հետամտութիւն գործադրէ, ապահովելու համար ազգին