Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/614

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կենսական պահանջները, զորս նոր տիրէքթիւներու մէջ Համագումարը պիտի բանաձեւէ:

Գ. Ֆնտգլեան

Դ. բանածեւ.

Համագումարը, լսելով Ազգ. Պատուիրակութեան համարատուութիւնը եւ անոր շուրջ փոխանակուած քննադատութիւններն ու պատասխանները, կ՛անցնի օրակարգին:

Ն. Տէր-Ստեփանեան

Օրը տարաժամած ըլլալով. Համագումարը որոշեց յառաջիկայ նիստի մը յետաձգել բանաձեւերու քուէարկութիւնը:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 7-ին:

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 63, թթ. 1-22: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ ԺԵ

12 Յունիս 1920, ժամը 4 ին,

նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի

Ներկայ էին 16 պատգամաւորներ՝

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկ., Տոքթ. Բարսեղեան, Դաւիթ-Բէկ, Թէրզիպաշեան, Թէքէեան, Բրօֆ. Թումայեան, Հանըմեան, Մսըրլը Պէյ, Գ. Նորատունկեան, Չօպանեան, Պզտիկեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան, Տէօվլէթեան, Ֆնտգլեան:

Մասնաւոր հրաւէրով՝ այս նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կիլիկիոյ Վեհ. Տ. Սահակ Կաթողիկոսը, իւր հեաեւորդ Գիւտ Վ. Խուպէսէրեանի հետ միասին:


Օրակարգ

1. Կիլիկիոյ կացութիւնը

2. Շարունակութիւն վիճաբանության Ազգ. Պատ. համարատուութեան

3. Տեղեկագիր Ազգ. Պատ. Կազմական Կանոնագրի Տանծնաժողովին

4. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

Օրակարգ

Կիլիկիոյ կացութիւնը

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Համագումարիս անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Կիլիկիոյ Վեհ. Կաթողիկոսին, որ կը բարեհաճի իր ներկայութեամբ պաւոուել մեր այսօրուան նիստը: Վեհափառը անշուշտ իր իմաստուն խորհուրդներով ու թելադրանքներով պիտի մասնակցի մեր խորհրդակցութեանց, որոնց առարկան իր հօտն է եւ իբր մօտէն տեղեակ տեղւոյն ւսնցքերուն, պիտի տայ անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները մեզ ամէնքս վրդովող այս ծանրակշիռ խնդրին նկատմամբ:

Պօղոս Նուպար Փաշա թէեւ ներկայ պիտի ըլլայ մեր այսօրուան խոր- հրդակցութեանց, բայց փոքր ինչ հիւանդ ըլլալուն՝ դժբախտաբար չպիտի կրնայ գալ:

Կրնանք ուրեմն սկսիլ Կիլիկիոյ կացութեան քննութեան, որոշելու համար այն միջոցները, որոնք անհրաժեշտ են այդ կացութիւնը դարմանելու: Պատուիրակութեան անդամները, որոնք ներկայ են, բնական է, ի բացակայութեան Վսեմ. Նախագահին, կու տան հարկ եղած բացատրութիւնները: Վերջերս հրատարակուած լուրեր ծանուցած էին, թէ ֆրանսացիք փայլուն յաղթանակ մը տարած են Այնթապի մէջ եւ թէ կացութիւնը բւսրւոքած է այն կողմերը: Կերեւայ, սակայն, թէ այս լուրերը շատ ճիշդ ըլլալու չեն, որովհետեւ մէկ կողմէ կը ծանուցանեն, թէ Այնթապ պաշարեալ եւ վերին աստիճան անձկութեան մէջ է տակաւին, եւ միւս կողմէ կ՚ըսուի, թէ ֆրանսական կառավարութեան