Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/615

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

զանազան պաշտօնակaն շրջանակներում մէջ տեղի կ՛ունենան կարգ մը խորհրդակցութիւններ, որոնք կապ ունին Կիլիկիա գտնոտղ ֆրանսական զինուորները ետ կանչելու մտադրութեան մը հետ: Ոմանք նուազ լաւատես են եւ չեն հաւատար, որ ֆրանսացիք ամբողջովին պարպեն Կիլիկիան. նաեւ իմացուեցաւ, որ 20 օրուան զինադադար մը կնքուեր է թուրքերում հետ, իբր հետեւանք այն բանակցութեանց, զորս ֆրանսացիք կատարած էին Մուսթաֆա Քեմալ Փաշայի հետ: Այս եւ նմանօրինակ լուրերը անշուշտ տարածուած են նաեւ Կիլիկիա, եւ մեծ վրդովման մատնած են տեղւոյն թէ՛ հայ եւ թէ՛ առհասարակ բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդները, ինչպէս կերեւայ հաւաքական հեռագրէ մը, զոր Իզմիրի ճամբով ղրկած են Դաշնակից ու չէզոք պետութեանց նախարարապետներուն, եւ որուն մէկ օրինակն ալ Փարիզի հելլէնական դեսպանատան միջոցով հադորդուած է Ազգ. Պատուիրակութեան եւ յանձնուած Դիւանիս: Լաւ կ՚ըլլայ, որ խորհրդակցութեանց սկսելէ առաջ Համագումարը տեղեկանայ այդ հեռագրին:

Կարդացուեցաւ յիշեալ հեռագիրը, որուն պատճէնը Իզմիրէն ղրկուած էր Յունիս 7-ին:

Ստանա, 15 Մայիս 1920.

Կիլիկիոյ ամբողջ քրիստոնեայ բնակչութիւնը, այսինքն՝ Հայ Կաթոլիկ եւ Հայ Բողոքական յարանուանութիւններով, Յոյն Օրթոտոքսները, Սուրիանի Կաթոլիկները, Ասորիները, Նեստորականները, Քաղդեացի Կաթոլիկները, իտալական գաղութը, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ Մասօնական Օթեակներու Համաժողովը, որոնք իրենց կենսական շահերը սերտիւ միացուցած են համանման ըմբռնումով մը, որոնք անբաժանելի կերպով համերաշխ կը մնան իրենց ամէնուն մէկանց գոյութեան սպառնացող վտանգներուն դէմ, նոյն ատեն՝ խորապէս յուզուած եւ ահաբեկուած կարգ մը տարաձայնութեանց հանդէպ, որոնց համաձայն՝ Դաշնակից պետութիւնները, հակառակ այն հաւաքական բողոքին, զոր իրենք նախապէս վերջին Մարտ 31-ին, միշտ տրամադրութիւն ցոյց կու տան, նոյնիսկ որոշեր են եղեր Կիլիկիոյ մէջ պահել թրքական գերիշխանութիւնն ու անօրինական վարչութիւնը, պարզ ելեւմտական վարչութեան քոնթրոլով մը անգամ մըն ալ, ամենաբուռն կերպով բողոքելով այս հրէշային անիրաւութեան դէմ, որ կը համապատասխանէ անտեղին բոլոր զուլումիս յաւերժացման Եւ 275.000 քրիստոնեայ բնակչութեան մը մահուան դատապարտութեան: Յիշեցնելով 1895-ի Ել 1909-ի ջարդերը, ինչպէս նաեւ տեղահանոլթիւնները եւ անլուր վայրագութիւնները, որոնք գործուեցան վերջին պատերազմին ընթացքին, մասնաւորաբար արդի դժուարին կացութիւնը, որուն մէջ քեմալիսթ աւագակները տեղական եւ կեդրոնական թուրք իշխանութեանց բացայայտ մեղսակցութեամբ, նոյնիսկ ֆրանսական քոնթրոլին ու գրաւման հակառակ, 20 000 քրիստոնեաներուն ջարդեցին Մարաշի եւ շրջականերուն մէջ եւ կը շարունակեն հուրի ու սուրի մատնել ամբողջ երկիրը, գերագոյն կոչ մը կ՛ուղղենք իւրաքանչիւր Դաշնակից եւ ընկերակից պետութեան, բոլոր չէզոք պետութեանց, Ն. Սրբութիւն Պապին, ինչպէս նաեւ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհի հանրութեան կարծիքին,

1. Որպէսզի ազդու կէրպով միջամտեն, որ զինուորական դրական միջոցներ ձեռք առնուին զսպելու համար այդ ապստամբական եւ բարբարոս արարքները, ինչպէս նաեւ պաշարուած քաղաքները ազատելու եւ քրիստոնեայ արիւնի հեղումը դադրեցնելու համար.

2. Կը պահանջենք, որ այսուհետեւ ջնջուի թրքական վարչութեան եւ գերիշխանութեան ամեն հետք Կիլիկիոյ մէջ, եւ քրիստոնեայ վարչութիւն հաստատուի արդւսրութեան, մարդասիրութեան ու եւրոպական քաղաքակրթութեան սկզբունքներու հիման վրայ, մեծ պետութեան մը հոգատարութեան տակ: Երջանիկ պիտի ըլլայինք, եթէ այս մանտան վստահուեր Ֆրանսայի, որ դարաւոր աւանդութեամբ պաշտպան բարեկամն է Արեւելքի քրիստոնեաներուն, պայմանաւ, որ ամուր երաշխաւորութիւններ տրուին, թէ ֆրանսական քաղաքականութիւնս այս դերին մէջ