Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/616

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պիտի ըլլայ եւ մնայ միշտ համաձայն իր փառաւոր աւանդութեանց եւ վերոյիշեալ սկզբունքներուն ու պահանջմանց, առանց բնաւ ազդուելու նկատումներէն բոտ մը անխիղճ դրամասէրներու, որոնք անկարող թափանցելու Ֆրանսայի ճշմարիտ բարոյական, նոյնիսկ նիւթական շահերուն, կը շարունակեն պաշտպանել թրքական յաւակնութիւնները այս քրիստոնեայ երկրին մէջ: Եթէ, հակառակ մեր կրկնակի բողոքներուն, պետութիւնները պնդեն իրենց որոշման վրայ՝ մեզ կրկին մեր դահիճներուն յանձնելով՝ Կիլիկիոյ քրիստոնեաները կը նախընտրեն խմբովին մեկնիլ երկրէն, քան ենթարկուիլ ռեժիմի մը, որուն տակ մեր կեանքը, ինչքը եւ պատիւը մշտապէս ենթակայ պիտի մնան թուրքերու քմահաճոյքին, ինչ որ ըլլան հաստատուած քոնթրոլը ու թուղթի վրայ դրուած ապահովութիւնները:

Այս դժբախտ հաւանականութեան պարագային, կը խնդրենք շահակից պետութիւններէն, որ միջոցներ ձեռք առնեն բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդները ապահով տեղ մը փոխադրելու համար:

15 Մայիս 1920

Ստանայի Հայոց Առաջնորդ Գէորգ Վրդ. Ասլանեան
Ամբողջ Հայաստանի Պատուիրակութեան ներկայացուցիչ՝
Մ. Տամատեան
Ատանայի բողոքական հայոց երէց՝
Կ. Հ. Յարութիւնեան
Արդի Կաթոլիկ Հայոց Առաջնորդ՝
Բասգալ Քէքլիկեան
Ատանայի Ազգ. Միութեան Նախագահ՝
Տոքթ. Մնացականեան
Ատանայի Քաղ. ժողովոյ ատենապետ՝
Կ. Քէշիշեան
Ատանայի Յոյն Օրթոտոքս հասարակութեան
ներկայացուցիչ՝ Ա. Գարաեուսուֆօղլու
Ա. Կ. Սիմէօն օղլու
Տոքթ. ժ. Ռանիէլիտէս
Կ. Կրիկորիատէս
Կաթոլիկ Սուրիանիներու Պատր. Փոխանորդ՝
էլ-խուրի Փիլիպպոս
Կիլիկիոյ Քաղդէացւոց ընդհ. հովիւ՝
Հ. ժոզէֆ Թիւֆէնկճի
Ատանայի Ասորիներու Պատրիարքական Փոխանորդ՝
Հ. ժան
Ատանայի Մասօնական Օթեակին կողմէ
Աւետիս Աւետիսեան
Ատանայի Սուրիական Ազգ. Միութեան Դեր-Նախագւսհ՝
ժան


Իսկականի համաձայն է

գործակալ՝ Հայ ապաստանեալներու

/Լորդ Մւսյէրս Օֆ Լոնտօն օգնութեան քօմիթեն/ w.a Kenndu M.D. Մերձաւոր Արեւելքի Տոքթ. Վ.Ա. Քենեդի օգնական քօմիթեի մասնաճյուղին

Տոքթ. Ուիլիամ Ս. Տադ./Տ. Dodd M.D./

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Կիլիկիոյ հայ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդները անցեալներս ալ նմանօրինակ հաւաքւսկան գիր մը ղրկած էին. որու, անշուշտ, Պատուիրակութեան կողմէ ընթացք տրուած է:

Տիար Արշակ Չօպւսնեան. Ինչ որ կը ղրկուի, իսկոյն կը հաղորդուի պաքթանեալ պաշտօնատան: