Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/617

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Տիրան Տէօվլէթեան. Կը փավւաքինք. որ Ն. Վ. Կաթողիկոսը, իբր մօտէն տեղեակ Կիլիկիոյ անցքերուն, մեզի պարզեր ճշգրիտ կացութիւնը, եւ յայտներ, թէ ի՞նչ դիմումներ ըրաւ Սնգլիոյ մէջ, ուրկէ կը վերադառնալ

Վեհ. Տ. Սահակ կաթողիկոս. Կիլիկիայէն մեկնելուս երեք ամիսը անցաւ, եւ ես ալ հեռուէն ստացուած լուրերով միայն տեղեակ եմ կացութեան: Այս վերջին հեռագիրը պէտք է ղրկած ըլլան ազդուելով դաշնագրին նկատմամբ ստացուած տեղեկութիւններէ, որոնք կը յայտնէին, թէ Կիլիկիա երկու մասի պիտի բաժնուի: Երբ մեկնեցայ Կիլիկիայէն՝ կացութիւնը շփոթ էր ու ծանր: Եկայ այստեղ՝ ֆրանսական կառավարութեան պարգելու իրերու դրութիւնը, մասնաւորաբար յայտնելու, թէ այնտեղ գտնոտղ ֆրանսական ոյժերը անբաւական են Կիլիկիոյ խաղաղութիւնն ու հանգստութիւնը ապահովելու համար: Միա կողմէ, աշխատեցայ, որ հայերն ու թուրքերը նոյն աստիճանին վրայ ըլլան, ինչպէս կըլլայ Կիլիկիոյ մէջ, պարգեցի հայոց սէրը Ֆրանսայի մասին աւելցնելով, թէ անոնք իրենց շահերը կը նկատեն ֆրանսական շահերը: Այղ առթիւ ըսի, որ եթէ դժուարութիւններ կան նոր զօրք ղրկելու, տեղւոյն հայ ժողովուրդը պատրաստ է բոլորուելու ֆրանսական իշխանութեանց շուրջը, պաշտպանելու համար թէ՛ իր կեանքը եւ թէ՛ ֆրանսական դրօշին պատիւը, կը բաւէ որ ֆրանսական կառավարութխնը զինէ եւ իր սպաներով կազմակերպէ գանոնք: Եղած հարցումի մը պատասխանելով, ըսի տակաւին, թէ 8-10 000 զէնք բաժնելով հայոց, կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել բաւարար ոյժ մը այդ նպատակին իրականացման համար: Խոստացան, յայտնելով նաեւ, թէ նոր գօրք պիտի ղրկուի կամ արդէն իսկ ղրկուած է: Վերջին լսածիս համեմատ, մաս մը զօրք ղրկուեր է իրապէս: Ասկէ վերջ ի՞նչ անցաւ-դարծաւ, որ նոյնիսկ իրենց գրաւման ենթակայ քաղաքներն ալ կը պարպեն: Ասիկա չենք գիտեր:

Անգլիոյ մէջ՝ չէի կրնար անշուշտ այստեղ կատարած դիմումներու հակառակ ուղղութեան մը հետեւիլ: Քանի որ անգամ մը դիմեր էի Ֆրանսայի, կրնայի վիրաւորել գայն՝ դիմում կատարելով նաեւ Անգլիոյ: Ստիպուած էի չափազանց գգուշաւոր ըլլալ նոյն ինքն Կիլիկիոյ ժողովուրդին բարիքին համար: Միայն, Կիլիկիոյ բաժանման մասին բողոքագիր մը ներկայացացի անգլիական կառավարութեան, ինչպէս արդէն ամեն Դաշնակից պետութեանց:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Պատասխան մը ստացա՞ք անգլիական կառավարութեան կողմէ:

Վեհ. Տ. Սահակ Կաթոդ. Լորտ Քըրգըն պատասխանեց, թէ ստացած է եւ Պ. Լլոյտ ճորճի յանձնած է:

Վսեմ Տիար Գ. Նորատունկեան. Ֆրանսական կառավարութիւնը գէնք յանձնե՞ց Կիլիկիոյ հայոց:

Վեհ. Տ. Սահակ Կաթոդ. Մաս մը տոփն: Եթէ տուած չըլլային, օրինակի համար Հաճըն ինչպէ՜ս կրնար սոսկ իր միջոցներով այսքան ամիսներ դիմադրել գինքը ամեն կողմէ շրջապատող այն բարբարոս խուժաններուն:

Տիար Զաքարիա Պգտիկեան. Երեւցածին նայելով, յայտնի չկամութիւն մը կայ ֆրանսացւոց կողմէ, ո՛չ միայն թուրքերու, այլ նաեւ հայոց մասին: Որովհետեւ չեմ կարծեր, թէ իրենց ունեցած ոյժերը իրօք անբաւական ըլլային թուրքերուն դէմ: Օրինակի համար՝ Պոզանթիի մէջ 5000 զինոտր ունէին, ինչպէս գրուեցաւ վերջերս: Զարմանալի է, որ այդքան գինոտրով կրցած չըլլան պահել Պոզանթին, որ պզտիկ տեղ մըն է եւ պաշտպանուած է շատ անառիկ դիրքերով: Թուրքերը, ինչպէս կը տեղեկացնեն վերջին նամակները զորս ստացած եմ, կանոնաւոր բանակ չեն հանած ֆրանսացւոց դէմ: Խմբական մեծ յարձակումներ չեն ըրած: Աւելի՝ չեթէներ են, որոնք կը գործեն զանազան տեղերու մէջ, նոյնիսկ Ատանայի մօտերը: Ատանայէն դուրս բերելը անհնար է հայոց: Բայց միւս կողմէ, հասած նամակները կ՛ըսեն, թէ Կիլիկիոյ ամենէն լաւ պաշտպանուած քաղաքն Ստանան է: Քաղաքին հայերը շատ վախ չունին