Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/618

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բնիկ իսլւսմներէն: Շրջակաները գործող չեթէներն են, որ մտահոգութիւն կը պատճառեն իրենց:

Այդ բոլոր խումբերը շատ լաւ զինուած են, նոյնիսկ միթրայէօզներ, երբեմն նաեւ թնդանօթ ունին իրենց հետ:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Թալան, եւ այլն կը կատարե՞ն այդ խումբերը:

Տիար Զաքարիա Պզտիկեան. Ո՛չ, իրենց նպատակը քաղաքական է: Խնդիր է, սակայն, թէ Ստանա հիմակուան պէս ապահով պիտի մնա՞յ՝ եթէ ֆրանսացիք քաշուին: Մինչեւ վերջերս՝ լուրերը շատ լաւ էին. հասած նամակներէն կ՚երեւար, թէ առատ գործ կայ քաղաքին մէջ: Բայց Յունիս մէկ թուակիր նամակ մը, որ Պէյրութէն ղրկուած է, կը ծանուցանէ, թէ քանի ատենէ ի վեր այլեւս բնաւ լուր չեն ստանար Ատանայէն:

Տիար Բրօֆ. Թումայեան. Ինչպէս կըլլայ, որ ֆրանսացիք հայերուն ու թուրքերուն միեւնոյն կասկածով կը նային Կիլիկիոյ մէջ. պատճառ մը կա՞յ:

Տիար Զաքարիա Պզտիկեան. Կիլիկիոյ հայերն ալ այդ հարցումը կ՛ընեն:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Յայտնի է արդէն, թէ մերինները անհրաժեշտ զգուշաւորութիւնը չկրցան ունենալ, շրջահայեաց չեղան եւ ֆրանսացւոց կասկածը հրաւիրեցին իրենց վրայ: Միւս կողմէ, այնտեղ գտնուող ֆրանսացի զօրքերն ալ մեծ մասամբ գաղթավայրերէ եկած ըլլալով, կ՚երեւայ թէ շատ բարեկիրթ եւ լաւ տարրեր ըլլալու չեն, որով չեն կրցեր պէտք եղածին պէս գնահատել մեր ժողովուրդը: Այս երկու գլխաւոր պատճառներով, խնդիրը արծարծուեր է: Հիմա, ինչպէս ծանօթ է, ֆրանսական կառավարութիւնը կամ այնտեղի ֆրանսական իշխանութիւնները Մուսթաֆա Քեմալ Փաշայի հետ բանակցութիւն կատարեր եւ համաձայնութիւն մը կնքեր են: Չենք գիտեր, թէ ի՞նչ պայմաններով: Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահէն խնդրած ենք, որ Քէ տՕրսէէն տեղեկութիւն առնէ կնքուած համաձայնութեան մասին: Արդեօ՞ք Պատուիրակութեան ներկայ անդամները տեղեկութիւն մը ունին: Համագումարը անշուշտ գոհութեամբ պիտի լսէ զիրենք:

Տիար Արշակ Չօպանեան. Ինչ որ պիտի ըսեմ՝ կապ չունի Պատուիրակութեան Նախագահին ունենալիք տեսակցութեան եւ այդ մասին տալիք տեղեկութեանց հետ: Աւելի անձնական տեսակցութեան մը արդիւնքն է, զոր պիտի հաղորդեմ: Այսօր տեսնուեցայ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արեւելեան ճիւղի Դեր-տնօրէն Պ. Պարժըթոնի հետ, եւ երբ հաղորդեցի Կիլիկիոյ պարպումիս նկատմամբ մեր ունեցած բոլոր տեղեկութիւնները, Պ. Պարժըթոն զարմանք յայտնեց: Մասնաւորաբար Այնթապի պարպուած ըլլալը ծանուցանող տեղեկութեանց ակնարկելով, ըսաւ թէ այդպէս բան չկայ: Հարցումս կրկնեցի, աւելցնելով, թէ լոկ թերթերու հրատարակութիւններ չեն, այլ՝ ուրիշ աղբիւներէ ստացուած տեղեկութիւններ ալ կը ծանուցանեն, թէ ֆրանսական զինուորները իրօք կը քաշուին Կիլիկիայէն: Բացատրեցի նաեւ այն յուղումը, որուն մատնուած էինք այս վրդովիչ լուրերը առնելով: Պ. Պարժըթոն ըսաւ դարձեալ, թէ ինք գոնէ բան մը չի գիտեր այս մասին եւ թէ ամբողջ գիտցածը սա է, որ զինադուլ մը կնքուած է թուրքերուն հետ: Հարցուցի, թէ ինչպէ՞ս կըլլայ, որ զինադադարի մէջ զինադադար մը կը կնքուի, քանի որ անհերքելի է, թէ Պ. Ռոպէր տը Քէ գացեր է այդ մասին բանակցելու Մուսթաֆա Քեմալի հետ: Պ. Պարժըթոն յայտնեց, թէ կնքուած զինադուլը լոկ զինուորական բան մըն է, քաղաքական նշանակութիւն մը չունի բնաւ: Համագումարիդ կը հաղորդեմ նաեւ, թէ Պ. Ռոպէր տը Քէ, որ Պոլիս անցած էր, Փարիզ եկեր է: Պէտք է անշուշտ զինքը տեսնել եւ անձամբ տեղեկութիւն ստանալ իրմէ: Ասիկա ալ պիտի ընէ Պատուիրակութիւնը:

Տիար Տիրան Տէօվլէթեան. Պ. Վենիզելոս ալ Փարիզ կը գտնուի: Պատուիրակութիւնը մտադի՞ր է զայն ալ տեսնել:

Տիար Ա. Չօպանեան. Պատուիրակութիւնը շատ մը կարեւոր առիթներու մէջ տեսնուած է Պ. Վենիզելոսի հետ եւ այս անգամ ալ պիտի տեսնուի: Բէեյց չեմ կարծեր, որ ինք ալ հիմա որոշ բան մը գիտնայ Մուսթաֆա Քեմալի եւ ֆրանսացւոց միջեւ կնքուած համաձայնութեան մասին: Կ՛ենթադրեմ, սակայն, թէ ինք ալ մեզի պէս