Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/619

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վրդովուած պէտք է ըլլայ այդ համաձայնութեան պատճառաւ, քանի որ տարակոյս չկայ, թէ ֆրանսացւոց հետ կռիւը դադրեցնելով, թուրքերը Կիլիկիոյ մէջ իրենց ունեցած ոյժերուն մեծ մասը պիտի բերեն կեդրոնացնեն յունական ճակատներում դէմ:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Պէտք է խորհիլ հիմա, թէ ի՞նչ կրնանք ընել թէ՛ տեղին վրայ եւ թէ՛ այստեղ: Փարիզի մէջ ըլլալիք ձեռնարկներու մասին վերջնական եզրակացութեան մը յանգելու համար անհրաժեշտ եղած տեղեկութիւնները տակաւին չառնուեցան: Պ. Պալէոլոկի հետ տեսակցութիւն մը պէտք տեսնուած էր. դեռ հնարաւոր չեղաւ: Պ. Պէլլէ տեղեկութիւններ պիտի տար Արտաքին Գործոց Յանձնաժողովին մէջ տիրող կարծիքին նկատմամբ, այս ալ դեռ կարելի չէ եղած: Միւս կողմէ, պէտք կայ Պ. Ռոպէր տը Քէն Պ. Վենիզելոսի տեսնելու: Բան մը չենք գիտեր տակաւին, թէ հելլեն վարչապետը, նոր կացութեան բերմամբ ի՞նչ ուղղութեան պիտի հետեփ: Արղեօք պիտի յարատեւէ՞ դաշնագիրը գինու զօրութեամբ եւ անգլիական աջակցումը թուրքերուն պարտագրելու մտածման մէջ, թէ ոչ՝ ինք ալ պիտի յարի Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ քաղաքականութեան ու պիտի նախընտրէ համաձայնութեան մը գալ թուրքերուն հետ: Գալով տեղւոյն վրայ ըլլալիք գործողութեանց, պէտք է այժմէն Ել շուտով կարգադրութիւն մը ընել: Կիլիկիոյ հետ հաղորդակցիլը դիւրին գործ չէ. դէպքերը կրնան անակնկալի բերել զմեզ: Մինչեւ այսօր՝ Կիլիկիոյ մէջ երկու ուղղութիւն կար. թուրքերուն դէմ բացարձակ ատելութիւն եւ ֆրանսացւոց դէմ յայտնի անսիրելութիւն մը: Այս երկու ուղղութիւններն ալ սխալ էին, ինչպէս կ՚ապացուցուի այսօր: Հայերը, ընդհակառակը, պէտք էին սիրաշահիլ երկու տարրերն ալ, զգուշանալով մէկուն ու միաին մօտ կասկածի առարկայ դառնալէ: Մասնաւորաբար, թուրքերուն հետ վեհանձնութեամբ վարուիլը անշուշտ ծանր էր իրենց համար, բայց լաւագոյն միջոցն այդ էր. կը տեսնենք ահա Պ. Լլոյտ ճորճը, որ Պ. Քրասինի հետ կը բանակցի, կը տեսնենք նաեւ Պ. Միլըրանը, որ Պ. Ռոպէր տը Քէի միջոցաւ Մուսթաֆա Քեմալի հետ համաձայնութիւն կը կնքէ: Տարակոյս չկայ, որ յանձնարարելի մեծ օրինակներ չեն ասոնք, բայց վերջապէս աշխարհք այսպէս է: Երբ հգօր պետութիւններ շրջահայեցութեամբ վարուելու պէտք կը տեսնեն, ինչո՞ւ մեգի պէս պզտիկ ու տկար ժողովուրդ մը այդպէս չընէ: Հետեւաբար, հայերն ալ կրնան խնդիր ընել համաձայնութեան եզր մը Մուսթաֆա Քեմալ Փաշայի հետ: Չմոռնանք, որ ժամանակը սուղ է: Ֆրանսացիք տակաւին Կիլիկիոյ մէջ են, բայց եթէ յանկարծ պարպեն զայն, շատ մեծ անպատեհութիւններ կրնան ծագիլ: ժողովուրդին տեղափոխութիւնը լուծում մը չէ: Տեղափոխութիւնը կէս մը մահ ըսել է: Աւելի քան 150 000 ժողովուրդ ունինք Կիլիկիոյ մէջ. ո՞ւր պիտի երթան, ինչպէ՞ս պիտի երթան: Փոխադրութեան միջոցները չափազանց դժուարին են. յետոյ՝ ամեն կողմ կեանքը սուղ է. ուր որ ալ երթան' թշուառ պիտի ըլլան: Ազգերու գթութեան դիմելէն ալ մեծ օգուտ մը չպիտի կրնան ձեռք բերել, որովհետեւ աշխարհք այլեւս ծանձրացաւ նպաստելէ: Այս պայմաններուն մէջ' ժողովուրդը տեղափոխել՝ մեռցնել ըսել է: Անշուշտ, ունեւորներ կան, որոնք ասանկ րոպէի մը կրնան ուրիշ աւելի ապահով տեղ մը բնակելու որոշում տալ. բան մը չենք կրնար ըսել անոնց. բայց միաներուն համար ո՛չ մեր սիրտը, ո՛չ մեր զգացումները թոյլ կու տան, որ խորեինք, թէ պէտք է ելլեն երթան իրենց երկրէն: Ուրեմն, անհրաժեշտ է, որ ժողովուրդը մնայ: Բայց միւս կողմէ, վտանգը կայ: Երբ ֆրանսացիք մեկնին եւ թուրքերը իրենք իրենց գլխուն մնան, կարելի է, որ վրիժառութեան դիմել ուզեն եւ երկուստէք արիւն թափի: Եղանակ մը գտնել պէտք է ուրեմն՝ մէկ կամ միւս անպատեհոլթենէն խուսափելու համար: Մեր նախահայրերը աւելի նեղ, աւելի վտանգաւոր պարագաներու մէջ գտնուած են, բայց, ինչպէս յայտնի է, միշտ կրցած են պարագային յարմար մարզիկը գտնել եւ անոնց խոհեմութեամբ ու խելքով ազատել ինքզինքնին: Չեմ հաւատար, որ մեր ազգը հիմա զուրկ ըլլայ իմաստութենէ, ունի լաւ տարրեր, որոնց խոհեմութեան կրնայ թողալ այս վտանգաւոր դրութեան լուծումը: Կը կարծեմ, թէ թուրքերուն հետ համաձայնութեան մը հիմերը չեն պակսիր: Կրնանք, օրինակի համար, անոնց ըսել, թէ ահա, դաշնագրին համաձայն, Կիլիկիոյ մէկ ստաար