Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/620

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մասը Սուրիոյ կը կցոլի, այդ տեղերը՝ Կիլիկիոյ ամէնէն արգաւանդ եւ հարուստ մասերն են. մենք միջնորդ կ՛ըլլանք պետութեանց մօտ, որ անոնք Կիլիկիոյ վերադարձուին, պայմանաւ, որ ատոր փոխարէն, մեզի տրուին նախ հանգստութիւն, ապահովութիւն, յետոյ՝ վարչական ձեռնտու կազմակերպութիւն մը: Կարելի է գտնել բանակցութեւսն ուրիշ հիմեր ալ, բայց նախ պէտք է համաձայնինք սկզբունքին վրայ: Կը հասկնամ, դժուար է կիլիկեցւոց այս տեսակ կարգադրութեան մը վրայ խորհիլն իսկ, բայց լաւագոյն միջոցն է: Ֆրանսական կառավարութեան ընթացքը Կիլիկիոյ մէջ աննախընթաց բան մըն է պատմութեան մէջ, եւ այդ պատճառաւ հայք ալ գրեթէ աննախընթաց կացութեան մը ենթարկուած են:

Տիար Բրօֆ. Թումայեան. Կիլիկիոյ հայերը տրամադի՞ր են այս տեսակ կարգադրութիւն մը ընդունելու: Շնորհակալ պիտի ըլլայինք՛ եթէ Վեհ. Կաթողիկոսը այս մասին լուսաբաներ մեզ:

Վեհ. Սահակ Կաթողիկոս. Կը կարծեմ, թէ ուշ մնացած ենք: Անոնք այնտեղ անմիջական օգնութիւն կը սպասեն, մենք այստեղ տակաւին պիտի համաձայնինք թէ ի՞նչ ընենք: Կիլիկիոյ մէջ՝ ժողովուրդը շատ մեծ հաւատք ունի Պատուիրակութեան վրայ. անանկ կը կարծէ, որ երբ Պատուիրակութիւնը ուզէ, կրնայ ամեն բան ոտքի հանել: Ան գիտէր, որ Պատուիրակութիւնը պահանջած է Կիլիկիան իբր ամբողջական Հայաստանի մաս եւ ըստ այնմ ձեւած էր իր ընթացքը: Եթէ Պատուիրակութիւնը ատենին ըսեր, թէ Դաշնակիցներէն յոյս չկայ այլեւս, թերեւս կարելի ըլլար միջոց մը գտնել տեղին վրայ համաձայնութեան մը գալու համար:

Տիար Արշակ Չօպանեան. Բայց Պատուիրակութիւնը կացութիւնը չէ ծածկած բնաւ: Այն օրն իսկ երբ Կիլիկիոյ վիճակուելիք բախտը պարզուեցաւ, իսկոյն հաղորդեցինք Պ. Տամւստեանի, մանրամասն նամակով մը, զոր մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ տարաւ Տոքթ. Ալթունեան, եւ որ ապահով ենք, թէ հասած է Պ. Տամւստեանի ձեռքը: Ապացուցելու համար, թէ Պատուիրակութիւնը իրական վիճակը չէ ծածկած, կը կարդամ այդ նամակէն մաս մը.

«...Կիլիկիոյ ինչպէս եւ հայ տէրութենէն դուրս մնալիք բոլոր հայ հողամասերուն քաղաքական բախտը դեռ չէ որոշուած: Տիկին Եսայեանի՝ այստեղէն մեկնած պւսհուն այնպէս կը կարծուէր, թէ այդ բոլոր հողամասերը պիտի դրուին Ֆրանսայի հովանավորութեւսն տակ՝ Ազգերու Ընկերակցութեան կողմէ mandat-ով, եւ մենք անմիջապէս «Ամբողջական Հայաստանի մը կազմաւորման անկարելիութիւնը եւ Կիլիկիոյ մասին Ֆրանսայի հետ համաձայնեցէք» խորհուրդով, Լորդ Քըրզոնի բերնէն իսկ լսելէ յետոյ, ցաւ ի սիրտ, ստիպուած եղանք մեր քաղաքականութիւնը յարմարցնել այս նոր կացութեան, ընդունելով որ հայ տէրութենէն դուրս մնալիք հողամասերը դրուին Ֆրանսայի պաշտպանութեան տակ, միշտ այն հասկացողութեամբ, թէ անոնց հայկական հանգամանքը պիտի ճանչցուի Գերագոյն Խորհուրդէն եւ անոնց պիտի տրուի ինքնավար ռեժիմ մը, թուրք տիրապետութենէն բոլորովին ազատ: Ինչ պիտի ըլլայ Գերագոյն Խորհուրդին վերջնական որոշումը, դեռ չենք գիտեր, եւ կը յուսանք որ Սան Ռեմոյի մէջ, քիչ օրէն, այդ որոշումը՛ կը տրուի: Շատ հզօր պատճառներ կան, որ մեզի վախնալ կու տան, թէ թուրք վեհապետութիւնը եւ նոյնիսկ թուրք վարչութիւնը պիտի պահպանուին Կիլիկիոյ եւ հայ տէրութեան չկցուելիք միլս հայ հողամասերուն վրայ: Ֆրանսական խորհրդարանի Commission des Affaires Exterieurs-ին կարեւոր անդամներէն ոմանք մեզի յայտնեցին, թէ Ֆրանսայի փափաքն է, որ ֆրանսական Zone-ը սահմանակից ըլլայ հայ տէրութեան, եւ այդ ամբողջ Zone-ին մէջ Սուլթանին գերիշխանութիւնը լոկ անուանական ըլլայ, վարչութեան ղեկը գտնուելով ֆրանս իշխանութեանց ձեռքը: Բայց երբ Կիլիկիոյ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան գործին մէջ այնքան թոյլ կը յայտնուի Ֆրանսա, ինչպէ՞ս պիտի հաստատէ իր իշխանութիւնը մինչեւ Խարբերդ, Տիարպէքիր ու Ավազ: Միւս կողմէ, Լորդ Քըրզըն, Լլոյտ Ճորճ եւ Պ. էսքուիթ խորհրդարանին մէջ վերջերս արտասանած իրենց ճառերով յայտարարեցին, թէ Կիլիկիա մահմետական երկիր է, թէ հոն մահմետականները խոշոր