Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/621

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մեծամասնութիւն կը կազմեն եւ թէ հայերը ազգաբնակութեան հազիւ մեկ երրորդը կը ներկայացնեն, եւ ասիկա՝ հակառակ այն բոլոր նօթերուն, զոր Պատոփրակութիւնս իրենց ղրկած էր: Վերջին պահուն կ՛իմանանք, թէ ֆրանսական կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ կայ երկու հոսանք, մին կուզէ հրաժարիլ Կիլիկիայէն եւ Սուրիայէն՝ ուրիշ տեղ փոխարինութիւն ստանալով, միաը կուզէ, որ Ֆրանսա մնայ հոն: Ֆրանսայի հոն մնալու պարագային՝ ի՞նչ ռեժիմ պիտի հաստատուի՝ որոշ չեն ըսեր, եւ «հայկական ինքնավար ռեժիմի» մը խօսքն անգամ չկայ: «Կիլիկիոյ բոլոր ազգպյնութեանց իրատւնքները պիտի յարգուին». այս է բանաձեւը, զոր կը լսենք Քէ տՕրսէի մէջ: Չափազանց մեծ հաւանականութիւն կայ, որ թուրք գերիշխանութիւնը եւ վարչութիւնը պահպանուին ուրեմն Կիլիկիոյ եւ միւս հայ հողամասերուն մէջ: Մենք կը վախնանք նոյնիսկ, որ այդ գերիշխանութեան պահպանումը անխուսափելի ըլլայ ֆրանսական քոնթրոլի տակ՝ Եթէ ֆրանսացիք հոն մնան: Մենք մինչեւ վերջը պիտի պնդենք հայ տէրութեան չկցուելիք հայ շրջանները թուրք տիրապետութեան տակ չձգուին եւ Ազգերու Ընկերակցութեան հոգատարութեան տակ դրուին:

Այն ըլլալով կացութիւնը, նոր ուրեմն ձեզի կը մնայ անոր պատշաճեցնել ձեր դիրքը: Ֆրանսական իշխանութեանց հանդէպ բռնուած լեզուն ըլլալու է համեստ եւ ճապուկ, քանի որ անոնց ձեռքն է առ այժմ Կիլիկիոյ պաշտպանութիւնը: Մահմետականաց հանդէպ պէտք է զգուշանալ յարձակողական ոեւէ քայլէ, շատանալ ինքնապաշտպանութեամբ՝ յարձակմանց դէմ, մնալ չէզոք ամեն անգամ, որ կարելի է' զուր արիւնահեղութեան տեղի չտալու համար: Մէկ խօսքով, ամեն ջանք ընելու է, որպէսզի յարաբերութիւնները լաւ ըլլան ֆրանսական իշխանութեանց հետ եւ մահմետականաց հետ ալ modus vivendi մը գտնենք...»:

Ա. Չօպանեան

Տիար Ա. Չօպանեան. Ինչպէս ըսի, ապահով ենք, որ այդ նամակը ստացուած է այնտեղ մէկուկէս ամսէ ի վեր, բայց ահա այսօր կը ղրկեն հեռագիր մը, որ նամակին թելադրութեանց բոլորովին հակառակ տրամադրութենէ մը ներշնչուած է: Ուրիշ խնդիր, թէ պէտք է նորէն դառնալ թուրքերում հետ համաձայնութեան մը գալու տեսակէտին: Ամեն պարագայի մէջ, Պատուիրակութիւնը չի կրնար ուղղակի կերպով այս տեսակ բանակցութեան մը ձեռնարկել, որովհետեւ եթէ Դաշնակիցները յանկարծ մասնաւոր կարգադրութիւն մը ընել որոշեն Կիլիկիոյ համար, Պատուիրակութեան կոդմէ հակառակ ուղդաթեամբ առնուած ոեւէ քայլ կրնայ վնասել այդ կարգադրութեան, նոյնիսկ քանդել զայն: Բայց այնտեղ մարդ կը ղրկուի, եւ Պատուիրակութիւնը կրնայ բերանացի թելադրութիւններ ընել:

Վեհ. Տ. Սահակ Կաթոդ. Կը կրկնեմ, որ շատ ուշ մնացինք ատոր համար: Որովհետեւ ւսրդէն իսկ փորձ մը եղած է առանց արդիւնքի, նոյնիսկ թուրքերուն կոդմէ: Ստանայի վալին՝ ճելալ Պէյ ուղղակի ինծի ըսաւ, թէ այս երկիրը ո՛չ մերն է, ո՛չ ձերն է, ո՛չ ալ Ֆրանսայի: Պէտք է, որ մենք՛ թուրքերս եւ դուք՝ հայերդ համաձայնինք: Խնդիր եղաւ, ժոդովներ գումարուեցան, խորհրդակցութիւններ եղան, բայց, ինչպէս ըսի, ապարդիւն:

Ձայներ. Ո՞վ արգելք եղաւ:

Վեհ. Տ. Սահակ Կաթոդ. Չէ՜ք հասկնար, թէ ով: Ամեն պարագայի մէջ՝ ոչ գլուխը, այլ՝ ոտքերը:

Տիար Տէրպէտէրեան. ժողովո՞ւրդը...

Վեհ. Տ. Սահակ Կաթ. Ո՛չ: Ինչո՞ւ միշտ ժողովուրդը կը մեղադրէք: Վերջէն՝ թուրքերը անգամ մըն ալ այդ առաջարկը ըրին՛ յոյները միջնորդ դարձնելով, բայց դարձեալ կարելի չեղաւ: Ըլլալիքը ոչ այնքան քաղաքական կարգադրութիւն մը, որքան համերաշխութեան, փոխադարձ բարեացակամ յարաբերութիւններ հաստատելու պիտի ձգտէր: Եւ առիթը յարմար էր այդ միջոցին, որովհետեւ թուրքերը կը կարծէին, թէ ֆրանսացիք գաղտնի կերպով կը գինեն հայերը ու կը վախնային: Ստանայի հայերը իրօք չափազանց սպառնալից դիրք մը ունին, բայց զէնքը առատ չէր