Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/622

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իրենց մօտ: Գնդապետ Պրեմոնէն հազիւ 200 կտոր զէնք կրցանք առնել Ստանայի համար, մինչդեռ թուրքերը այն հաւատքն ունէին, թէ հայերուն մօտ այնքան շատ քանակութեամբ զէնք կայ, որ եթէ ուզեն, կրնան մէկ օրուան մէջ ջարդել բոլոր թուրքերը:

Տիար Վ. Թէքէեան. Կացութիւնը բաւական պարզուեցաւ կարծեմ: Վեհափառին խօսքերէն կը հասկցոփ, թէ շատ ուշ է Կիլիկիոյ հայ ժողովուրդն ու թուրքերը համաձայնութեան բերելու համար: Եթէ սոսկալին կարելիութիւն մը կայ, անշուշտ կ՛աշխատի նաեւ այդ ուղղութեամբ: Պետութեանց մօտ կատարուելիք դիմումներէն մեծ բան չենք կրնար սպասել, քանի որ յայտնի չկամութիւն մը կայ անոնց մօտ: Միւս կողմէ, քանի որ չենք փափաքիր ժողովուրդէն հեռանալը, եւ արդէն անկարելի է վարժուիլ այդ տեսակ գաղափարի մը, պէտք է աշխատինք այդ ժողովուրդը զօրացնելու, որպէսզի մինակը կարենայ դիմադրել իրեն սպառնացող վտանգներուն: Ասիկա պէտք է ընել գաղտնի միջոցներով: Պէտք է նախ հրահանգ տալ ժողովուրդին, որ իր մորթը ապահովելու համար ամեն կարելի բան ընէ, համաձայնի թուրքերուն հետ, սիրաշահի զանոնք, եւ մինչեւ այդ՝ գաղտնաբար զօրացնել զայն: Դիւր գործ մը չէ անշուշտ, բայց անկարելի ալ չէ, քանի որ թուրք տիրապետութեան ամէնէն զօրեղ, ամեն տեղ կարելի կ՛ըլլար զէնք անցընել Կիլիկիա, եւ յետոյ, արտասահմանի մէջ՝ պէտք է օգնութեան ուժեղ հոսանք մը գոյացնել Կիլիկիոյ համար: Այնտեղի ժողովուրդը ուրիշ ամեն ատենէ աւելի պէտք ունի հիմա գիտնալու, թէ այդ արտասահմանի հայերը զինքը չեն մոռցած ու չեն լքեր: Այստեղ, Անգլիա, Ամերիկա, վերջապէս ամեն կողմ պէտք է հիմակուընէ խոշոր գումարներ հաւաքուին, ո՛չ թէ լոկ որբերու եւ այրիներու օգնութեան անունով, ինչպէս կըլլայ սովորաբար, այլ՝ Կիլիկիոյ ժողովուրդը ուժովցնելու այս նպատակին համար:

Ամեն. Դուրեան Արքեպ. Իբր տեղեկութիւն հաղորդեմ, որ Պոլսոյ մէջ ատոր մէկ փորձը եղաւ անցեալներս: Մասնաւորաբար Մարաշի կոտորածին հետեւանքով ահագին յուզում առաջ եկած էր. թէ՛ պաշտօնական շրջանակները եւ թէ՛ ժողովուրդը իրար անցած էին. գումարումներ, խորհրդակցութիւններ եղան օրերով, եկեղեցիները փակելու որոշումն ալ այդ վրդովման արղիւնքն էր: Պէտք տեսնուեցւսւ զօրացնել Կիլիկիոյ ժողովուրդը, եւ սկսան ձեռնարկներ ըլլալ՝ ազգին զգացնելու համար, թէ պէտք է առատօրէն նպաստէ Կիլիկիոյ ինքնապաշտպանութեան: Թերթեր հրատարակութիւններ ըրին այղ նպատակով, եւ մասնաւոր դրամահաւաք յանձնաժողովով մը կրցան գոյացնել 60000 ոսկի գումար մը: Ապահովութիւն տուած էին մեզի, թէ պիտի կրնան զէնք ղրկել Կիլիկիա, բայց յայտնի չէ, թէ ի՞նչ եղաւ: ժողովուրդը զինելու մտածումը գէշ չէ. դրամ հաւաքենք ատոր համար, բայց նախ պէտք է ապահով ըլլանք, թէ ժողովուրդը պիտի կրնա՞յ ստանալ այդ զէնքերը:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Այնպէս կը կարծեմ, որ հակառակ բոլոր անցեալ հիասթափութեանց, իրաւունք չունինք թերահաւատ ըլլալու Անգլիոյ կատարուելիք դիմումի մը մասին: Կրնայ ըլլալ, որ ղարձեալ յուսախաբ ըլլանք, բայց այդ հաւանականութիւնը պէտք չէ պատճառ դառնայ, որ նորէն չփորձենք: Երբ վերջին անգամ Անգլիոյ մէջ հաղորդուեցաւ Կիլիկիոյ պաշտպանութեան հարցը, Լորդ Քըրզոն յայտարարեց Լորդերու ժողովին մէջ, թէ իր կառ.ավարութիւնը ամեն ջանք թափելու վրայ է, որ Ֆրանսա չհեռանայ Կիլիկիայէն եւ հոն գտնուող քրիստոնեաները պաշտպանելու ծանր պաշտօնը ստանձնէ: Ասիկա կենթադրէ, թէ խորհրդակցութիւն մը տեղի կ՛ունենար Անգլիոյ եւ Ֆրանսիոյ միջել այդ մասին, եւ թէ սկզբունքը ընդունուած էր: Անգլիա չի՛ կրնար հանդուրժել, որ աշխարհի, մանաւանդ Ամերիկայի հանրային կարծիքին առջեւ պատասխանատու մնայ, թէ ֆրանսացւոց մեկնելէն ետքը հայ ժողովուրդը բոլորովին անպաշտպան ձգած է թուրքերուն ձեռքը: Միւս կողմէ՝ ուրիշ կէտ մըն ալ կայ, որ յուսատու կը դառնայ այս պարագային: Դաշնակիցները որոշեցին թուրքերը պահել Պոլսոյ մէջ, այն մտածմամբ, թէ Պոլսէն աւելի հեշտ կրնան ճնշում բանեցնել թուրքերուն վրայ, մինչդեռ եթէ Անատոլու գտնուէին, դժուար պիտի ըլլար