Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/623

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

այդ ճնշումը ընել: Յայտնեցին նաեւ, որ եթէ Թուրքիա չգործադրէ դաշնագրին պայմանները, պիտի խստացնեն զանոնք, եւ այդ խստութիւններէն առաջինը պիտի ըլլայ թուրքերը վերջնականապէս Պոլսէն վտարելը: Քանի որ թուրքերուն վրայ ճնշում բանեցնելու միջոցներ չեն պակսիր, չեմ կարծեր, թէ երբ Կիլիկիոյ ժողովուրդին պաշտպանութեան համար դիմում ընենք Անգլիոյ, ըսէ թէ կարելիութիւն չկայ: Կը կրկնեմ, որ պէտք չէ յոյսերնիս կտրենք Անգլիայէն:

Տիար Տիրան Տէօվլէթեան. Ինքզինքնիս չխաբենք: Մարաշի դէպքերէն ետքն ալ դիմումներ ըրինք Անգլիոյ: Պատասխանեցին, թէ Ֆրանսայի գացէ՚ք: Չեմ յոաար, որ դրական բան մը ընեն հիմա: Ինչ որ պէտք է ընել՝ ատիկա մեր ընելիքն է: Պէտք է որոշենք, թէ ի՞նչ կրնանք ընել: Կառաջարկեմ, որ Պատուիրակութիւնը կարեւոր մէկը ղրկէ Կիլիկիա, որպէսզի երթայ անձամբ տեսնէ, քննէ եւ հաղորդէ իրեն բուն կացութիւնը:

Տիար Չօպանեան. Մարդ ղրկելու մասին Պատուիրակութիւնը երբեք չէ թերացած: Դեռ վերջերս՝ շատ լուրջ, շատ արժանի անձ մը ղրկել որոշած էինք՝ Տոքթ. Արթինեանը, բայց դժբախտաբար, անձնական հարկեցուցիչ պատճառներ զինքը արգիլեցին: Անկէ ի վեր՝ ուրիշ մը կը փնտռենք: Քանի որ Կիլիկիոյ ինքնապաշտպանութեան մասին ակնարկութիւններ եղան, ըսեմ որ Պատուիրակութիւնը այդ մասին ալ չթերացաւ: Երբ Լոնտոն էինք, երկու Պատոլիրակութեանց Նախագահները եւ Զաւէն Պատրիարք համախումբ հեռագրեցին Ամերիկա, որ Կիլիկիային կարեւոր գումար մը ղրկեն բացարձակապէս ինքնապաշտպանութեան նպատակին համար: Գիտենք, որ շատ մեծ գումարներ ղրկուեցան, եւ պէտք է հասած ըլլան Կիլիկիա, որովհետեւ վերջերս Պ. Տամատեան մեզի ծանուցած էր, թէ դրամական անձկութեան մը միջոցին ստիպուեր էին ինքնապաշտպանութեան դրամէն փոխառութիւն մը ընել հիւանդանոցին համար:

Ամեն. Դուրեան Արքեպ. Հիւանդանոցը կուտէ արդէն մեր կեանքը:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Ինծի կը թոփ, թէ ո՛չ այսօրուան քաղաքական դրութեան կատարելապէս տեղեակ ենք, հետեւաբար' ո՛չ ալ ապագայ հաւանականութիւններուն: Դաշնագիր մը կայ, որ դեռ չէ ստորագրուած եւ որուն բախտը ի՞նչ պիտի ըլլայ՝ չենք գիտեր: Դրութիւնը կրնայ հիմնապէս փոխուիլ եւ կրնան ստեղծուիլ նոր վտանգներ, եւ կամ նպաստատր կարելիութիւններ: Տրուած ըլլալով ասիկա, մենք պէտք է հրաժարինք մեր աղաւնիի քաղաքականութենէն: Պէտք է չվարանինք զանազան ուղղութեանց միտող ձեռնարկներ միանգամայն ընելէ, պատրաստ ըլլալու համար ամեն տեսակ պատահականութեանց: Քաղաքականութիւնը էապէս անպարկեշտութիւն է եւ մենք չէ, որ պիտի կրնայինք անոր օրէնքներէն խուսափիլ: Հետեւաբար՝ կը կարծեմ, որ պէտք է առաջարկուած երեք ուղղութեամբ ալ գործենք միեւնոյն ատեն, տուեալ վայրկեանին ելից հնար մը ունենալու համար: Քեմալիստներու հետ պէտք է բոլորովին անպաշտօն կերպով բանակցութեան մտնենք: Այդ բանակցութեանց թերեւս յարմարագոյն կեդրոնը կրնայ ըլլալ Պոլիս, որան հետ, ինչպէս եւ Կիլիկիոյ հետ, սուրհանդակներու միջոցաւ պէտք է հաղորդակցութիւն հաստատել: Այս բանակցութիւնները կատարուելու են այն տեսակ եղանակով մը, որ յառաջիկային՝ եթէ քաղաքական դրութիւնը նպաստաւոր դառնայ, մեզի վնասակար չըլլան: Այս տեսակ քաղաքականութենէ մը խրտչելու չենք, քանի որ ամեն տերութիւն նոյն ճամբով կը գործէ: Պէտք է միեւնոյն ատեն գաղտնի կերպով զօրացնենք Կիլիկիոյ հայութխնը, ինքնապաշտպանութեան կարելիութիւնը ընծայելով անոր: Իսկ այստեղ եւ Լոնտոն շարունակել մեր սովորական դիմումի քաղաքականութիւնը: Այս ամբողջ ձեռնարկներուն մանրամասնութիւնները եւ գործադրութեան եղանակները պէտք չէ, որ Համագումարը որոշէ, այլ՛ գործադիր պատասխանատու մարմինը: Իմ կարծիքս է, որ Արեւելքի բարդ քաղաքականութիւնը նոյնպէս բարդ քաղաքականութիւն մը կը պարտադրէ մեզի, եւ թէ այդ է միակ ելքի միջոցը: