Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/624

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Դրութիւնը մեզի համար պարզ է, Դաշնագիրը Կիլիկիան տուեր է թուրքերուն: Կը կարծեմ, որ պէտք է այժմէն հաշտուինք այս իրականութեան հետ: Անգլիւս, ինչպէս նաեւ Դաշնակիցները, փոքրամասնութեանց պաշտպանութիւնը ստանձնած են արդէն: Կը հետեփ, ուրեմն, որ անոնց պաշտպանութեան կրնանք դիմել, ինչպէս նաեւ ինքնապաշտպանութեան բնական միջոցին: Իսկ մեր քաղաքականութեան առանցքն ըլլալու է դաշնագրին հիմնական վճիռը, որ արդէն տրուեր է՝ Կիլիկիան թուրքերուն թողլով: Մեզի երկու ճամբայ կը մնայ ուրեմն, կա՛մ հաշտուիլ այս իրականութեան հետ՜ եթէ երբեք մեր վերջին յոյսերը անէանան եւ կա՛մ թէ հեռանալ Կիլիկիայէն:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիս. Ի՞նչ իրաւունքով կրնանք ստիպել ժողովուրդը, որ ելլէ իր հայրենիքէն: Թող իրենք modus vivendi մը գտնեն թուրքերուն հետ մնալու համար:

Տիար Թէրզիպաշեան. Ես չեմ ըսեր, թէ որոշենք որ ժողովուրդը ելլէ, այլ՜ մեզի ներկայացուած հարցին երկու երեւոյթներն են, որ կը պարզեմ: Ես կը կարծեմ, որ այսօրուընէ պէտք է Պատոփրակութիւնը սկսի նախապատրաստական աշխատանքը, անակնկալի չգալու համար, ըստ որուն՝ դաշնագրին ստորագրութիւնը շաբաթներու հարց է, մինչդեռ մենք Կիլիկիա մարդ ղրկելու համար շատ անգամ ամիսներ սպասելու կը հարկադրուինք:

Տիար Զ. Պզտիկեան. Կիլիկիոյ ժողովուրդին ելլելը կամ չելլելը աւելի ապագայի հարց է: Կիլիկիոյ ժողովուրդը չէ ընդունած դաշնագիրը, միշտ բողոքող պիտի մնայ անոր դէմ: Հիմա անմիջականը սա է, որ ժողովուրդը վտանգի տակ է: Պէտք է խորհիլ, թէ ինչ միջոցներ ձեռք առնելու է, որ երբ ֆրանսացիք քաշոփն, ջարդեր տեղի չունենան: Տէրութեանց պիտի դիմենք ասոր համար եւ թէ՛ Մուսթաֆա Քեմալի հետ պիտի բանակցինք: Կարծեմ, թէ երկուքն ալ կրնանք ընել: Եթէ ժողովդ համամիտ գտնուի, կրնանք փորձել Տիար Ֆնտգլեանի առաջարկած միջոցը: Միւս կողմէ, կրնանք նաեւ սկսիլ թուրքերուն հետ բանակցելու: Կան թուրքեր, որոնք լաւ դեր մը խաղցան տարագրութեան ընթացքին, ինչպէս Պեքի Համիե, Ալի Հայտար Պէյ, ու նաեւ Ստանայի արդի վալի ճելալ Պէյը: Ասոնք սերտ յարաբերութեան մէջ են Մուսթաֆա Քեմալի հետ: Խնդիր է, թէ ինչպէ՞ս բանակցութեան պիտի մտնուի անոնց հետ: Բայց անգամ մը, որ սկզբունքը ընդունուի, անշուշտ միջոց մը կը գտնուի, եւ պէտք է գտնուի՝ նկատի առնելով վերահաս վտանգը, որ կը սպառնայ Կիլիկիոյ ժողովուրդին:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Կասկած չկայ, որ առաջարկուած երեք միջոցներու ուղղութեամբ ալ պէտք է աշխատիլ: Սակայն, պէտք է նկատի առնել կարգ մը պարագաներ:

Առաջին: Միլլիճիներու հետ բանակցութեանց միջոցին պէտք է նկատի ունենանք, որ մենք երբ բան մը կը պահանջենք, անոնք ալ փոխադարձաբար մեգմէ բան մը կը սպասեն: Անոնց գլխաւոր ուղղութիւնը այն է, որ Կիլիկիոյ, ինչպէս միւս թրքական նահանգներուն մէջ հայերը՝ ներկային եւ մօտիկ ապագային՝ իրենց վտանգ սպառնացող մեծամասնութիւն մը չունենան: Եւ եթէ մենք նոյնիսկ յաջողինք այժմ համաձայնութեան մը գալ անոնց հետ, ֆրանսացտց մեկնելէն ետքը ամեն մէկ առիթին պիտի օգտուին այդ մեծամասնութիւնը յանձառացնելու զանազան պատրուակներով: Համաձայն եմ Համագումարի Նախագահին, որ զանգուածային գաղթ մը կրնայ աղիտաբեր ըլլալ: Բայց արդեօք կարելի չէ՞ թելադրել, որ միջոց ունեցողները, որոնց գաղթը կրնայ տեղի ունենալ սովորական ճամբորդութեան մը պայմաններով, առանց իրենց թիլը նուազեցնելու, առ այժմ մեկնին Կիլիկիայէն եւ, այս կերպով, միլլիճիները վտանգաւոր նկատուող մեծամասնութիւն մը չտեսնեն: Այս պարագային, թէ՛ բանակցութիւնները կը դիւրանան Եւ թէ՛ գործադրութիւնը կապահովոփ: Պայման կը


Տեքստում այդպես է: Ծանոթ.կազմ.: