Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/625

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նկատես միայն, որ այս բանակցութիւնը վարողներն ըլլան տեղական ժողովուրդի ներկայացուցիչները:

Երկրորդ միջոցը՝ ինքնապաշտպանութիւնը՝ պէտք է շատ զգուշատր ըլլայ, եւ Կիլիկիա մնալիք փոքրամասնութիւնը բաղղադաբար ապահովելու նպատակին ծառայէ: Այս ալ պիտի ըլլայ միմիայն տեղական ոյժերու միջոցով: Հասկնալի է հարկաւ, որ դուրսէն այդ նպատակով անհրաժեշտ նիւթական միջոցները պէտք է հայթայթուին:

Այս երկու խնդիրներուն համար, որոնց գործադրութիւնը այնտեղի ոյժերուն կը մնայ, ճոր մարդ մը ղրկելու ալ պէտք չկայ, քանի որ Վեհ. Կաթողիկոսը առաջին առթիւ պիտի մեկնի, եւ այս բոլոր տեսակէտները, ինչպէս քիչ մը աւելի խոհեմութեամբ վարուելու անհրաժեշտութիւնը լաւագոյն կերպով մը կրնայ բացատրել:

Գալով երրորդ տեսակէտին, ի հարկէ պէտք է ամեն հնարաւոր դիմումներն ընել Դաշնակից պետութեանց մօտ եւ ատ ալ կ՛ընեն անշուշտ այստեղի պաշտօնական մարմինները:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Պիտի խնդրեմ, որ Պատուիրակութիւնն իր յառաջիկայ նիստին մէջ նկատողութեան առնելով խնդրոյն բազմակողմանի հանգամանքները, որոշ արպջարկութիւն մը բերէ Համագումարիս:

Տիար Ա. Չօպանեան. Պատուիրակութիւնը պիտի ընէ պէտք եղածը: Բոլոր անհրաժեշտ դիմումները պիտի կատարուին պետութեանց մօտ, հարկ եղած ամբողջ կորովով ու աչալրջութեամբ: Միւս կողմէ՝ կը մտածենք դարձեալ մեծ միթինկ մը սարքել ո՛չ թէ մենք անձամբ, այլ՝ ֆրանսական քաղաքական խմբակցութեան մը կողմէ, ինչպէս անցեալներս ըրինք՝ Մարդկային Դաշնակցութեան միջոցով, եւ այս շատ մեծ յաջողութիւն մը գտաւ:

Տիար Վ. ԹԷքէեան. Պէտք է Անգլիոյ մէջ սարքել տալ այդ տեսակ միթինկ մը, քանի որ տեսանք արդէն, թէ Ֆրանսայի մէջ եղածները մեծ արդիւնք մը չեն տար:

Տիար Ա. Չօպանեան. Միւս կողմէ՝ ինչպէս անցեալ նիստին ալ ըսի, արղեօք լալ չըլլա՞ր, որ Համագումարը ինք ալ հանդիսաւոր բողոքագրով մը արտայայտուի Կիլիկիոյ մասին՝ տէրութեանց մօտ:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Երբ այդ տեղեկութիւնները բերէք, Համագումարս նկատողութեան կառնու կարեւորն:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 7-ին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 63, թթ. 23-49: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ ԺԶ

14 Յունիս 1920, ժամը 5-ին,

նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի:

Ներկայ էին 16 պատգամաւոր՝

Ամեն. Դուրեան Արքեպ., Տոքթ. Բարսեղեան, Դաւիթ-Բէկ, Թէրգիպաշեան, ԹԷքէեան, Հանըմեան, Մսըրլը, Տոքթ. Նեւրուզ, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Չօպանեան, Պգտիկեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան. Տէօվլէթեան, Ֆնտգլեան:


Օրակարգ

1. Շարունակութիւն վիճաբանութեան Ազգ. Պատ. համարատուութեան

2. Տեղեկագիր Ազգ. Պատ. Կազմական Կանոնագրի Տանձնաժողովին

3. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատոփրակութեան