Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/626

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Օրակարգ

1. Շարունակութիւն վիճաբանութեան Ազգ. Պատ. Համարատուութեան.

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. ժողովին բացումէն քանի մը վայրկեան առաջ ստացայ Ազգ. Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահին եւ Պատուիրակութեան անդամներուն կողմէ ուղղուած նամակներ, որոնք պիտի կարդացոփն:

Կարդացուեցան Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպարի եւ Պատուիրակութեան անդամ Տիարք Արշակ Չօպանեանի եւ Վահան Թէքէեանի հետեւեալ նամակները.


Ա. Նամակ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպարի

Փարիզ, 12 Յունիս 1920.

Տիար Նախագահ

Հայկական Ազգ. Համագումարին,

Փարիզ.

Տիար Նախագահ,

Այն եօթ տարիները, որոնց հինգը պատերազմին սկզբնաւորութենէն ասդին, զորս նուիրեցի մեր ազգային դատին պաշտպանութեան, այն աստիճան յոգնութիւն պատճառած են ինծի եւ այնքան ուժեղ կերպով խախտած են առողջութիւնս, որ կը հարկադրոփմ հրաժարիլ Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահի պաշտօնէն, զոր ինծի վստահելու շատ մեծ պատիւը ըրած էին նախ՝ Ն. Ս. Օծութխն Կաթողիկոսը եւ յետոյ՝ մեր Ազգ. Համագումարը:

Քանի ատենէ ի վեր արդէն որոշած էի հրաժարիլ եւ յետաձգած էի այն յոյսով, թէ ոյժերս պիտի ներեն դիմանալ մինչեւ Թրքական Խնդրին լուծումը: Այս մասին տեղեկութիւն տուած էր մեր Ամեն. Զաւէն Պատրիարքին, Փարիզէն մեկնելէն առաջ, տեդեկութիւն տուած էի նաեւ Ձեզի, մեր վերջին տեսակցութիւններէն մէկուն ընթացքին: Բայց երկու պատճառներ զիս կը հարկադրէին հրաժարիլ անմիջապէս:

Նախ՛ որ այսօր այլեւս տարակոյս չկայ, թէ թուրքերը չպիտի ընդունին դաշնագիրը, եւ Հայկական Խնդիրը տակաւին ժամանակ մը անլոյծ պիտի մնայ: Չպիտի կրնամ մինչեւ այն ատեն յարատեւել այն յոգնած վիճակին մէջ ուր կը գտնուիմ, եւ որ այս մեծ տարիքիս մէջ զիս անկարող կը դարձնէ տալու ամբողջ աշխատութիւնը, զոր մեր ազգը իրաւունք ունի ինձմէ սպասելու, ինչպէս սպասած է անցեալին մէջ:

Միւս կողմէ՝ իմ պաշտօնս ստացած ըլլալով Ազգ. Համագումարէն, որ քիչ օրէն պիտի աւարտուի, եւ իմ յաջորդը ընտրելու ձեռնհասութիւնն ալ Համագումարին միայն պաքթանելուն, անհրաժեշտ է, որ հրաժարիմ իր աւարտուելէն առաջ, որպէսզի կարելիութիւն ունենայ, տակաւին իր աշխատութիւնները չլրացուցած, նոր նախագահ մը ընտրելու եւ նոր տիրէքթիւներ տալու անոր:

Պատիւն ունիմ, ուրեմն, նոր Ազգ. Համագումարին ներկայացնելու իմ հրաժարականս՛ Ազգ. Պատուիրակութեան նախագահութեան պաշտօնէն եւ իրեն յայտնելու այն ցաւը, զոր կը զգամ իրմէ բաժնուելով:

Կ՛ուզեմ աւելցնել, թէ խոր յուզումով մը կը թողում այս պաշտօնը, որուն նոփրուած էի ամբողջ էութեամբս. որովհետեւ՝ բնաւ չպիտի մոռնամ այն բազմաթիւ քաջալերութիւնները եւ վեհանձն զգացումները, որոնց այնքան սրտայոյզ ու հայրենասիրական ապացոյցները տոփն ինծի բոլոր երկրներուն մէջ գտնոտղ հայրենակիցներս, այս տկար ու ցաւագին տարիներում ընթացքին, եւ ամեն առթիւ: Մինչեւ իմ վերջին շունչս՛ խանդաղատալից երախտագիտութիւն մը ւկիտի պահեմ այն վստահութեան համար, զոր դրին իմ վրաս, եւ որ, ամէնէն մթին օրերուն մէջ, մինակը ինծի զօրավիգ եղաւ եւ զիս սրտապնդեց: