Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/628

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Ես առանձին նամակով իմ հրաժարականս չէի ծանուցած, նկատելով, որ Պատուիրակութեան Նախագահը Պատուիրակութեան անդամներուն ալ հրաժարած ըլլալը ծանուցած է իր նամակին մէջ, բայց քանի որ միա ընկերներս պէտք տեսեր են առանձին նամակ գրելու, կը ձայնակցիմ Տիար Վահան Թէքէեանի նկատումներուն, եւ կը խնդրեմ Համագումարին, որ իմ կողմէ ալ ստորագրուած նկատէ իր նամակը:

Տիար Արշակ Չօպանեան. Ես ալ կը ձայնակցիմ այդ նկատումներում:

Վսեմ Տիար Գ. Նորատունկեան. Տարակոյս չկայ, որ Համագումարը համամիտ պիտի գտնոփ ինծի, թէ պէտք է մերժուին այս հրաժարականները: Այսպիսի ճգնաժամային ատենուան մը մէջ պէտք չէ, որ հրաժարականի խնդիր գոյութիւն ունենայ մեր օրակարգին վրայ: Որքան ալ յարգելի ըլլան Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահին մէջ բերած պատճառները, կը յուսամ որ կոչում ընելով թէ՛ իր եւ թէ՛ Պատուիրակութեան յարգելի անդամներում հայրենասիրութեան, պիտի յաջողինք զիրենք ետ կեցընել այս մտադրութենէն:

Տիար Տէրպէտէրեան. Կառաջարկեմ, որ Համագումարս, սակայն, մասնաւոր պատգամաւորութիւն մը ղրկէ Ն. Վսեմութեան մօտ, խնդրելով որ ետ առնէ իր հրաժարականը:

Տիար Վահան Թէքէեան. Այս առաջարկութեան առթիւ ինծի պարտք կը նկատեմ յայտնել, թէ Պատուիրակութեան Նախագահը երբ իր որոշումը ծանոյց մեզի, ըսաւ թէ անդառնալի է. այս կերպ կրկնեց ու շեշտեց, աւելցնելով, որ իրեն համար այլեւս բացարձակապէս անկարելի է շարունակել իր աշխատութիւնը եւ թէ իր հրաժարականը ձեւականութիւն մը չէ: Գալով մեր հրաժարականներում, այսօրուան համար անոնք կը բղխին այդ հրաժարականէն: Վաղուան համար ալ վերջնական է գոնէ իմս, քանի որ միայն իմ անունովս կրնամ խօսիլ:

Տիար Չօպանեան. Երբ Փաշան հրաժարելու որոշումը յայտնեց, բնականաբար խնդրեցինք, պնդեցինք գոնէ տակաւին ատեն մը, գոնէ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը շարունակէ իր աշխատութիւնը: Մերժեց, առարկելով, թէ իր առողջական վիճակը չի ներեր, յիշեցուցինք իրեն թէ շատ անգամներ զինքը տկար տեսած էինք արդէն եւ թէ հակառակ ատոր, միշտ աշխատած էր իր սովորական աւիւնով եւ կորովով: Յիշեցուցինք նաեւ, թէ ինք տրամադրութիւն յայտնած էր Համագումարին մէջ՝ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը մնալու իր պաշտօնին գլուխը, եւ նոյնիսկ այստեղ առաջարկ բերաւ, առաջարկ, որուն Պատուիրակութեան բոլոր անդամներս ալ համաձայն էինք, որ Համագումարի Նախագահն ալ այսուհետեւ անդամակցի Պատուիրակութեան: Այս ամենը ըսինք, կրկնեցինք, աւելցնելով, որ ինք դրօշ մը, անուն մըն է մեր դատին հետապնդութեան համար եւ թէ իր մեկնումը մեծ ցաւ պիտի պատճառէ ընդհանուր հայութեան: Բայց օգուտ չըրաւ: Պէտք է աւելցնեմ, որ ես ինքս ալ, բացի Նախագահին հրաժարման միանալու որոշումէս, արդէն իսկ չափազանց յոգնած եւ ուժասպառ կը գտնեմ զիս: Իմ հեռացումս արդէն մեծ նշանակութիւն մը չունի: Լաւագոյն կը նկատեմ, որ աւելի թարմ ոյժեր գան լծուին այս ծանր գործին:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Պիտի խնդրէի Պատուիրակութեան անդամներէն, որ անկեղծօրէն ըսէին, թէ արդեօք նախորդ նիստին մէջ ներկայացուած բանաձեւերը ոեւէ ազդեցութիւն ունեցա՞ն այս որոշման վրայ:

Տիար Տէրպէտէրեան. Այդպէս բան չէ յիշատակուած հրաժարականներուն մէջ:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. ճիշդ է, պաշտօնապէս չէ յիշուած, բայց այդ չէ իմ հասկնալ ուզածս:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Պատուիրակութեան Նախագահին նամակէն իսկ կը հասկցուի, թէ շատ աւելի առաջ որոշած էր հրաժարիլ: Այս որոշումը իր մօտ անխախտ էր, բայց չէր յայտնած, այն յոյսով, թէ մօտ է Հայկական Հարցին լուծումը, եւ պիտի կրնայ իր աշխատութիւնը շարունակել տակաւին ատեն մը: Նոյնիսկ այս 6