Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/629

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մտադրութիւնը Ս. Պատրիարքին յայտնեց ճիշդ այն օրը միայն, որ Ն. Ամենապատուութիւնը Փարիզէն կը մեկնէր, որպէսզի լուրը չտարածուի: Այդ օրը ըսաւ նաեւ Ն. Ամէնապատուութեան, որ եթէ Պոլիս իմանան, թէ հրաժարած է իր պաշտօնէն, ուրիշ պատճառի չվերագրեն եւ աւելորդ վրդովում չունենան: Մենք ալ կը հրաժարինք՝ խոհարհելով Ն. Վսեմութեան նկատումներուն առջեւ եւ իրեն հետ Պատուիրակութեան գործունէութեան մասին ամեն պատասխանատուութիւն կը ստանծնենք Համագումարին հանդէպ:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Վսեմ. Փաշային նամակին մէջ իմ անունս ալ յիշուած ըլլալուն, ու միւս կողմէ՝ տրուած տեղեկութիւններն ամբողջացնելու համար պէտք կը տեսնեմ ըսելու, թէ, արդարեւ, ասկէ քանի մը օր առաջ Վսեմ. Փաշան ինծի յայտնեց իր հրաժարելու մտադրութիւնը, առարկելով, որ յոգնած է: Այդ առթիւ աւելորդ է նաեւ այս՝ թէ երբ Համագումարին անցեալ նիստերէն մէկուն մէջ պնդեց, որ անմիջապէս, առանց ապագայ տիրէքթիւներու ոարցին անցած ըլլալու, զիս ալ իրեն աշխատակից ունենայ, պատճառը սա էր, որ կը փափաքէր յաջորդութիւն մը պատրաստել, որպէսզի իր հրաժարման միջոցին Պատուիրակութիւնը միշտ ամբողջ մնայ: Պատասխանեցի շատ որոշ կերպով եւ շատ ալ անկեղծութեամբ, թէ ինծի համար բացարձակապէս անկարելի է Պատուիրակութեան մէջ պաշտօն ստանձնել. եւ թէ նոյնիսկ հրաժարելու պարագային, պէտք է ընտրուի այն տեսակ անձ մը, որ կարենայ շարունակաբար մնալ Պատուիրակութեան հետ: Ինչպէս Տիար Տոքթ. Նեւրուզ ըսաւ, Ն. Վսեմութեան հրաժարելու մտադրութիւնը այսօրուան խնդիր չէ. այս խնդիրը Երեւան գալէն շատ առաջ արդէն յայտնած էր այդ մտադրութիւնը:

Տիար Տիրան Տէօվլէթեան. Ինչ որ ալ ըլլան շարժառիթները, այս միջոցիս բացարձակապէս սխալ է Պատուիրակութեան հրաժարումը, որ պարզապէս մեր թշնամիները պիտի ուրախացնէ: Համարատուութեան միջոցին քննադատութիւններ եղան, նոյնիսկ շատ կծու քննադատութիւններ, բայց չեմ կարծեր, որ անոնք ուղղուած ըլլային Պատուիրակութեան դէմ: Եղած քննադատութիւնները՝ Պատուիրակութեան գործունէութեան մեթոտին դէմ էին միայն, եւ ատոնք ալ եղան որպէսզի գործուած սխալները չկրկնուին: Յայտնի կ՚երեւայ, թէ Վսեմ. Փաշան ազդուած է այդ քննադատութիւններէն: Որովհետեւ՝ նստաշրջանին սկիզբը չունէր այս տեսակ մտադրութիւն մը. նոյնիսկ ատոր բոլորովին հակառակ տրամադրութիւն մը ցոյց տուաւ՝ ակնարկելով Պատուիրակութեան ապագայ գործունէութեան եւ փափաքելով, որ Համագումարին Վսեմ. Նախագահն ալ գործակցի իրեն: Կը ձայնակցին, ուրեմն Տիար Տէրպէտէրեանի, եւ ես ալ կառաջարկեմ, որ մասնաւոր պատգամաւորութիւն մը, եթէ ժողովը փափաքի՝ Դիւանը երթայ Ն. Վսեմութեան մօտ եւ ժողովիս անունով խնդրէ ետ առնել իր հրաժարականը. Ողբալի պիտի ըլլար ասանկ ատեն մը հրաժարած տեսնել Ազգին ղեկը ձեռքերնին ունեցող մարզիկը:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս. Այս հրաժարականներուն շարժառիթը, որքան ալ ծածկել ուզեն, շատ որոշ կ՚երեւայ: Վսեմ. Փաշան դեռ քանի մը օր առաջ՝ հին տիրէքթիւներու մասին խօսելու առթիւ, խօսք ըրաւ ապագայ տիրէքթիւներու, ինչ որ կ՚ենթադրէ, թէ մտադիր էր իր աշխատութիւնը շարունակելու: Տարակոյս չկայ, որ եղած քննադատութիւնները ազդեցին թէ՛ Փաշային եւ թէ՛ իր պատուական ընկերներուն վրայ: Յայտնի է, սակայն, թէ աշխատանքին մէջ չէ որ բան մը պակսած է, այլ այն տեսակ պատճառներ, որոնք դիւանագիտական էին ու անպատմելի, թոյլ չեն տուած, որ այդ աշխատանքը պսակուի: Մենք, սակայն, այդ պատճառները իրած ըրինք բերինք Պատ.-թեան վիզը պլլեցինք: Անյաջողութեան պարագային սովորութիւն ունինք արդէն միշտ յանցաւոր մը փնտրելու: Հիներում մէջ, երբ քրմապետը եզը մորթէր, դատաստան կ՛ըլլար, թէ ո՞վ մորթեց եզը, եւ քրմապետը յանցաւոր հանել ուզելով հանդերձ, վերջապէս դանակը յանցաւոր կը գտնէին: Հիներուն մօտ արարողութիւն մըն էր ասիկա, իսկ մեր մէջ՝ սովորութիւն դարձած է: Պէտք էինք մտածել, որ մեր գլխաւոր կարեւոր ոյժերը ասոնք էին, բայց չկրցան դիմադրել այն