Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/630

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բոլոր արգելքներուն, որոնց գիտենք, թէ պիտի բաղխէին: Գիտէինք նաեւ, որ ամբողջական այն մեծ Հայաստանին նկատմամբ մեր սնուցած երազները կրնային ձախողիլ: Խելքի դէմ է ատոր համար պատասխանատու նկատել Պատ.-ը: Ամէնքս ալ պէտք է փութանք դարմանել եղածը, խմբուելով միակ բանաձեւի մը շուրջը, ել շնորհակալութիւն յայտնելով տարուած աշխատութեան համար, ընդունելով, որ իրենք բոլոր կարելին ըրած են, բայց բաղխած են մեծ դժուարութեանց: Պէտք չէ, որ Պատ.-ը դնենք այն տեսակ վիճակի մը մէջ, որ շիկնած, շառագնած ելլէ այս գործին մէջեն:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Երկու առաջարկ կայ ուրեմն: Առաջին՝ մասնատր պատգամաւորութիւն մը երթայ Վսեմ. Փաշային եւ յանուն Համագումարին խնդրէ, որ ետ առնէ իր հրաժարականը: Երկրորդ՝ բարեփոխուին տրուած բանաձեւերը եւ իսմբագրուի նոր բանաձեւ մը, որուն շուրջ խմբուի ամբողջ Համագումարը ու Վսեմ. Փաշային երթալիք պատգամատրութիւնը այդ բանաձեւն ալ տանի միասին: Խօսք ուզող կա՞յ այս առաջարկներու մասին:

Տիար Ա. Հանըմեան. Որքան որ ալ ըսուեցաւ, թէ եղած քննադատութիւնները բաժին չունեցան Պատուիրակութեան հրաժարականին մէջ, կրնանք վստահ ըլլալ, որ հրաժարականներուն բուն պատճառը անոնք են: Չեմ կարծեր, որ քննադատները այս արդիւնքը գոյացնելու համար ըրին իրենց քննադատութիւնները: Այս պատճառաւ, կը յուսամ, որ անոնցմէ մէկը կամ միաը սիրով պիտի ուզեն ընկերանալ այն պատգամաւորութեան, որ պիտի երթայ Փաշային մօտ:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Ես, որ քննւսդատողներէն մէկը եղած եմ, կը կարծեմ, որ քննադատութիւնը չի կրնար պատճառ դառնալ այս տեսակ վարմունքի մը: Մենք անպատճառ եղած գործերը հաստատելու համար չէր, որ հրափրուեցանք այստեղ: Ամեն ոք պարտաւոր էր իր խօսքին ու մտքին թելադրութեանց համաձայն արտայայտել: Ես կը կարծեմ, որ իմ պատգամատրի պարտքս կատարած եմ եւ չեմ սպասեր, որ իմ ազատ արտայայտութիւնս ոեւէ մեկու մը վիրաւորանք համարուի. մանաւանդ, որ ես իմ վերլուծմանս մէջ գլխատը պատասխւսնատուութիւնը կը վերագրէի ուրիշ գործօններու: Կը կարծեմ, որ քննադատութիւններէ աւելի բանաձեւերը կրնան դեր խաղցած ըլլալ այս խնդիրներուն մէջ, վասնզի քննադատողները փոքրամասնութիւն էին: Իսկ բանաձեւը, եթէ անբաւական համարուած է, պատճառը սա է անշուշտ, որ նկատուած է իբր մեծամասնութեան արտայայտութիւն. այնպէս որ, կարծեմ թէ բանաձեւը ստորագրողներուն երթալը աւելի նպատակայարմար է:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Բանաձեւերուն ակնարկութիւն եղաւ: Ես ալ բանաձեւ մը ներկայացուցած եմ եւ պարտք կը զգամ քանի մը բացատրութիւններ տալու: Բանաձեւերը կազմելու առթիւ ստիպուած էինք նկատի առնել երկու բան. նախ՝ ձեռք բերուած արդիւնքը, եւ յետոյ՝ գործողներուն աշխատանքը: Շատ կարելի էր չգովել արդիւնքը, եւ սակայն, չդատապարտել նաեւ գործողները, որովհետեւ իրենք առանձին չեն եղած կացութեան հանդէպ. իրենցմէ շատ աւելի ուժեղ ազդակներ եղած են որոնք, ըստ կամս շրջած Են պայմանները: Այս վարանման առջեւ էր, որ դժուարութիւն ունեցայ որոշ բանաձեւ մը տալու եւ վերջ ի վերջոյ, ստիպուեցայ երկու կէտերն ալ նկատի առնելով խմբագրել իմ բանաձեւս:

Նախագահին՝ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի առաջարկութեան վրայ, Համագումարը որոշեց պահ մը դադար տալ նիստին՝ Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոսի առաջարկած ձետվ բանաձեւ մը մասին խորհրդակցելու համար:

Նիստը վերսկսելուն, Դիւանին յանձնուած էր Տիարք Գառնիկ Ֆնտգլեանի եւ Տիրան Տէօվլէթեանի կողմէ ստորագրուած հետեւեալ բանաձեւը.

Համագումարս, մեծ ցաւով լսելով Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահին հրաժարականը, պարտք կը համարի բացարձակապէս անընդունելի նկատել գայն, ներկայ բախտորոշ, ճգնաժամային րոպէին, ուր իր հեռացումը մեծ հարուած մը պիտի ըլլայ մեր դատին եւ ազգին պիտի պատճառէ դառն յուսալքում: Համագումարս,