Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/631

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

միաձայն յայտնելով խորին շնորհակալութիւն եւ գնահատում անցելոց մէջ ազգին մատուցած անգին ծառայութեանց համար, կը խնդրէ եւ վստահ է, որ Ն. Վսեմութիւնը պիտի հաճի, հակառակ իր առողջական վիճակին, այս գերագոյն զոհողութիւնն ալ յանձն առնել ի սէր ազգին, ետ առնելով իր հրաժարականը:

Գառնիկ Ֆնտգլեան
Տիրան Տէօվլէթեան

Տիար ե. Տէր-Ստեփանեան. Կը կարծեմ, որ պէտք չէ քաղաքական բանաձեւի խնդիրը միացնել Պատուիրակութեան Նախագահին յարուցած հրաժարականի հարցին հետ. քանի որ հրաժարականը տարամերժօրէն առողջական նկատումներով պատճառաբանուած է: Քննադատողները, որոնցմէ մէկն ալ ես եղայ, բնաւ նպատակ չունէին Պատուիրակութեան Նախագահին հրաժարականը յառաջ բերել: Այն բանաձեւը, գոր ես ներկայացուցած էի, իմ մտքիս մէջ վստահութեան քուէ մըն էր, թէեւ ոչ մեծ վստահութեան: Այնքան ճիշդ է այս, որ նիստէն առաջ, երբ բացարձակապէս անտեղեակ էի Նախագահին հրաժարականէն, խմբագրած էի բանաձեւ մը, զոր ստորագրեց նաեւ Տիար Թէրզիպաշեան, որով Համագումարին կ՚առաջարկուէր հայութեան կողմէ իր գնահատումը արտայայտել Պատուիրակութեան Նախագահին, անոր եօթ տարուան անձնուէր գործունէութեան համար: Ես կառաջարկեմ, որ մեր այս բանաձեւը կարդացուի, քուէարկուի միածայնութեամբ, եւ պատգամաւորութիւն մը գայն տանելով Նախագահին, խնդրէ որ ետ առնէ իր հրաժարականը: Տիար Զաքարիա Պզտիկեան նոյնպէս առաջարկեց, որ հրաժարականի խնդիրը չկապուի բանաձեւերուն, քանի որ անոնց ակնարկութիւն չէ եղած հրաժարականներուն մէջ եւ առաջարկեց, որ . Համագումարը, առանց նոր բանաձեւ մը կազմելու, պատգամաւորութիւն մը ղրկելով խնդրէ Փաշային, որ իր հրաժարականը ետ առնէ:

Համագումարը որոշեց միածայնութեամբ խմբուիլ Տիարք Ֆնտգլեանի եւ Տէօվլէթեանի բանաձեւին շուրջը: Տիար Տոքթ. Բարսեղեան առաջարկեց, որ անոր վերջի նախադասութեան աւելցուի «եւ շարունակէ իր գործունէութիւնը մինչեւ Թուրքիոյ հետ դաշնագրին կնքումը» պարբերութիւնը: ժողովին մերժման վրայ՝ Տիար Բարսեղեան չբողոքեց միաձայնոլթեան բառին դէմ եւ պայման դնելով, որ իր առաջարկութիւնը չարձանագրուի ատենագրութեան մէջ, համամտութիւն յայտնեց Համագումարի միւս անդամներում՝ միանալու Տիարք Ֆնտգլեանի եւ Տէօվլէթեանի բանաձեւին շուրջ:

Տիարք Ֆնտգլեանի եւ Տէօվլէթեանի բանաձեւը քուէի դրուելով, ընդունուեցաւ միածայնութեամբ:

Համագումարը պաշտօն յանձնեց Դիւանին, որ Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոսի ընկերակցութեամբ Պատ.-թեան Նախագահին ներկայացնեն այդ բանաձեւը եւ խնդրեն, որ ետ առնէ իր հրաժարականը:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 7 1/2-ին:

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 63, թթ. 50-63: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ ժէ

15 Յունիս 1920, ժամը 5-ին,

նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի:

Ներկայ էին 15 պատգամաւոր՝

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս. Տոքթ. Բարսեղեան, Դաւիթ-Բէկ, Թէրգիպաշեան, Թէքէեան, Մսըրլը Պէյ, Ներսէսեան Խան, Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, Չօպանեան, Պզտիկեան, Սինապեան, Տէրպէտէրեան, Տէր-Ստեփանեան, Տէօփէթեան Ֆնտգլեան:


ՕՐԱԿԱՐԳ