Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/632

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

1. Շարունակութիւն վիճաբանութեան Ազգ. Պատ. համարատուութեան

2. Տեղեկագիր Ազգ. Պատուիրակութեան Կազմական Կանոնագրի

Յանձնաժողովին

3. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

1. Շարունակութիւն վիճաբանութեան Ազգ. Պատ. համարատուութեան

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Մեր օրակարգին առաջին խնդիրն էր Պատ. Վսեմ. Նախագահին հրաժարականի հարցը: Երէկուան նիստին մէջ՝ միաձայնութեամբ բանաձեւ մը քուէարկեցինք եւ յանձնեցինք Դիւանին, որ Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոսի հետ տանի Պատուիրակութեան Նախագահին ներկայացնէ, որպէսզի ետ առնէ իր հրաժարականը եւ մեր վարչական գործերը իրենց բնական ընթացքին մէջ մտնեն: Պատգամաւորութիւնը գնաց եւ ներկայացուց այդ բանաձեւը: Ն. Վսեմութիւնը, գոհունակութիւն յայտնելով հանդերձ տրուած բանաձեւին համար, կարգ մը բացատրութիւններ տուաւ իր հրաժարականին նկատմամբ: Կը խնդրեմ Դուրեան Սրբազանէն ժողովիդ հաղորդէ, թէ ինչպէ՞ս եղաւ մեր տեսակցութիւնը:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս. Գրեթէ մեկուկէս ժամուան տեսակցութիւն մը ունեցանք Վսեմ. Փաշային հետ: Չեմ կարծեր, որ տեսակցութեան առարկայ դարձած ամեն բան մանրամասնութեամբ պատմել պէտք ըլլայ: Պիտի յայտնեմ միայն ինչ որ էական է: Ն. Վսեմութիւնը ցաւ յայտնեց այն չորս բանաձեւերուն համար, որոնք ներկայացուած էին իր պատասխանէն ետք. չորսն ալ՝ իր, եւ առհասարակ, Պատ - թեան գործունէութեան ու ձեռք բերած արդիւնքին համապատասխան ոգուով բանաձեւեր չէին, իր իսկ բառով՜ «նախատինք կը պարունակէին» կամ «պարսաւանքի բանաձեւեր էին»: Ն. Վսեմութիւնը յիշեց թէ՛ Տիար Թէրզիպաշեանի եւ թէ՛ ուրիշներու կողմէ եղած քննադատութիւնները, յիշեց նաեւ իր տուած պատասխանը, աւելցնելով, որ կը կարծէր, թէ իր պատասխանին մէջ ցոյց տրուած պատճառները չափազանց զօրաւոր պէտք էին ըլլալ ժողովը համոզելու համար: Եւ սակայն, յարեց, Համագումարի անդամներէն մէկը միայն շնորհակալութիւն յայտնեց մեր գործունէութեան մասին, ուրիշ մը չերկրորդեց այդ շնորհակալութիւնը: Այս պարագաները քիչ մը ցաւ իրեն, կրնար իր իրաւունքին մէջ ըլլալ: Պատասխանելով Ն. Վսեմութեան, ըսինք, թէ այդ բանաձեւերէն ո՛չ մէկը քուէարկուած էր, թէ իր անձին նկատմամբ ո՛չ նախատինք, պարսաւանք ոեւէ պատգամաւորի մտքէն իսկ անցած չէր: Աւելի համոզիչ դառնալու համար յիշատակեցինք նաեւ սա պարագան, թէ իրեն ներկայացուած նոր բանաձեւը ընդունուած էր տասնչորս ներկաներու միաձայնութեամբ, եւ խնդրեցինք իրմէ, որ ուրիշ ամեն նկատում մէկ կողմ թողլով՝ բարեհաճի ետ առնել իր հրաժարականը եւ վերստանձնել իր պաշտօնը այս փաւիուկ վայրկեանին: Փաշան, սակայն, բոլորովին գոհ չմնաց այդ բանաձեւէն. իր կարծիքով՝ ասիկա միջոց մըն էր, զոր ստիպուեցանք ընել իր հրաժարականին վրայ միայն, զայն ետ առնել տալու համար: Բնականաբար՝ ժխտեցինք ասիկա: Այս մասին տարակարծիք ըլլալով մեզի հետ, Ն. Վսեմութիւնը պայման դրաւ, որ ժողովը, նոյնիսկ այն պարագային, ուր մեծամասնութիւն չպիտի ունենայ, վստահութեան քուէով մը որոշապէս արտայայտուի իր եւ Պատուիրակութեան գործունէութեան նկատմամբ: Եթէ այս վստահութեան քուէն տրուի նոյնիսկ պարզ մեծամասնութենէն, ինքզինքը գոհացած պիտի նկատէ, պայմանաւ, որ այլեւս փակուի համարատուութեան հարցը: Այս պահանջը ընելուն պատճառը սա էր, որ միայն մէկ ժողովական շնորհակալութիւն յայտնած ըլլալով Պատուիրակութեան գործունէութեան մասին, իրաւունք ունենալ կը կարծէր ենթադրելու, թէ միւսները բոլորն ալ դժգոհ էին: Ոեւէ մեձամասնութեամբ դրուած վստահութեան քուէ մը պիտի փարատէր անշուշտ այս տարակոյսը: Միւս կողմէ, Փաշան, իր ընկերներուն նկատմամբ փափկանկատութեան զգացումով մը