Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/633

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

չուզեց լքել զանոնք, եւ համերաշխութեան ոգուով մը պահանջեց, որ այդ վստահուբեան արտայայտութիւնն ըլլայ ո՛չ միայն իր, այլ՝ ամբողջ Պատուիրակութեան գործունէութեան մասին:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Փաշան գանգատեցաւ նաեւ, որ ժողովը կարծիք չյայտնեց հաշիւներու մասին:

Ձայներ. Անոնք կապ ունէին ընդհ. համարատուութեան հետ:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Փաշան պէտք չէր, որ ժողովին բուն տրամադրութեան պաքթերը նկատէր այդ բանաձեւերը, քանի որ անոնցմէ ո՛չ մէկը քուէարկուած է:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Բացատրեցի այդ պարագան, յիշեցի նաեւ իմ ներկայացուցած բանաձեւս, աւելցնելով, որ ես ինքս յաջորդ օրը պէտք տեսայ զայն փոխելու: Բայց Ն. Վսեմութիւնը այնպէս կը նկատէ, թէ ներկայացուած չորս բանաձեւերուն մէջ տիրող ոգին իրական ցոլացումն է ժողովին բուն տրամադրութեան:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս. Յայտնեցինք նաեւ, թէ իր հրաժարականին տեղեկանալէ առաջ իսկ իր ընդհանուր գործունէութեան մասին գոհունակութիւն յայտնելու պէտք տեսնուած եւ բանաձեւ մըն ալ խմբագրուած էր:

Տիար Դաւիթ-Բէկ. Տեսակցութեան ես ալ ներկայ էի, եւ կրնամ ըսել, որ Փաշան՝ երկու կէտի վրայ ծաՏրացաւ: Առաջին՝ կուզէ, որ շնորհակալութեան կամ վստահութեան քուէ մը տրուի Պատուիրակութեան: Երկրորդ՝ կուզէ, որ անցեալը բոլորովին փակուի եւ այլեւս նոր գործունէութեան պայմաններով զբաղի Համագումարը:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Ի՞նչ կը նշանակէ «անցեալը բոլորովին փակուի» խօսքը:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս. Այսինքն թէ Համագումարը եկաւ, ւոեսաւ Պատուիրակութեան գործունէութիւնը, պատճառ մը չունեցաւ անկէ դժգոհ մնալու, քանի որ գիտենք, թէ արդիւնքը որքան ալ անբաւական ըլլայ՝ պատճառը Պատուիրակաթիւնը չէ, եւ այլեւս խնդիրը վերջացած նկատուի, անդրադարձումներ չըլլան անոր մասին:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Օրինակի համար՝ միացման խնդրի մասին չխօսեցանք համարատուութեան վիճաբանութեան ընթացքին, վերջի վերապահուեցաւ այդ հարցը, ուրեմն այլեւս չպիտի՞ վերադառնանք անոր:

Տիար Չօպանեան. Այդ խնդիրը օրակարգին վրայ է եւ պիտի քննուի նոր տիրէքթիւներու հարցին հետ: Պատուիրակութիւնը ո՛չ թէ չուզէր, այլ, ընդհակառակը, ինք կը փափաքի, որ ժողովդ զբաղի անով: Գալով համարատուութեան միւս կէտերուն, որքան ալ վիճաբանութիւնը փակուած ըլլայ, տարակոյս չկայ, որ միշտ ազատ ենք եւ պիտի ստիպուինք արդէն անոնց ակնարկելու, քանի որ պիտի որոշենք, թէ վաղուան համար ի՞նչ կրնանք ընել այդ հարցերուն մասին:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Արդեօք կարելի չէ՞, որ Պատուիրակութեան ներկայ եղող անդամները խորհրդակցին իրենց միջեւ եւ ձեւ մը որոշեն ըլլալիք նոր կարգադրութեան համար:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս. Արդար ըլլալու համար՝ պէտք է, որ անոնց հրաժարականներն ալ մերժենք:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Կարծեմ լաւ կըլլայ, որ իրենք յայտնեն, թէ ի՞նչ ձեւով ըլլալու է մեր եզրակացութիւնը, որպէսզի կարելի դառնայ երկու կողմէ թիւրիմացութիւնները բառնալ եւ այս խնդրին վերջ տալ ու շարունակել ընդհատուած գործունէութիւնը: Անոր համար լաւ չէ՞, որ խորհրդակցին իրենց միջեւ:

Տիար Ա. Չօպանեան. Մենք չենք կրնայ հիմա կարծիք մը յայտնել. ատոր համար անհրաժեշտ է, որ խորհրդակցինք Պատուիրակութեան Նախագահին հետ: Բնական է ամեն ազատութիւն ունիք ուզածնուդ պէս խմբագրելու բանաձեւը. անկէ պիտի երեւայ, թէ կրնա նք մնալ: Պէտք է որոշապէս ըսել մեզի՝ կա՛մ գացէք, կա՛մ մնացէք: Ոչ Փաշան, ո՛չ ալ մենք գովեստ կը սպասենք, բայց որպէսզի մնանք, պէտք է