Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/634

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

այն տեսակ բանաձեւ մը, որ կարենանք արժանապատոտւթեամբ շարունակել մեր պաշտօնավարութիւնը:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Պատոփրակութեան Նախագահը ուզած էր ժողովին իւրաքանչիւր անդամին անհատական կարծիքը ունենալ: Լաւ չէ՞, որ ամեն անդամ իր իսկ բանաձեւը յայտնէ, որպէսզի կարելի ըլլայ գնահատել ժողովին ընդհանուր տրամադրութիւնը:

Տիար Վահան Թէքէեան. Քանի որ խնդիրը կեդրոնացաւ ամբողջ Պատ.-թեան հրաժարականին շուրջ, կը յիշեցնեմ իմ հրաժարագրիս խօսքերը: Ձեր ընելիք կարգադրութիւնը ինծի չի վերաբերիր: Մէջտեղը գործունէութիւն մը կայ, որուն համարատուութիւնը եղաւ, որու մասին քննաղատութիւններ եղան եւ պատասխաններ տրուեցան: Իբր համագումարի անդամ, կ՛ըսեմ, որ պէտք է ժողովը այսօր, իր վճիռը արտասանէ այդ գործունէութեան մասին: Վերջը Պատ.-թիւնը պիտի շարունակի, թէ՞ ոչ՛ ուրիշ խնդիր է. արդէն օրակարգի վրայ է այդ խնդիրը: Որովհետեւ կարելի չէ վստահաբար ըսել, թէ Պատ-ը անպատճառ պիտի շարունակէ պաշտօնավարել: Կրնայ ըլլալ որ տրուելիք նոր տիրէքթխներուն մէջ գտնոփ անանկ բան մը, զոր չընդունի եւ հրաժարի: Պատ.-ը այսօր կը սպասէ միայն ժողովիդ արտայայտութեան, որպէսզի ընելիքը գիտնայ: Իմ մասին, ընելիքս պարզած եմ արդէն հրաժարագրիս մէջ:

Տիար Տ. Տէօվլէթեան. Յայտնի կըլլայ, թէ Պատ.-թեան Վսեմ. Նախագահը պարզ վստահութեան քուէ կուզէ մեզմէ, հետեւաբար նաեւ՝ գնահատում իր գործունէութեան: Մեր ընելիքը, ուրեմն, պէտք է որոշ ըլլայ. կա՛մ գնահատում, կա՛մ անվստահութիւն: Կարծեմ դժգոհ չենք թէ՛ Պատոփրակութեան Նախագահէն եւ թէ՛ Պատուիրակութենէն: Անշուշտ եղան քննադատութիւններ, եւ ես ալ քննադատողներուն մէջ էի, բայց արդար քննադատութիւններ էին կարգ մը սխալներու մասին, որոնք Պատոփրակութեան հիմնական գործունէութեան չէին պաքթաներ, եւ երբեք պարսաւանք չէին նշանակեր: Երէկ այն որոշման յանգեցանք, որ այս վճռական օրերուն, երբ այնքան կենսական խնդիրներ կան մէջտեղ, երբ կը խորհոփ երկու Պատոփրակութիւնները միացնել, ո՛չ իսկ պէտք է խորհինք հրաժարականի մասին: Պէտք չէ խաղանք բառերուն վրայ, ու քանի որ մեր նախկին բանաձեւերը գոհացուցիչ չգտնուեցան, կառաջարկեմ, որ նոր բանաձեփ մը շուրջ միանանք իսկոյն եւ վերջացնենք այս խնդիրը:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Այսօրուան տեսակցութեան մասին եղած յայտնութիւնները կը պարգեն, թէ Փաշան իր հրաժարականը գրեր է անցեալ օրուան բանաձեւերուն տպաւորութեան տակ եւ թէ հիւանդութեան առարկութիւնը զոր ըրած էր իր հրաժարագրին մէջ, բուն պատճառը չէ:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Ն. Վսեմութեան հիւանդութեան տեսակէտը միշտ կայ. մեր տեսակցութեան միջոցին ատոր խօսքն ալ եղաւ եւ նոյնիսկ Վիշի երթալու մտադրութիւն յայտնեց:

Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս. Բայց եւ աւելցուց, որ իր ոյժերը պիտի կրնան դիմանալ տակափն քանի մը ամիս շարունակելու:

Տիար Բարսեղեան. Տրուած բացաարութիւններէն կերեւայ, թէ Փաշան կը փափաքի, որ հրաժարագիրն ետ առնելու համար Համագումարը պէտք է ո՛չ միայն իր, այլ ամբողջ Պատոփրակութեան մասին գոհանակութիւն յայտնէ: Ընդունելէ առաջ այդ պահանջումը, պէտք է քննենք, թէ որքա՞ն իրաւացի է: Եթէ խնդիրը իր անձին շուրջ միայն մնացած ըլար, մեր երէկուան բանաձեւը պէտք է գոհացներ զինքը: Ես ալ ձայնակցեցայ այդ բանածեփն, բայց ձայնակցեցայ այն մտածումով, որ անոր առարկան լոկ իր անձն էր: Մինչդեռ, ձեռքս խղճիս վրայ, չպիտի կրնայի եւ չպիտի կրնամ նոյն ձեւով արտայայտութիւն մը ընել ամբողջ Պատուիրակութեան համար: Բացատրեմ թէ ինչո՞ւ: Ես այն համոզումն ունիմ, որ Պատուիրակութիւնը, այս մէկ տարուան ընթացքին, իր ներքին քաղաքականութիւնը վարած է շատ ձախաւեր, շատ անյաջող կերպով մը: Արտաքին քաղաքականության մասին համոզուած եմ, որ Ազգ.