Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/635

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պատ.-ը ըրած է այն, ինչ որ կրնար ընել: Գիտեմ, որ աւելին ընել կարելի չէր եւ թէ ձախողութիւնը վերագրելի է աւելի արտաքին ազդակներու, քան իրեն: Միակ վերապահութիւն մը ունիմ այս տեսակէտով, եւ այդ ալ հայ-քրտական բանակցութեան հարցն է: Բայց այս մէկ հատիկ վերապահումը ինծի իրաւունք չի տար անոր արտաքին քաղաքականութիւնը դատապարտելու: Իրեն տեղ ով որ ալ ըլլար, ուրիշ արդիւնք մը չպիտի առաջ գար: Գալով ներքին քաղաքականութեան, ամէնքս ալ գիտենք, որ Փաշան հայկական իրականութեան ծանօթ մը չէ եղած եւ, դժբախտաբար, չէ ալ մինչեւ այսօր: Ըսի թէ Պատուիրակութիւնը այս տեսակէտով շատ ձախաւեր, շատ անյաջող քաղաքականութիւն մը ունեցած է: Ես ասիկա կը վերագրեմ լոկ Փաշային ընկերներուն, որոնք շատ աւելի լաւ տեղեակ էին ազգ. պայմաններում, որով՝ այդ քաղաքականութեան ձախողութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը կիյնայ իրենց վրայ:

Տիար Ա. Թէրգիպաշեան. Անձնական պատասխանատուութեան խնդիր կը հանէք, բայց սխալ է: Մէջտեղը համերաշխ Պատուիրակութիւն մը կայ, համերաշխ ծրագրով մը: Մեր աչքին՝ Փաշան նոյնն է, ինչ որ են իր միւս ընկերները:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Քննելով Պատ.-թեան ներքին քաղաքականութիւնը, մենք կը տեսնենք մասնաւոիաբար կարգ մը խնդիրներ, որոնք շատ գէշ արդիւնք մը տուած են եւ որոնց պատճառաւ առաջ եկած է շատ ալ անբաղձալի դրութիւն մը: Այսպէս, օրինակի համար, արեւմտահայոց՛ Հայաստանի խորհրդարանին մասնակցութիւնը արգիլելու ձգտող հեռագիրը, Մայիս 28-ի աքթին դէմ եղած բողոքը, եւ Ամերիկա գոյգ առաքելութիւն ղրկելու ձեռնարկը: Այս երեք խնդիրներն ալ, ինչպէս յայտնի է, տեղի տոլին ծանր վէճերոլ, որոնք կը տեւեն տակաւին մինչեւ այսօր, եւ որոնց վնասներում նկատմամբ կարծեմ հարկ չկայ խօսիլ: Եւ իմ համոզումս է, որ այդ երեք խնդիրներուն մէջ ալ պատասխանատուն Փաշան չէ, այլ՝ իր ընկերներն են, որոնք շատ աւելի ծանօթ էին մեր ներքին պայմաններուն եւ մեր հասարակական ոյժերու փոխ-յարաբերութեանց եւ որուն հետեւանքով, այս խնդիրներուն նկատմամբ տոն տուողը, բնականաբար իրենք պիտի ըլլան: Այս տեսակէտով, ներքին քաղաքականութեան մէջ ալ այնքան չեմ մեղադրեր Փաշան, որով կրնամ իր մասին եղած գոհունակութեան արտայայութեան մը մասնակցիլ: Բայց ինչ որ կրնամ ընել իրեն համար, իմ խիղճս երբեք չպիտի թոյլատրեր, որ ընեմ նաեւ Պատուիրակութեան միւս անդամներուն համար, եւ բացատրեցի թէ ինչո՞ւ: Նոյնիսկ այս տեսակէտով բացառութիւն չեմ նկատեր Պատ.-թեան անդամներէն Տիար Տոքթ. Նեւրուզը, որքան ալ վստահ ըլլամ, թէ այդ խնդիրներուն մէջ աշխատած է իր ընկերներէն տարբեր ուղղութեամբ:

Տիար Տէօվլէթեան. Պէտք չէ միշտ քննադատենք, պէտք չէ միշտ մեղադրենք: Յետոյ այլեւս այս խնդիրները յուղելու պէտք չունինք այսօր, քանի որ որոշապէս ըսուեցաւ, թէ Պատ.-թեան գործունէութիւնը չէր այս օրուան արդիւնքին պատճառը:

Տիար Բարսեղեան. Իմ խօսքս ներքին քաղաքականութեան համար էր:

Տիար Տէօվլէթեան. Ազգ. Պատուիրակութիւնը շատ անգամ սխալ ճամբա մէջ գացած է պարզապէս միւս Պատուիրակութեան համաձայն մնալ ուզելուն համար: Այս մասին երկուքն ալ հաւասարապէս մեղադրելի են: Ինչո՞ւ կը մոռնաք միւս Պատուիրակութեան ունեցած դերը:

Տիար Բարսեղեան. Անոնց հաշիւը ուրիշ տեղ պիտի տեսնուի:

Տիար Տէր-Ստեւիանեան. Եթէ տեսնուի:

Տիար Ա. Չօպանեան. Տիար Բարսեղեանի դիտել պիտի տամ, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը ներքին գործունէոլթեան մասին ալ համերաշխ եղած է այնքան, որքան արտաքին գործունէութեան մէջ: Եթէ այսօր Պատուիրակութեան Նախագահը հոս ըլլար, ամենէն առաջ ինք պիտի փութար ասիկա հաստատելու: Մայիս 28-ի աքթին առթիլ եղած բողոքը դրդուած էր մեծ վտանգի մը՛ ռուսական վտանգին հաւանականութեան գիտակցութենէն. եւ այս գիտակցութիւնը Փաշան ինք ունեցաւ