Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/636

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ամէնէն առաջ, այնքան, որ երբ անոր ակնարկութիւն կ՛ըլլար, կը յիշեցնէր, որ ինք տեսա., նախ այդ վտանգը, եւ անկեղծօրէն համոզուած էր, ինչպէս համոզուած էինք մենք ալ, որ եթէ Պատոփրակութխնը այդ ուղղութիւնը չբռնէր, հետեւանքը վնասակար պիտի ըլլար ազգին: Ամեն պարագայի մէջ, մտածումը նախ իրն էր, եւ ինքն իսկ կըսէր անոր ակնարկելով, ամեն անգամ որ առիթը ծագեր՝ «C’est ma these!»

Տիար Տէրպէտէրեան. «Թէզ» մը, որ «ֆայիիթ» ըրաւ:

Տիար Գ. Ֆնտգլեան. Կը ցափմ, որ Տիար Բարսեղեան ներքին քաղաքականութեան խնդիր յարոյց, որով արտաքին քադաքականութեան համար ստեղծուած կացութիւնը, զոր պարզելու միջոց մը կը խորհինք հեռու նիստէ ի վեր, բոլորովին կնճռոտեցաւ: Փաշան ներքին քաղաքականութեան մէջ ալ ինքզինքը չանջատէր իր պաշտօնակիցներէն: Քանի որ գոհրւնակութիւն պիտի յայտնենք իր մասին, չենք կրնար իր պաշտօնակիցները անջատել:

Տիար Վահան Թէքէեան. Եթէ Տոքթ. Բարսեղեանի խօսքերը Պատուիրակութեան ներքին քաղաքականութեան վերաբերեալ պատասխանատուութեան մասին՝ վիրաւորիչ չըլային Փաշային համար զայն ցոյց տալու իբր մեզի պարզ հետետրդ՝ ես իմ հաշուիս պիտի ուզէի սիրով համամիտ ըլլալ իրեն եւ ստանձնել այդ քաղաքականութեան առաջնակարգ պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ չեմ կարծեր, որ սխալ գործեցինք այդ ուղղութիւնը բռնելով:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան. Իմ ըսածներս վիրաւորիչ չեն Փաշային համար: Ես պարզապէս բացատրեցի, թէ ինչո՞ւ չեմ կրնար Պատուիրակութեան անդամներում համար ալ ընդունիլ այս բանաձեւը, որ երէկ առաջարկուեցաւ Փաշային համար:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Տիար Բարսեղեան կարծիք մը շիներ է առանց գիտնալու, թէ ի՞նչ անցած-դարձած է Պատուիրակութեան մէջ: Միակ օրինակ մը շատ բան կրնայ յայտնել այս մասին: Արեւմտահայոց՝ Հայաստանի խորհրդարանին մասնակցութեան վերաբերող այն հեռագրին նկատմամբ, որուն ակնարկեց, լուր տարածուեցաւ իրեն համախոհներու կողմէ, որ Փաշան հեռագիրը ղրկեր էր լոկ իր նախաձեռնութեամբ, եւ թէ Պատուիրակութեան միւս անդամները խնդիրը իմացած են հեռագրին ղրկուելէն ետք միայն:

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի առաջարկութեան վրայ, ժողովը որոշեց պահ մը դադրեցնել նիստը եւ խորհրդակցիլ նոր բանաձեւի մը մասին:

Նիստը վերսկսելուն՝ Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս եւ Տիարք Ֆնտգլեան ու Տէօվլէթեան ներկայացուցին նոր բանաձեւ մը: Միւս կողմէ՝ Տիար Տէր-Ստեփանեան յայտարարեց, թէ ինչպէս քանի մը անգամներ ըսած է արդէն, նախորդ օրը շատ աճապարանքով ներկայացուեցան բանաձեւերը, եւ բաւարար ատեն չունեցան անոր համար, մինչդեռ պէտք էր գոնէ օր մը ժամանակ տալու, այլապէս թերեւս կարելի ըլլար փոխել զւսնոնք, եւ այս անպատեհութիւններէն խուսափիլ: Տիար Տէր-Ստեփանեան յարեց, թէ իր բանաձեւն ալ այդ պայմաններուն մէջ դրուած ըլլալով, ետ կ՚առնէ զայն եւ անոր տեղ կը ներկայացնէ նոր բանաձեւ մը:

Տիար Տոքթ. Բարսեղեան ալ յայտարարեց, թէ քանի որ երէկուան բանաձեւէն տարբեր նոր բանաձեւեր կը ներկայացուին, ինք կը պնղէ իր առաջին բանաձեւին վրայ:

Որով Դիւանին յանձնուեցան հետեւեալ երեք բանաձեւերը, եւ որոշուեցաւ կարղալ զանոնք կարգաւ, ու կարգաւ ալ քուէարկել՝ ժամ առաջ խնդիրը փակելու եւ օրակարգի միւս հարցերուն անցնելու համար:

Ա. բանաձեւ.

Համագումարս, լսելով Ազգ. Պատուիրակութեան անցեալ պաշտօնավարութեան համարատուութիւնը, անոր նկատմամբ եղած քնճքյդատութիւնները, Պատուիրակութեան Նախագահին տուած բացատրութիւնները, գնահատելով Ն. Վսեմութեան եւ իր պաշտօնակիցներուն անխոնջ ջանքերն ու գործունէութիւնը եւ յայտնելով իր վստահութիւնը, կանցնի օրակարգին: