Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/637

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է
Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան
Գառնիկ Ֆնտգլեան
Ա. Տէօվլէթեան

Բ. բանաձեւ.

Համագումարը, լսելով Ազգ. Պատուիրակութեան համարատուութիւնը, անոր շուրջ փոխանակուած քննադատութիւններն ու պատասխանները, եւ նկատելով, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը ներքին ու մանաւանդ արտաքին շատ դժուար կացութեան մը առջեւ գտնուած է իր գործունէութեան ընթացքին, կը գնահատէ ընդհանրապէս անոր աշխատանքն ու ջանքերը, ու կանցնի օրակարգին:

Ն. Տէր-Ստեփանեան

Գ. բանաձեւ.

Ազգ. Համագումարը, լսելով Ագգ. Պատոփրակութեան համարատուութիւնը մէկ տարուան իր գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ անոր թեր ու դէմ քննադատութիւններն ու գնահատումները, լսելով նաեւ Ագգ. Պատուիրակութեան Նախագահին եւ անդամներուն պատասխան-բացատրութիւնները, վերջացած կը յայտարարէ այս հարցը եւ կնյնցնի օրակարգի յաջորդ խնդրին:

Տոքթ. Տ. Բարսեղեան
Զ. Պզտիկեան
Ա. Հանըմեան

Այս վերջին բանաձեւը նախապէս ստորագրած էին նաեւ Տիարք Դաւիթ-Բէկ եւ Տէրպէւոէրեան: Տիար Դաւիթ-Պէկ յայտարարեց, թէ կը վերապահէ իր որոշումը, իսկ Տիար Տէրպէտէրեան նախապէս հարցուց, թէ Տիար Տէր-Ստեփանեան ի՞նչ կը հասկնայ իր բանաձեւին մէջ գործածուած «կը գնաեատէ ընդհանրապէս» խօսքէն: Տիար Տէր-Ստեփանեանի բացատրութեան վրայ, թէ կը նշանակէ «գնահատել ընդհանուր առումով», Տիար Տէրպէտէրեան յայտարարեց, թէ ինք ալ այլեւս պէտք չի տեսներ Տիար Բարսեղեանի բանաձեւին միանալու, նախապատիւ նկատելով Տիար Տէր-Ստեփանեանի բանաձեւը:

Տիարք Զաքարիա Պզտիկեան եւ Դաւիթ-Բէկ առաջարկեցին, որ այս բանաձեւերուն քուէարկութիւնը յետաձգուի յաջորդ նիստին, որպէսզի հապճեպ գործոդութիւն մը չըլլայ:

Այս առաջարկը քուէարկութեան դրուելով, Համագումարը որոշեց յետաձգեւ բանաձեւին քուէարկութիւնը: Քուէարկութեան տեղ, սակայն, Տիար Տէր-Ստեփանեան ուզեց գիտնալ, թէ ի՞նչ է Պատ.-թեան մտածումը:

Տիար Արշակ Չօպանեան յայտարարեց, որ եթէ բանաձեւը քուէարկուի ալ՝ Պատուիրակութեան ներկայ եղող անդամները չպիտի կրնան, առանց Նախագահին հետ խորհրդակցելու, ընդունիլ կամ մերժել քուէարկուած բանաձեւը, եւ առաջարկեց, որ նոր կայացուած բանաձեւերը նախապէս հաղորդուին Պատուիրակութեան Նախագահին:

Համագումարը համամիտ գտնուեցաւ այս առաջարկին, չեղեալ նկատեց բանաձեւն անմիջապէս քուէի դնելու մասին տրուած որոշումը, եւ յաջորդ նիստին թողուց բանաձեւերոլ քուէարկութիւնը, որոշելով որ անոնք նախապէս ներկայացուին Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպարի:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 7 1/2-ին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1. գ. 64, թթ. 1-13: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ ԺԸ

16 Յունիս 1920 ժամը 5-ին,

նախագահութեամբ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեանի: